Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեան` Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

April 15, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-14-15_haigՀայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ երեքշաբթի, 14 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայկազեան համալսարան, ապա հանդիպում ունեցաւ համալսարանի ուսանողներուն հետ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ողջոյնի խօսքով իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հայկազեանի երդիքին տակ հիւրընկալելով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը: Ան նշեց, որ լիբանանահայութեան համար էական է ոչ միայն խօսիլ մայր հայրենիքի մասին, այլեւ հետեւիլ անոր բարօրութեան, մասնակցիլ անոր զարգացման եւ բարգաւաճման հոլովոյթին:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան նշեց, որ հզօր  հայրենիքը կ՛ենթադրէ ատակ միտք, հաւատարմութիւն, պատիւ, խիզախութիւն եւ վեհանձնութիւն, որոնք բոլորն ալ կը շաղկապուին նախարարին անձնաւորութեան մէջ: Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Մեր երիտասարդ սերունդին գիտութիւն տալով կ՛աշխատինք եւ կը պատրաստուինք կերտել հայ ժողովուրդի ապագան»:

Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ պատիւ է իրեն համար լիբանանահայութեան ներկայացնել Հայաստանն ու հայոց բանակը, ապա ակնարկեց հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններուն, որոնք ունին տարբեր մարզեր, ինչպէս` տնտեսական, պատմամշակութային, իսկ վերջերս կարելի եղած է իրականացնել համագործակցութիւն` անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մարզերուն մէջ:

Ան օրինակելի նկատեց Լիբանանի հայ գաղութը եւ կարեւոր նկատեց այն փաստը, որ տասնամեակներ շարունակ հայութիւնը ունեցած է արարելու, զարգանալու եւ բարգաւաճելու բոլոր կարելիութիւնները միւս ազգերուն հետ համատեղ ու համերաշխ, եւ այս բոլորին իբրեւ երախտագիտութիւն հայ խաղաղապահ զինուորները ներկայ են ապահովելու Լիբանանի անվտանգութիւնը:

Նախարարը ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին մեր դրացի երկիրներու յաճախակի ճնշումները մեզ ստիպած են ինքնապաշտպանուիլ, եւ այս մարզին մէջ ունեցած ենք փորձ, ռազմական գիտութիւն, որուն մասին կը վկայէ մեր արագ կազմաւորուած 23 տարեկան երիտասարդ, բայց փորձառու բանակը, ապա հաստատեց, որ ոչ մէկ կոչում կամ շքանշան համազօր է այն յարգանքին, որ կը տածէ հայ ժողովուրդը հայոց բանակին նկատմամբ: Երբ կայ սէր, հաստատ հայ զինուորը կը նուիրուի ժողովուրդի ծառայութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, նկատել տուաւ նախարարը:

Պաշտպանութեան նախարարը բարձր գնահատեց Հայկազեան համալսարանի դերն ու առաքելութիւնը հայապահպանութեան գործին եւ մանաւանդ սերունդներու կրթութեան ու ուսուցման մարզին մէջ: Ան ըսաւ, որ շնորհիւ մեծանուն մարդոց, մենք կրցած ենք կերտել մեր պատմութիւնը, եւ ունենալ պետութիւն, հայրենիք, մինչ բազմաթիւ ազգեր այսօր կը մնան անհայրենիք:

Ան կարեւոր նկատեց կրթութեան չափորոշիչները, որոնք հիմք կը ստեղծեն զարգացման ու արարման, եւ որոնք անհրաժեշտ են նաեւ իրականացնելու երկրի խելացի պաշտպանութիւնը:

Նախարարը ակնարկեց  1988-էն 1992 տարիներուն, արցախեան ազատագրական պայքարին, ապա անկախութեան կերտման` հաստատելով, որ ամէն գնով կերտուած է պետութիւն` իշխանութեան բոլոր թեւերով եւ այնպիսի կառավարումով, որ կ՛ապահովէ երկրի զարգացումը: Ան ըսաւ, որ արցախեան գոյամարտի յաղթանակներուն շնորհիւ հայութիւնը յաջողած է իր դերն ու տեղը ունենալ երկրագունդին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի հայոց բանակին, ան հաստատեց, որ հայոց բանակը Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացող եւ օրինակելի այն կառոյցն է, որուն հիմնական խնդիրներէն է ուսուցումը, կարգապահութիւնը, զինուորական վարպետութեան վարժեցումը, հմտութեան եւ ունակութեան ապահովումը:

Մինչ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումը վերածնունդի խորհուրդը պէտք է ընդգրկէ, բանակի պարտականութիւնը այս ոգեկոչման միջոցառումներուն զգօնութիւնը ապահովելն է եւ առաջին գիծի մարտունակութիւնը պահելը, ըսաւ ան, ապա եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով. «Գրագիտութեամբ, հզօրանալով եւ գերազանցելով պէտք է շարունակենք աշխատանքը: Առաջ երթալու համար պարտաւոր ենք լսել մեր մեծերուն, պահել անցեալի մեր աւանդութիւնները եւ անոնց վրայ աւելցնել ձեռք բերած մեր նոր գիտութիւնը: Յառաջ երթալու եւ յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է հայութեան միասնակամութիւնը»:

Հանդիպումի աւարտին պաշտպանութեան նախարարը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն, ապա պաշտպանութեան նախարարութեան խորհրդանիշը` արծիւը, իբրեւ յուշանուէր նուիրեց Հայկազեան համալսարանին` զայն յանձնելով վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումները Վատիկանի Բարձրաստիճան Պատասխանատուներուն Հետ

Յաջորդը

Գերմանիոյ Քէօլըն Քաղաքին Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին «Սիսթըմ Աֆ Է Տաուն» Խումբի Բազմահազարանոց Համերգը

RelatedPosts

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Տեառնընդառաջի Նախատօնակ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

February 14, 2026
Լիբանանահութեան Եւ Արցախահայութեան Ծառայութեան Մէջ Իր Ուրոյն Ներդրումը Ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակի Ոգեկոչում
Գաղութային

Լիբանանահութեան Եւ Արցախահայութեան Ծառայութեան Մէջ Իր Ուրոյն Ներդրումը Ունեցած Մասիս Ալեքսանդրեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

February 14, 2026
Այժմէական Չորս Հրատարակութիւն՝ Կաթողիկսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Ճամբով
Գաղութային

Այժմէական Չորս Հրատարակութիւն՝ Կաթողիկսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ի Ճամբով

February 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.