Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանին Հետ

Ապրիլ 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-15-15_Arm-National-CommitteՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսի եւ փոխդեսպան-հիւպատոս Քիրիաքոս Փոկիացիսի հետ:

Բարեկամական եւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ 45 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, անդրադառնալով 2 ապրիլին Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման, յայտնեց, որ

Թուրքիոյ կողմէ ներխուժումն ու Կիպրոսի հիւսիսային հատուածի բռնագրաւումը ճաշակած կիպրացի եղբայրական ժողովուրդի ներկայացուցիչները, քաջատեղեակ ըլլալով թրքական պետութեան յարձակողապաշտ եւ ժխտողական քաղաքականութեան, չէին կրնար Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման երեւոյթին նկատմամբ անտարբեր մնալ:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը ողջունեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան որդեգրած պատմական որոշումը` նշելով, որ նշեալ օրէնքին միաձայնութեամբ որդեգրումը կու գայ վկայելու ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին նկատմամբ Կիպրոսի աներկբայ յանձնառութեան մասին:

ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին որդեգրուած այս որոշումը կը նկատէ խորհուրդ պարունակող կարեւոր իրադարձութիւն մը եւ պատմական անվիճելի ճշմարտութիւնները վերահաստատող նշանակալից քայլ մը, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կիպրոսի եղբայրական ժողովուրդին ու կառավարութեան:

Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիս իր կարգին յայտնեց, որ կիպրացի ժողովուրդն ու կառավարութիւնը քաջատեղեակ են Հայոց ցեղասպանութեան, եւ բարձր գնահատեց կիպրահայերու ներդրումը Կիպրոսի զարգացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ:

Ան նշեց, որ 1974-ին թրքական բանակի Կիպրոս ներխուժման պատճառով Հիւսիսային Կիպրոսի յոյն կիպրացիները բռնի տեղահանումի ենթարկուած են` իրենց ետին ձգելով ամէն բան: Շատեր ձերբակալուելով բանտարկուած են Թուրքիոյ մէջ: Անոնցմէ ոմանք վերադարձած են, իսկ ուրիշներու ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անյայտ:

Դեսպան Մաւրոմաթիս յայտնեց, որ մարդ չի կրնար իր ընտանիքը կամ դրացին ընտրել` նշելով, որ Թուրքիան «մեր» դրացին է, սակայն պէտք է ընդունի իր գործած յանցանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր հետ բնականոն յարաբերութիւններ մշակել:

Հանդիպումի աւարտին դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնեց ներկայ գտնուելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Ապրիլի 24-ին Ընդառաջ Եւ Դրանից Յետոյ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեան

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?