Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Բեմ Հանեց «Կոթողական» Թատերախաղը

Ապրիլ 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-10-15_tadՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 10 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը թատերասէր հանրութեան ներկայացաւ 2010-ին գրուած այժմէական գործով մը` Լոռն Շիրինեանի «Կոթողական» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, հովանաւորութեամբ`  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին:

Բեմը, որ ծածկուած էր աւազով, կը ներկայացնէր անապատը: Նիւթը` Ցեղասպանութեան մասին երկու տարբեր տեսակէտներու բախումն էր: Արագը` Վարդան Մկրտիչեան, դասական տեսանկիւնէ կը դիտէր Ցեղասպանութիւնը, մինչ Պետը` Հրայր Գալեմքերեան, յառաջապահ, յեղափոխական, երիտասարդական եւ նոր մտածելակերպով կը տեսնէր զայն: Անշուշտ երկուքին նպատակն ալ նոյնն էր. Ցեղասպանութեան ճանաչում, պահանջատիրութիւն, եւ այլն: Արդարեւ, այդ երկու տեսակէտներուն բախումը աւարտեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող մը կանգնեցնելով:

Թատերախաղին մէջ յայտնուեցաւ նաեւ երիտասարդ պարմանուհի մը Կալին` Հերմինէ Նիւրբեթլեան, որ իր աւարտաճառը կը պատրաստէր մշակութային մահաբանութեան մասին եւ կ՛ուսումնասիրէր այն խումբերը, որոնք ողբերգութիւն մը ունեցած են եւ թէ անոնք ինչպէ՛ս կը տեսնեն իրենց մշակոյթին մահը եւ ի՛նչ կ՛ընեն անոր դէմ կենալու համար: Ան եկած էր Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն մասին տեղեկութիւններ քաղելու:

Արդարեւ, բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան իր շուրջ համախմբելով արհեստավարժ դերասաններ Վարդան Մկրտիչեան, Հրայր Գալեմքերեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան, մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ կրցաւ գրաւել հանդիսատեսին ուշադրութիւնը եւ փոխանցել Ցեղասպանութեան հետեւանքով ունեցած բոլոր այն զգացումները, որ ապրեցան դերասանները բեմին վրայ:

Ելոյթները  կը  շարունակուին այսօր` շաբաթ, վաղը`  կիրակի (կալա), ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ուրբաթ, 17, շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով «Լիպան Փոսթ» Յիշատակի Բացիկ Հրապարակեց

Յաջորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ. «Պոլսոյ Հայերուն Հետ Զրոյց»-ը Լուսարձակները Կեդրոնացուց Պոլսահայ Համայնքի Դժուարութիւններուն Վրայ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?