Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Ս. Զատկուան յաջորդող կիրակին` 12 ապրիլ 2015-ին, յատուկ արարողութեամբ եւ արժանավայել ձեւով նշուեցաւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:
Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ եկեղեցի փութացող հաւատացեալներու շարքերը ջերմ ու հոգեպարար մթնոլորտ ստեղծեցին Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր յաւուր պատշաճի օրհնութեան խօսքը փոխանցեց ու պատարագի արարողութեան հանդիսապետեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Յաւարտ Ս. պատարագի արարողութեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր մատաղօրհնէք, որմէ ետք հաւատացեալներուն բաշխուեցաւ թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած աւանդական «հերիսա»-ն: Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ կարճ դադարէ եւ հիւրասիրութենէ ետք, ներկաները հրաւիրուեցան Ժունիէի «Ֆինիք» ճաշարանը` սիրոյ սեղանին շուրջ:
Թաղական խորհուրդի անդամ Վարուժ Խանճեան իբրեւ հանդիսավար ողջունեց ներկաները` մերթ ընդ մերթ խօսքը փոխանցելով ելոյթ ունեցող անձնաւորութիւններուն:
Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները` նշելով, որ հայ ժողովուրդի աւանդութիւններուն հետեւելով, հաւատացեալներ կ՛աղօթեն առ Աստուած, ապա սիրոյ սեղանին շուրջ իրենց մուրազը, փափաքը, խնդրանքը կը ներկայացնեն: «Ասիկա առիթ կը հանդիսանայ, որ մենք զօրանանք մեր հաւատքին մէջ, մեր ինքնութեան, հայրենակերտման մեր հաւատքին մէջ», ըսաւ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան եւ աւելցուց, «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին իրաւունք չունինք չխօսելու այս մասին, որովհետեւ անիկա մեր կեանքին իմաստ տուող խորհուրդն է»: «Այսօր հայ ըլլալ կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ, յեղափոխական ըլլալ, բռունցք ունենալ, ժողովուրդի բարօրութեան ու անկախութեան համար աշխատող յեղափոխական ըլլալ», ընդգծեց հայր սուրբը:
Խօսք առաւ նաեւ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան, որ ողջունելէ ետք հոգեւոր հայրերն ու հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ թաղական խորհուրդի կազմին, «որուն անդամները ճիգ չխնայեցին մեր ծխական շրջանին բարօրութիւնը եւ ընկերային բարգաւաճումը երաշխաւորելու իմաստով»: «Մեր կարգին, անոնցմէ ստացած ըլլալով այդ երթը շարունակելու պարտականութիւնը, կու գանք յայտնելու մեր վճռակամ յանձնառութիւնը` խոստանալով մշակել նորանոր ծրագիրներ եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ գործադրել զանոնք», ըսաւ Մեսրոպեան` պատրաստակամութիւն յայտնելով Լիբանանի տարածքին մեծագոյնը եղող ծխական այս շրջանին մէջ գործել` յաղթահարելով ցցուող խոչընդոտները եւ քայլ պահելով ներկայ ժամանակներու գրաւականներուն հետ: Այս առիթով ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան ըսաւ. «Թոյլ տուէք իմ եւ թաղական խորհուրդին անունով մեր որդիական ջերմ ակնածանքը յայտնել այս պահուս երկրէն դուրս գտնուող առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին եւ անոր աջակից Ազգային իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն, որոնք մշտապէս կը սատարեն թաղական խորհուրդներու կազմերուն»: Մեսրոպեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ եկեղեցւոյ նեցուկ կանգնող քաղաքապետութիւններուն եւ բարերարներուն, որոնք, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս եկան փաստելու, որ իրենց ազգային պարտականութեան տէր կը կանգնին եւ շինարար ներդրումով կ՛օժանդակեն եկեղեցւոյ պայծառութեան երթին: Թաղական խորհուրդի ատենապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ շրջանի ծխատէր երեք քահանայ հայրերուն` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին, Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեանին եւ Սիմէոն քհնյ. Կարապետեանին:
Ատենապետ Յակոբ Մեսրոպեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պիքֆայայի դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանին, որ «ձեռնհասօրէն եւ արժանավայել ձեւով կատարեց մեր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան մատաղօրհնէքը»:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որ վեր առաւ Ս. Յարութեան տօնին իմաստը` նշելով, որ Ս. Զատկուան յաջորդող կիրակին կը կոչուի «կրկնազատիկ»: Տէր հայրը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ անջնջելի կերպով դրոշմուած է Ապրիլ 24-ը: «Մենք հոս ուխտեալ ժողովուրդ ենք, յարութեան ժողովուրդ ենք ու եկած ենք վերանորոգելու մեր ուխտը», ըսաւ տէր հայրը:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեան ամոլը երգով ու նուագով խանդավառեցին մթնոլորտը` նուագակցութեամբ Լիւսիի: Նմանապէս, այս առիթով հիւրաբար հրաւիրուած ծանօթ երգիչ Կարօ Կապուտակեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ իր մեկնաբանած «Զօրակցինք միասին» երգին տեսերիզը եւ ազգային երգերով խանդավառեց մթնոլորտը: Ժողովրդային երգերով ելոյթ ունեցան նաեւ երգիչներ Յակոբ Տէր Դաւիթեան եւ Սարգիս Հարմանտայեան: