Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ականներու Ուխտագնացութիւնը Դէպի Այնթուրա

April 15, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-14-15_ainՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ ուխտի գացին Այնթուրայի երբեմնի որբանոցը, ուր որբերուն կեանքը անարդար եղաւ: Կարծես իրենց աղիողորմ կանչերը կը զարնուէին մեր ականջներու թաղանթներուն եւ մեր հոգիները կ՛ալեկոծէին ի լուր իրենց սրտաճմլիկ աղաղակներուն: Կը հաղորդուէինք որբանոցին վերեւ թեւածող մատղաշ հոգիներուն հետ…

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 13 ապրիլ 2015-ին ուխտագնացութիւն մը տեղի ունեցաւ դէպի Այնթուրա:

Յասմիկ Գէորգեան ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բարի գալուստի իր խօսքին մէջ բնութագրեց հայու ապրելու կամքին զօրութիւնը` ըսելով. «Հայը 100 տարի առաջ ապրեցաւ արհաւիրքի մէջ, թուրքը փորձեց ոչնչացնել, սակայն հայը չոչնչացաւ, այլ յարութիւն առաւ, վերապրեցաւ: Այսօր հոս ենք` ոգեկոչելու մեր նահատակներուն յիշատակը, ըսելու, որ պահանջատէր ենք մեր իրաւունքներուն»: Յասմիկ Գէորգեան ըսաւ, որ որբանոց բերուած էին գաղթի ճամբաներուն վրայ որբացած 800 մանուկներ: «Չդիմանալով թուրք զինուորներու վայրագ վերաբերմունքին, հեղձուցիչ տաքին, անօթութեան ու ծարաւին, 300 փոքրիկներ մահացան այս շրջափակին մէջ: Հակառակ անոնց անչափահաս տարիքին, անոնք դիմեցին ամէն տեսակի հնարքի, որոշած էին գոյատեւել իբրեւ հայ եւ իրենց վրէժը լուծել: Ցերեկը թուրք էին, գիշերը` հայ», ըսաւ Գէորգեան:

Ապա ան խօսքը փոխանցեց Մայտա Քիւրեճեանին:

Մայտա Քիւրեճեան, որ շատ մօտէն հետեւած էր Այնթուրայի որբանոցին յայտնաբերման, խօսեցաւ այն որբերուն մասին, որոնց ծնողները գաղթի ճամբուն վրայ չդիմանալով անապատի հեղձուցիչ տաքին, սովին, թուրք զինուորներուն անմարդկային վարուելակերպին, մահացած էին: Այնթուրան կը դառնայ թրքական որբանոցներէն յոռեգոյնը, այստեղ հայ որբերը հարուածներ կը ստանային իրենց ոտքերէն, ապա այդ ոտքերը կը դնէին տաք ջուրի մէջ, որպէսզի աւելի ցաւին, կամ ժամերով արեւուն նայիլ կու տային մանուկներուն: Անօթի կը ձգէին եւ այդ որբերը իրենց  մեռած ընկերներուն ոսկորները խաշելով ապուր կը պատրաստէին, որ քաղցած չմեռնէին: Թուրք ուսուցիչներ կը բերէին թրքացնելու այդ անտէր մանուկները, անոնց անունները կը փոխէին եւ թրքական անուններով կը կանչէին զանոնք:

Ապա իբրեւ խօսուն վկայ Մայտա Քիւրեճեան տուաւ անունը Գառնիկ Բանեանին, որ գրի առած է եւ վկայակոչած իր ապրած դժոխային օրերը Այնթուրայի մէջ:

1993-ին Այնթուրայի քոլեճէ բաժինի մը նորոգութեան ընթացքին երեւան կ՛ելլեն հայ որբերու աճիւնները: Քոլեճի պատասխանատուները իրենց միաբանութեան գերեզմանատան մէկ անկիւնը կ՛ամփոփեն աճիւնները: Հետագային անոնց վրայ կը դրուի յուշակոթող մը, որուն վրայ գրուած է. «Ի յիշատակ հայ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին օսմանեան իշխանութեան գործադրած ցեղասպանութեան, աստ հանգչին հայ որբուկները»:

Ապա ուխտաւորները մտան եկեղեցի, որ այս օրուան համար յատուկ արտօնութեամբ բացուած էր Այնթուրայի միաբանութեան կողմէ, եւ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, որ ժողովուրդին հետ եկած է ուխտագնացութեան, կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ուխտաւորները երկիւղածութեամբ աղօթելով հետեւեցան շարականներուն:

Հոգեհանգիստէն ետք ուխտագնացները բարձրացան նահատակ որբերու գերեզմանը` մոմ վառելու, խունկ ծխելու եւ ծաղիկներ զետեղելու համար անոնց բազմաչարչար աճիւններու հողակոյտերուն վրայ:

Խունկ ու աղօթք անոնց բազմաչարչար կեանքին:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Արժանավայել Նշում` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.