Անցեալ շաբաթավերջին «Ազդակ» յաջողեցաւ կապ հաստատել Հալէպի իր գործընկերներուն հետ, որոնք հաստատեցին, որ Սուլէյմանիէ թաղամասի վերջին ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք վնասուած է «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, ուր ժամանակաւորապէս փոխադրուած էր Հալէպի Ազգային առաջնորդարանը:
Մեր վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, կան հայ վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Աւելի ուշ, Հալէպի մէջ մեր աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասին վրայ կատարուած ռմբակոծումներուն հետեւանքով արձանագրուած են 9 մեռեալներ եւ տասնեակ մը վիրաւորներ: Շրջանը կը ներառէ արաբ եւ հայ բնակիչներու բնակարաններ եւ աշխատանոցներ, հրթիռները ինկած են Քալլաս թաղամասին վրայ, դէպի Թելեֆոն Հաուայի տանող թաղամասը, Պալեան դպրոցի եւ «Ս. Վրացեան» կեդրոնի թաղամաս: Հայ վիրաւորներուն թիւը 5 է, որոնցմէ 2-ը ծանր վիճակի մէջ են եւ բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուին:
«Հալէպի Մէջ Իրավիճակը Կը Մնայ Անհանգիստ»
Յայտնեց Ժիրայր Ռէյիսեան
Կիրակի եւ երէկ առաւօտեան Հալէպի մէջ ռմբակոծումները շարունակուած են:
Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ ժողովուրդին մէջ անորոշութեան եւ վախի զգացում կը տիրէ:
Ռէյիսեան նաեւ նշեց, որ առաջնորդարանի շէնքը քարուքանդ եղած է եւ անգործածելի է: Առաջնորդարանը մինչ այդ տեղափոխուած էր Սուլէյմանիէ թաղամասի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն:
Զոհերու շարքին հայեր չկան, սակայն քանի մը վիրաւորներ կան, անոնց կարգին` 11-ամեայ աղջնակ մը: Վիրաւորները բժիշկներու հսկողութեան տակ են, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:
«Քաղաքին մէջ ելեկտրական հոսանքը եւ ջուրը ընդհատումներով կը հասնի, անկայուն վիճակ է», նշեց Ռէյիսեան