Գաղութային

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2015 թուականի մայիսի 26-ի թիւ 413-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: 13031,  12956, 12646, 13025, 12669, 13072, 12891, 12890, 13097, 12754, 12780, 13148, 12918, 10816, 13051, 12884, 13065, 13064, 12771, 12770, 12895, 12665, 12915, 12661, 12662, 12926, 13141, 12774, 13037, 12432, 13094, 13043, 12523, 12826, 12527,...

Փրոֆ. Յարութ Արմենեան Այցելեց «Ազդակ»

Փրոֆ. Յարութ Արմենեան Այցելեց «Ազդակ»

Այս առտու «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց հասարակական առողջապահութեան մարզին մէջ հեղինակաւոր անուն , Երեւանի ամերիկեան համալսարանի կայացման մէջ մեծ աւանդ ունեցած փրոֆ. Յարութ Արմենեան։ Փրոֆ. Արմենեան տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ զրուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան ոլորտին, գիւղական շրջաններու զարգացման եւ հասարակական առողջապահութեան համաշխարհային խնդիրներուն մասին։ Օգտուելով փրոֆ. Արմենեանի այցելութենէն, «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ։ Հարցազրոյցը յաառջիկայ...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 108.  Վաչէ Բրուտեան Ներկայացուց «Միջազգային  Մամուլն Ու Միջին Արեւելքի Իրադարձութիւններու  Լուսաբանման Խնդիրները» Նիւթը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 108. Վաչէ Բրուտեան Ներկայացուց «Միջազգային Մամուլն Ու Միջին Արեւելքի Իրադարձութիւններու Լուսաբանման Խնդիրները» Նիւթը

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ 108-րդ մամլոյ լսարանը «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս լրատուամիջոցները կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենան Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններու եւ տարբեր բնոյթ կրող բախումներու լուսաբանման մէջ, եւ թէ համաձայն իւրաքանչիւր երկրի աշխարհաքաղաքական...

«Վանայ Ձայն».  «Մենք Մեր Ճիգերը Միացնելով Ընկերային  Ցանցերուն Վրայ Պէտք Է Կատարենք Առարկայական  Քննարկումներ` Ստեղծելով Համապատասխան  Հարազատ Հայկական Տարածք»  «Բաց Քննարկում»-ի 4-րդ Յայտագիրին  Ընթացքին Հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան

«Վանայ Ձայն». «Մենք Մեր Ճիգերը Միացնելով Ընկերային Ցանցերուն Վրայ Պէտք Է Կատարենք Առարկայական Քննարկումներ` Ստեղծելով Համապատասխան Հարազատ Հայկական Տարածք» «Բաց Քննարկում»-ի 4-րդ Յայտագիրին Ընթացքին Հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան

Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի Երէկ` հինգշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի 4-րդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր «Հայկական իրականութեան մէջ ընկերային ցանցերու դրական եւ ժխտական ազդակները»: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Յայտագիրի գլխաւոր հիւրն էր Համազգայինի Գրատարածի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքի սկզբնաւորութեան շեշտեց, որ «Բաց քննարկում» յայտագիրը կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին արդէն ժողովուրդին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հարցով ՄԱԿ-ի Յատուկ  Պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հարցով ՄԱԿ-ի Յատուկ Պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի Հետ

Երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ: Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան ու վերջին զարգացումներուն շուրջ տեղեկութիւններու եւ տեսակէտներու փոխանցումէ ետք, վեհափառ հայրապետը սուրիական հարցին խաղաղ լուծման իր պատկերացումը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով: Արամ Ա. կաթողիկոս նախ շեշտեց սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը` յիշեցնելով,...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Կինը Եւ Առողջութիւնը` Մանկութենէն Մինչեւ Հասուն Տարիք» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կինը Եւ Առողջութիւնը` Մանկութենէն Մինչեւ Հասուն Տարիք» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կինը եւ առողջութիւնը` մանկութենէն մինչեւ հասուն տարիք» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

Երկուշաբթի, 19 հոկտեմբեր 2015-ին, Աթէնք հասնելուն յաջորդ օրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան: Վեհափառ հայրապետը նախ ողջունեց Յունաստանի պետութեան կազմակերպած համագումարը` «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ տարի մը առաջ...

Յարութիւն Թորոսեան Պարգեւատրուեցաւ  Լիբանանի Տեսողական Արուեստի  6-րդ Ցուցահանդէսին Ընթացքին

Յարութիւն Թորոսեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Տեսողական Արուեստի 6-րդ Ցուցահանդէսին Ընթացքին

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի տեսողական արուեստի 6-րդ ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան: Ցուցահանդէսին ներկայ էր արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը: Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան նախագահ Էլիաս Տիպ: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ, որ...

Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Առիթով`  Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց  Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յովհաննէս Հելվաճեանի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք Քրիսթին Սրապոնեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակը: Թատերախաղը կը խօսէր 23-24 տարեկան քահանայ հօր` Տէր Յուսիկի մասին,...

«Գարակէօզեան» Հիմնարկի Բարերարներու Հոգեհանգիստ` Այնճարի Մէջ

Կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, տարիներու աւանդութեան համաձայն, յաւարտ Ս. պատարագին «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլ, Լէյլա եւ Հաուըրտ Գարակէօզեաններու, ինչպէս նաեւ հաստատութեան մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցած տնօրէններու հոգիներու հանգստութեան համար եւ անոնց յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Այնճարի Հայ առաքելական Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, Հայ կաթողիկէ «Ս. Աստուածածին Տիրամօր» եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ` յիշատակի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Մէջ

Կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Աթէնք` ընդառաջելով Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրին, մասնակցելու Յունաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպուած քրիստոնեայ եւ իսլամ առաջնորդները համախմբող համագումարին: Համագումարին ընդհանուր խորագիրն է` «Կրօններու ու մշակոյթներու խաղաղ գոյակցութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ»: Համագումարին ընթացքին վեհափառ հայրապետը խօսք պիտի առնէ: Վեհափառ հայրապետը Աթէնքի օդակայան հասաւ ընկերակցութեամբ Անտիոքի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազիժի...

Սարգիս Կիրակոսեանին Նուիրուած Ձեռնարկ` Գրողներու Միութեան Կեդրոնին Մէջ

Սարգիս Կիրակոսեանին Նուիրուած Ձեռնարկ` Գրողներու Միութեան Կեդրոնին Մէջ

19 հոկտեմբերին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է լիբանանահայ բանաստեղծ, թարգմանիչ Սարգիս Կիրակոսեանին նուիրուած ձեռնարկ: Տեղի ունեցած է նաեւ անոր վերջին` «Ականեալ ձայներ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը: Ամիսներ առաջ անժամանակ մահացած մտաւորականին, անոր գրական ժառանգութեան անդրադարձած են  գրչակից ընկերները: Անոնք դիտել տուած են, որ Կիրակոսեան ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան երեւելի դէմքերէն էր, շատ հայրենասէր էր, քաջածանօթ էր ինչպէս Պէյրութի, այնպէս...

Գործակցաբար Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետութեան.  «Էլ. Պի. Սի.» Պատկերասփիւռի Կայանին  Կազմակերպած Ընկերային Պահը`  Շրջանի Տարեցներուն Համար

Գործակցաբար Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. «Էլ. Պի. Սի.» Պատկերասփիւռի Կայանին Կազմակերպած Ընկերային Պահը` Շրջանի Տարեցներուն Համար

Շաբաթ, 17 հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ տարեցներու համար ճաշկերոյթ: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ, գործակցաբար` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Արդարեւ, 225 ծերունիներ, հայ թէ ոչ հայ համայնքներէ, հիւրասիրուեցան «Էլ.Պի. Սի.»-ի կողմէ, որ յառաջիկայ օրերուն սոյն ձեռնարկը պիտի սփռէ տեղական յայտագիրի մը ընդմէջէն: Ձեռնարկը կը նպատակադրէր հայ թէ ոչ...

Մուսա Լերան Հերոսամարտէն Ազատած  Եւ Եգիպտոս Ապաստանած Գաղթականներու  Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշակոթողի Վերաբացում

Մուսա Լերան Հերոսամարտէն Ազատած Եւ Եգիպտոս Ապաստանած Գաղթականներու Յիշատակը Յաւերժացնող Յուշակոթողի Վերաբացում

Եգիպտահայութեան նախաձեռնութեամբ, 16 հոկտեմբերին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ վերաբացումը  Մուսա Լերան հերոսամարտէն ազատած եւ 1915-1919 թուականներուն Եգիպտոս (Փոր Սայիտ) ապաստանած գաղթականներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին: Նախաձեռնութեան ներկայ էին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդ հայրերը, Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Եգիպտոսի տարբեր շրջաններէ հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ: Բացման...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  ՀԵՀՈՄ-ի Նորընտիր Վարչութիւնը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի Նորընտիր Վարչութիւնը

Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Նշան վրդ. Լախոյեան, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ընտրութեան հոլովոյթն ու նոր վարչական անդամներուն պարտականութիւնները: Ապա, միութեան ատենապետ Յովիկ Յակոբեան, վեհափառ հայրապետին ներկայացուց ՀԵՀՈՄ-ի տարեկան ծրագիրը: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նոր վարչութեան ընտրութիւնը եւ ապա անդրադարձաւ ընդհանրապէս հայութեան...

Համալսարանական Վաղամեռիկ Փայլուն  Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի  Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Ոգեկոչում

Համալսարանական Վաղամեռիկ Փայլուն Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Ոգեկոչում

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ համալսարանաւարտ վաղամեռիկ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԴ. տարելիցին առիթով: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակը մեզ համախմբած է, որպէսզի...

Հալէպահայութեան Առօրեայէն.  Նոր Գիւղ-Սիւլէյմանիէ- Սէյրաֆի Շրջանը  Հրթիռակոծութիւններու Թիրախ Դարձաւ.  Մայր Ու Որդի Վերա  Եւ Յարութ Կէնտիմեաններ Զոհուեցան

Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Նոր Գիւղ-Սիւլէյմանիէ- Սէյրաֆի Շրջանը Հրթիռակոծութիւններու Թիրախ Դարձաւ. Մայր Ու Որդի Վերա Եւ Յարութ Կէնտիմեաններ Զոհուեցան

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ 16 հոկտեմբերէն 17 հոկտեմբեր լուսցող գիշերուան ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ մեծամասնութեամբ հայաբնակ Սիւլէյմանիէ-Նոր Գիւղ-Սէյրաֆի (Գափրի) շրջանը: Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, զոհուածներուն կարգին են մայր ու որդի` 1956-ի ծնունդ Վերա Կոստանեան-Կէնտիմեանը եւ 1985-ի ծնունդ Յարութ Կէնտիմեանը, իսկ վիրաւորուածներուն կարգին էր Դաւիթ Տէր Մեսրոպեան, որ անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ...

Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի  Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան.  Գրական Ընթերցումներ` Գրիգոր Պըլտեանի  «Տեղագրութիւն» Եւ «Մանտրաներ» Գիրքերէն

Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան. Գրական Ընթերցումներ` Գրիգոր Պըլտեանի «Տեղագրութիւն» Եւ «Մանտրաներ» Գիրքերէն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցան գրական ընթերցումներ Գրիգոր Պըլտեանի իր «Տեղագրութիւն» եւ «Մանտրաներ» գիրքերէն` ներկայութեամբ ընթերցասէր համեստ խմբակի մը: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան: Ան ուրախութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ գրական այս հանդիպումը Գրիգոր Պըլտեանի գրական ձեռնարկներուն վերջինը կը նկատուի Պէյրութի մէջ: Ապա...

Երեւանի Մէջ.  Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատերախումբը Կը Մասնակցի  «Հայ Ֆեսթ» Փառատօնին

Երեւանի Մէջ. Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Մասնակցի «Հայ Ֆեսթ» Փառատօնին

1-10 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Ֆեսթ» փառատօնը, որուն առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը: Արդարեւ, կիրակի, 4 հոկտեմբերին, Համազգայինի բեմին վրայ թատերախումբը ներկայացուց Լոռն Շիրինեանի «Կոթողական» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, մասնակցութեամբ` գաղութի հանրածանօթ դերասաններ Վարդան Մկրտիչեանի, Հրայր Գալեմքերեանի եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեանի: Առ այդ, անոնց ունեցած փորձառութեան մասին տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով, «Ազդակ» հանդիպում ունեցաւ...

Հայկազեանի Հիմնադիրներու Օր

Հայկազեանի Հիմնադիրներու Օր

Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերին Հայկազեան համալսարանը նշեց իր հիմնադրութեան օրը` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, դասախօսական կազմին, պաշտօնէութեան եւ ուսանողներու հոծ բազմութեան: Հանդիսաւոր ձեռնարկին ընթացքին պարգեւատրուեցան Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտներ, որոնք հանրային կեանքին մէջ բարձր պաշտօններ կը վարեն: Պարգեւատրուող շրջանաւարտներն էին` «Քրիստոնեայ երիտասարդներ» միութեան տնօրէն խորհուրդի նախագահ,...

Page 330 of 364 1 … 329 330 331 … 364

Արխիւներ