Գաղութային

Պուրճ Համուտի Մէջ Հայ Մշակոյթի Տօնախմբութիւն` «Սուք Ալ Սուք» Նշանաբանով

Պուրճ Համուտի Մէջ Հայ Մշակոյթի Տօնախմբութիւն` «Սուք Ալ Սուք» Նշանաբանով

Երէկ` կիրակի, 1 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, «Արին» կեդրոնի փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մշակոյթի տօնախմբութիւն` «Սուք ալ սուք» նշանաբանով: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ֆուտ հերիթէյճ ֆաունտէյշըն»-ի ու «Ինվայրընմենթըլ էնտ սըսթէյնըպըլ տիվելոփմընթ եունիթ»-ի եւ համագործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան  տեղի ունեցաւ փառատօն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ եւ ոչ հայ անհատներ եւ միութիւններ: Տաղաւարներուն...

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Ննջեցեալ Բարերարներու Յիշատակի Օր

Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Ննջեցեալ Բարերարներու Յիշատակի Օր

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման եւ օծման 60-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 1 նոյեմբեր 2015-ին, յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ եկեղեցւոյ բոլոր ննջեցեալ բարերարներուն: Պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան ժողովուրդին ուղղուած քարոզին մէջ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կը զուգադիպի եկեղեցւոյ կառուցման 60-ամեակին: Արդարեւ, 3 ապրիլ 1955-ին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 16 հիմերը օծուեցան Ս. միւռոնով, որմէ...

«Համաշխարհային Ա. Պատերազմի  Դժբախտութիւնները» Խորագիրին Տակ.  Կլոր Սեղան` Փաուլօ Քազազեանի  «Պոլսոյ Անգղները» Վէպին Մասին

«Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Դժբախտութիւնները» Խորագիրին Տակ. Կլոր Սեղան` Փաուլօ Քազազեանի «Պոլսոյ Անգղները» Վէպին Մասին

Պէյրութի «Սալոն տիւ Լիվր Ֆրանքոֆոն»-ի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 30 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը  5:00-ին, «Պիել»-ի «Ժըպրան» ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժբախտութիւնները» խորագիրով կլոր սեղանը` Փաուլօ Քազազեանի «Պոլսոյ անգղները» պատմական վէպին վերաբերող: Կլոր սեղանը, որուն մասնակիցներն էին Փաուլօ Քազազեան եւ Ռամզի Սալամէ, վարեց պատմաբան Քրիսթիան Թաութըլ: Անոր բացումը կատարեց Թաութըլ, որ զուգահեռ ձեւով ներկայացուց Լիբանանի եւ...

ԳՈՀԱՐ-ը Հայ Մշակութային Արժէքներու Գոհարներ Հրամցուց Լիբանանահայութեան` Փաստելով, Որ Կարելի Է Գոյատեւել Հայկական Արժէքներով

ԳՈՀԱՐ-ը Հայ Մշակութային Արժէքներու Գոհարներ Հրամցուց Լիբանանահայութեան` Փաստելով, Որ Կարելի Է Գոյատեւել Հայկական Արժէքներով

Հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2015 թուականը լիբանանահայ իրականութեան մէջ պիտի ունենայ իր իւրայատուկ եւ ոսկեզօծ գիրերով փորագրուած տեղն ու արժէքը: Արդարեւ, նոյն օրը երեկոյեան ճիշդ ժամը 8:30-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ հայ երգի, պարի, երաժշտութեան հարազատութիւնն ու դիւթականութիւնը, վեհութիւնն ու ազնուութիւնը, զօրութիւնն ու յուզականութիւնը, ամբողջականութիւնն ու կատարելութիւնը: ԳՈՀԱՐ համոյթն էր այս բոլորին հեղինակն ու փոխանցողը, պատգամողն ու գրաւողը, յուզողն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան: Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ առնչուած քաղաքական հարցեր, եւ այդ ծիրին մէջ հայ համայնքին դերն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Գերմանիոյ եկեղեցիներուն միջեւ...

«Վանայ Ձայն».  «Եկեղեցին Պէտք Է Վերանորոգուի, Ըլլայ Ամուր Եւ Կառչած Մնայ Իր Արժէքներուն, Որպէսզի Աղանդաւորական Շարժումներուն Հետեւորդները, Իբրեւ Եկեղեցւոյ Զաւակներ, Վերադառնան Իրենց Ընտանիքին»  Հաստատեցին «Բաց Քննարկում»-ի  5-րդ Յայտագիրին Զրուցակիցները

«Վանայ Ձայն». «Եկեղեցին Պէտք Է Վերանորոգուի, Ըլլայ Ամուր Եւ Կառչած Մնայ Իր Արժէքներուն, Որպէսզի Աղանդաւորական Շարժումներուն Հետեւորդները, Իբրեւ Եկեղեցւոյ Զաւակներ, Վերադառնան Իրենց Ընտանիքին» Հաստատեցին «Բաց Քննարկում»-ի 5-րդ Յայտագիրին Զրուցակիցները

Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի Երէկ` հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի 5-րդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր «Աղանդաւորական շարժումները եւ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը»: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ աղանդները ե՛ւ հոգեւոր,  ե՛ւ ազգային վտանգներ են, որոնց հոսանքները միշտ ալ դուրսէն եկած են, մեր ընկերութեան մէջ մուտք գործած են եւ պիտի գործեն, այնքան ատեն...

Հայաստանի Նուիրուած Գիտաժողով Եւ Մշակութային Երեկոյ

Հայաստանի Նուիրուած Գիտաժողով Եւ Մշակութային Երեկոյ

27 հոկտեմբերին Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու հարցերը ուսումնասիրող գիտահետազօտական կեդրոնը, գործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինին հետ, կազմակերպեց Հայաստանի նուիրուած գիտաժողով եւ մշակութային երեկոյ: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի մարմինի անդամները, մտաւորականներ, Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի դասախօսներ եւ ուսանողներ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի Հետազօտական կեդրոնի նախագահ...

«Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում  Եւ Կանխարգիլում» Խորագիրով Երիտասարդական  Համագումար Կաթողիկոսարանին Մէջ

«Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում Եւ Կանխարգիլում» Խորագիրով Երիտասարդական Համագումար Կաթողիկոսարանին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին, շաբաթ, 24 հոկտեմբերին «Կիլիկիա» թանգարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութիւններու ճանաչում եւ կանխարգիլում» խորագիրով  երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակցեցան հայ եւ օտար երիտասարդական ու եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները: Համագումարին բացումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ողջունելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը, ընդհանուր ակնարկով...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին եւ գործակցութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, 31 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբեր 2015-ին Լիբանան պիտի այցելէ Երեւանի պետական համալսարանէն 9 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որուն առաքելութիւնն է վերանորոգել լիբանանահայ կարգ մը կառոյցներու հետ հաստատուած համաձայնութիւնները, զարգացնել աշխատանքային նոր գործելադաշտեր, կազմակերպել ժողովրդային լսարաններ, հայ աշակերտութեան ծանօթացնել համալսարանն ու Հայաստանի մէջ ուսման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակութեան...

Սօս Սարգսեանի Նուիրուած  Յուշատախտակի Բացում

Սօս Սարգսեանի Նուիրուած Յուշատախտակի Բացում

Հայ նշանաւոր եւ սիրուած դերասան, ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանի ծննդեան օրը` 24 հոկտեմբերին, Տէրեան 65 հասցէին վրայ բացումը կատարուեցաւ անոր նուիրուած յուշատախտակին, որուն վրայ գրուած էր. «Այս տան մէջ ապրած է ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեանը»: Յուշատախտակի հեղինակ, Հայաստանի մշակոյթի գործիչ Լեւոն Իգիթեան այս առիթով յայտնած է, որ երբ կը պատրաստէր յուշատախտակը, մնայուն կերպով մտքին մէջ ունէր այն իրականութիւնը, որ Սօս...

Հարցազրոյց Վաչէ Բրուտեանի Հետ

Հարցազրոյց Վաչէ Բրուտեանի Հետ

Երէկ` երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հասարակական գործիչ եւ մտաւորական Վաչէ Բրուտեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով մամուլի դերին մասին` Բրուտեան յայտնեց, որ մամուլը տեղեկութիւն տուող, վերլուծող, հանրային կարծիք ու ուղղութիւն ստեղծող է եւ այդ առումով ալ զէնք է: Անոր լուրջ դերակատարութիւն վերապահուած է, իսկ մամուլ ըսելով պէտք չէ...

1915-ին Նահատակուած Քաղդէացիներուն  Նուիրուած Արարողութեան.  «Եկեղեցւոյ Մը Նահատակները  Նաեւ Նահատակներն Են Բոլոր Եկեղեցիներուն»  Հաստատեց Արամ Ա.

1915-ին Նահատակուած Քաղդէացիներուն Նուիրուած Արարողութեան. «Եկեղեցւոյ Մը Նահատակները Նաեւ Նահատակներն Են Բոլոր Եկեղեցիներուն» Հաստատեց Արամ Ա.

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան առընթեր, նաեւ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան քաղդէական եւ ասորական մշակոյթներու հետեւող եկեղեցիներու զաւակները, որոնց զոհերուն թիւը կը հասնի շուրջ կէս միլիոնի: Շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2015-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած էր Քաղդէացիներու Պէյրութի առաջնորդ Միշէլ Քասարժիի կողմէ, ներկայ գտնուելու 1915-ին նահատակուած քաղդէացիներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութեան, որ տեղի...

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Հալէպը Արտաքին Աշխարհին Կապող Միակ Ճանապարհը` Խանասէրը Կը Մնայ Փակ

«Գանձասար» թերթը կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ երկու օրէ ի վեր ելեկտրականութիւնը անջատուած է` ելեկտրամատակարարման կեդրոնի վնասուելուն իբրեւ հետեւանք: Ջուրը եւս անհասանելի է երկու օրէ ի վեր: Հալէպը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը` Խանասէրը ցարդ կը մնայ փակ, որուն իբրեւ հետեւանք վառելանիւթ եւ սննդամթերք չի հասնիր քաղաք: Հալէպ մտնելն ու քաղաքէն դուրս գալը անհնար է: Սննդամթերքի գիները աստիճանաբար կը բարձրանան,...

Վալերի Թորանեանի «Օտարականը»  Գիրքին Նուիրուած Կլոր Սեղան

Վալերի Թորանեանի «Օտարականը» Գիրքին Նուիրուած Կլոր Սեղան

Գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, Պէյրութի «Սալոն տիւ Լիվր Ֆրանքոֆոն»-ի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը  6:00-ին, Պիէլի խորհրդաժողովի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «1915-2015 հարիւրամեայ պայքար» խորագիրով կլոր սեղան ֆրանսահայ գրող Վալերի Թորանեանի «Օտարականը» վէպին վերաբերող: Բացումը կատարեց Քրիսթին Պապիկեան-Ասաֆ, որ նախ հակիրճ կերպով ծանօթացուց Վալերի Թորանեանը, որ 2002-էն 2014 թուականներուն «Էլ» պարբերաթերթի տնօրէն է եւ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի  Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ`  Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ` Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 25 հոկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ` Ս. Աստուածածին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս. Նշան, Ս. Յարութիւն (Ռըմէյլ), Ս. Յարութիւն (Ժունիէ), Սրբոց Վարդանանց, Ս. Գէորգ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ Ս. Յակոբ, տեղի ունեցաւ 100 մանուկներու մկրտութիւն` սրբալոյս նոր միւռոնով: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետը ստանձնած էր կնքահօր պաշտօնը, իսկ տիկնանց յանձնախումբի...

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութիւն.  «Քրիստոնեային Համար Քրիստոսն Ու  Իր Խաչափայտը Կը Մնան Կեանքի  Մեծութիւն Եւ Առաջնորդութիւն»  Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն. «Քրիստոնեային Համար Քրիստոսն Ու Իր Խաչափայտը Կը Մնան Կեանքի Մեծութիւն Եւ Առաջնորդութիւն» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Շաբաթավերջը կը զուգադիպէր Գիւտ Խաչի տօնին, որ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն է: Առ այդ, այս առիթին նուիրուած տօնախմբութիւնը սկսաւ շաբաթ, 24 հոկտեմբերի առաւօտեան` ոչխարներու զենումով, որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանի աղօթքը, ապա մատաղի պատրաստութիւնը` որ տեւեց մինչեւ երեկոյ: Տօնախմբութեան ծիրին մէջ, հովանաւորութեամբ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, շաբաթ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի...

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Գաղափարի Մարտիկ  Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման  Եւ Նահատակութեան 30-Ամեակին Առիթով

Յիշատակի Հանդիսութիւն` Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Առեւանգման Եւ Նահատակութեան 30-Ամեակին Առիթով

Երէկ երեսուն տարի առաջ անարգօրէն առեւանգուած եւ նահատակուած` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ,  գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի յիշատակի հանդիսութիւնն էր: Բեմէն նահատակ ընկերոջ խօսքն ու շունչը կը պատգամէին հանդիսատեսին. «Թօթափել մեր եսակեդրոն անհատապաշտութիւնը եւ փոխարէնը զարգացնել հաւաքական մեր գիտակցութեան ու գործունէութեան կամքը, ազգային միութեան եւ համազգային իտէալներու կենսագործման ի խնդիր հաւաքական մեր պայքարը»: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ`...

«Այսօր Մեծ Իրագործում Մըն Է  Նաեւ Հայաստանի Տարողութեամբ,  Որ «Ազդակ» Ոչ Միայն Տպագիր Թերթ Ունի,  Այլ Նաեւ Տարածման Բոլոր Միջոցներով Զայն  Կը Հասցնէ Աշխարհի Բոլոր Կողմերը»  Ըսաւ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

«Այսօր Մեծ Իրագործում Մըն Է Նաեւ Հայաստանի Տարողութեամբ, Որ «Ազդակ» Ոչ Միայն Տպագիր Թերթ Ունի, Այլ Նաեւ Տարածման Բոլոր Միջոցներով Զայն Կը Հասցնէ Աշխարհի Բոլոր Կողմերը» Ըսաւ Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

Երէկ` ուրբաթ, 23 հոկտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախկին նախագահ փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հաստատման ու առաքելութեան մասին` փրոֆ. Արմէնեան յայտնեց, որ նշեալ համալսարանը իր գործունէութիւնը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման առաջին օրը` 2 ծրագիրով: Հետագային աւելցան նաեւ այլ ծրագիրներ, իսկ այսօր...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Վարչութիւնը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Վարչութիւնը

Ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան վարչութիւնը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին հաստատութեան Նիւ Եորքի կեդրոնական գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Իրինա Լազարեան եւ Լիբանանի «Գարակէօզեան» կեդրոնի տնօրէն Սերոբ Օհանեան: «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատասխանատուները եկած էին վեհափառ հայրապետին իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու հաստատութեան տարած գործունէութեան նկատմամբ անոր գնահատանքին ու զօրակցութեան համար: Հանդիպումին ընթացքին անոնք տեղեակ պահեցին...

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ.  Հին Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին  Պատճառով Քաղաքը Ուժգնօրէն Ցնցուեցաւ

Սուրիա – Թուրքիա Սահմանին. Գամիշլիէն Թուրքիա Մուտքի Ճամբուն Զոհուած Է Պատանի Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային գիծին մօտ 14-ամեայ հայ պատանի Արմէն Ժիրայր Աւետիսեան, որ իր ծնողներուն հետ ցամաքային ճամբան կտրելով կը փորձէր Թուրքիա մուտք գործել, կրակոցի իբրեւ հետեւանք զոհուած է: Արմէն Աւետիսեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Գամիշլիի հայ առաքելական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:

Page 329 of 364 1 … 328 329 330 … 364

Արխիւներ