Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւն Թորոսեան Պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Տեսողական Արուեստի 6-րդ Ցուցահանդէսին Ընթացքին

Հոկտեմբեր 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

har_10-20-15

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի տեսողական արուեստի 6-րդ ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան: Ցուցահանդէսին ներկայ էր արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

Ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան նախագահ Էլիաս Տիպ: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ, որ արուեստը ամէն տարի վերածնունդ կ՛ապրի նոր դէմքերու եւ տաղանդներու երիտասարդ ու եզակի արարումներով, որոնք արուեստի աշխարհին յոյս կը ներշնչեն եւ կը լուսաւորեն մերօրեայ մթութիւնը, որ կը շրջապատէ Լիբանանի հասարակութիւնը: Ան ըսաւ, թէ այնքան ատեն, որ արուեստագէտները աշխուժ կ՛աշխատին, պէտք չէ վախնալ մարդկային յիմարութիւններէն, ոչ ալ ճակատագիրի սեւութենէն: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Ասկէ վեց տարի առաջ սկսած արուեստի այս երթը կը շարունակուի եւ այս տարի վերելք կ՛ապրի դէպի ծիածանի գոյները, ուր կ՛երեւին բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւններ, արուեստի տարբեր ճիւղաւորումներ: Լիբանանի Արուեստագէտներու միութիւնը պիտի մնայ ստեղծագործելու այն միջավայրը եւ պահապանը լիբանանցի արուեստագէտին Լիբանանի մէջ»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան սենտիքայի նախագահ Քլոտ Օպէյտ: Ան ըսաւ, որ  արուեստը իր դաստիարակիչ բնոյթով կը վեհացնէ ու կ՛ազնուացնէ մարդը: Արուեստը լաւագոյն եւ ազդու միջոցն է սահմանելու իրականութիւնը` տալով անոր գեղակրթութեան գոյն, որ բարելաւէ մարդու եւ հասարակութեան բարոյական սկզբունքները, եւ ասոր իբրեւ արդիւնք աշխարհը կը դառնայ գեղեցիկի արդիւնք:

Ան աւելցուց, որ արուեստագէտը իր գործերը սեփական հանգստութիւնը ապահովելու համար չ՛իրագործեր, այլ մասնակցելու համար մարդկութիւնը քայքայող անվերջ պայքարին եւ դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները: Քլոտ Օպէյտ ըսաւ, որ արուեստագէտը չի բաժներ ժամանակը ետ ու առաջ, ժամանակը մէկ է անոր քով. սկիզբը ներկան է ամէն բանի, եւ այս իմաստով ալ ան ինքնին աշխարհ մը կը դառնայ:

Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժի: Ան ըսաւ, որ իր նախասիրութիւնը միշտ դէպի  գեղանկարչութիւնը եղած է: Հպարտ է, որ Լիբանան ունի արուեստի հարուստ պատմութիւն եւ անուանի արուեստագէտներ, որոնք ունեցած են իրենց տեղն ու դերը համաշխարհային արուեստին մէջ: Ան հաստատեց, որ արուեստը Լիբանանի մէջ պէտք է ըլլայ ազատ ու անկաշկանդ: Նախարարութիւնը պիտի շարունակէ նեցուկ ըլլալ Արուեսագէտներու միութեան: Նախարար Արայժի յայտնեց, որ արուեստագէտները իրենց գեղանկարներէն պարտաւոր են տրամադրել պետական թանգարան-պատկերասրահին` հարստացնելու համար պետութեան ազգային եւ մշակութային արժէքները: Ան նաեւ ըսաւ, թէ մշակոյթի նախարարութիւնը պիտի ստանձնէ արուեստագէտներու իրաւունքները չարժեզրկելու պարտաւորութիւնը:

Ցուցահանդէսի  աւարտին յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան հանրածանօթ հայ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան, արձանագործ Նայիմ Տումիթ, արձանագործ Ուսամա Ռիֆայի, քանդակագործ Սամի Արիֆայի, գեղանկարիչ Ժոզեֆ Ֆալուղի, գեղանկարիչ Ռանիա Պեհլոք, գեղանկարիչ Ֆայիքա Աուայտա եւ քանդակագործ Պեռնար Ղուսուպ: Էլիաս Տիպ Լիբանանի գեղանկարիչներու միութեան կողմէ յուշանուէրով մը պատուեց նաեւ մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժին:

Պէտք է նշել, որ շուրջ 78 արուեստագէտներու գործերը հրաշալի ձեւով ներկայացուած էին երկու ընդարձակ սրահներուն մէջ: Իսկ ցուցասրահներէն մէկուն ճակատը զարդարուած էր Յարութիւն Թորոսեանի` գեղեցկութիւնը մարմնաւորող հիասքանչ գեղանկարները: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 23 հոկտեմբեր 2015, ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Յովհաննէս Հելվաճեան Բեմադրեց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»-ը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ  Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու  15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ
Գաղութային

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ

Մայիս 19, 2025
Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ
Գաղութային

Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ

Մայիս 19, 2025
‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?