Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ. Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Մասնակցի «Հայ Ֆեսթ» Փառատօնին

October 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Highfest_10-16-15

1-10 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Ֆեսթ» փառատօնը, որուն առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը:

Արդարեւ, կիրակի, 4 հոկտեմբերին, Համազգայինի բեմին վրայ թատերախումբը ներկայացուց Լոռն Շիրինեանի «Կոթողական» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, մասնակցութեամբ` գաղութի հանրածանօթ դերասաններ Վարդան Մկրտիչեանի, Հրայր Գալեմքերեանի եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեանի:

Առ այդ, անոնց ունեցած փորձառութեան մասին տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով, «Ազդակ» հանդիպում ունեցաւ բեմադրիչին եւ դերասաններուն հետ: Յակոբ Տէր Ղուկասեան նախ կարեւոր նկատեց «Հայ Ֆեսթ»-ի կազմակերպումը սփիւռքահայ թատրոնին համար, որովհետեւ լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, որ այդ թատրոնը ինքզինք ներկայացնէ Հայաստանի մէջ` աւելցնելով, որ բոլոր սփիւռքահայ խումբերը պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն սոյն փառատօնին: Ան հաստատեց, որ եթէ «Հայ Ֆեսթ»-ը նիւթապէս աւելի լաւ պայմաններու մէջ ըլլայ, վստահաբար աւելի լաւ կրնայ կազմակերպուիլ: Անդրադառնալով «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի փառատօնին բերած մասնակցութեան, ան կարեւոր նկատեց այդ քայլը, որովհետեւ «Հայ Ֆեսթ»-ը միակ միջազգային փառատօնն է Հայաստանի մէջ, եւ Համազգայինի ներկայութիւնը հոն մեծ կարեւորութիւն ունէր: «Հայ Ֆեսթ» փառատօնին ընթացքին կարելի է ծանօթանալ այլ դերասաններու եւ բեմադրիչներու հետ եւ փոխյարաբերութիւններ ստեղծել:

Խօսելով թատերախաղին մասին, Յակոբ Տէր Ղուկասեան նկատել տուաւ, որ բեմայարդարումը բաւական պարզեցուած էր եւ նոյնը չէր, ինչ որ ներկայացուեցաւ Լիբանանի մէջ, սակայն նոյնքան հետաքրքրական էր: Օրինակ` աւազը, պատը, դուռը, քաղաքը չկային. բեմը սեւով պատուած էր, գետինը` ճերմակ կէս կլոր, նուռը եռոտանիի վրայ զետեղուած էր, իսկ քաղաքը «վիտէօ փրոճեքշըն»-ով եղած էր: Լուսաւորումը պարզ էր:

Անդրադառնալով տիպարներուն` ան յայտնեց, որ քիչ մը փոփոխութեան ենթարկուած էին. Արագը աւելի համալսարանական տիպարի մէջ էր, քան թէ նախկին յեղափոխական եւ կռուող, եւ Պետին հետ ունեցած խօսակցութիւնը շատ աւելի ակադեմական եղաւ. Կալիին ալ խաղարկութեան ձեւը փոխուած էր: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ խաղցուած «Կոթողական»-ը տարբեր էր Լիբանանի մէջ բեմադրուածէն: Երեք տիպարներն ալ գրեթէ նոյն զօրութիւնը ունէին:

Ակնարկելով հանդիսատեսներուն` Յ. Տէր Ղուկասեան ըսաւ, որ սրահը     լեցուն էր: Ներկայ էին բեմադրիչներ, արուեստագէտներ, նաեւ սփիւռքահայեր` Լիբանանէն: Անոնք մեծապէս գնահատած են ներկայացումը եւ մեծ համարձակութիւն նկատած են նման ներկայացման մը բեմականացումը:

Զրոյցի աւարտին, Յակոբ Տէր Ղուկասեան շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց Երեւանի Համազգայինի թատրոնի խումբին, որ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար դարձաւ իրենց:

Պէտք է նշել, որ «Կոթողական»-ը ամբողջ փառատօնին ներկայացուած թատերախաղերուն մէջ միակն էր, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

 

 

Նախորդը

Հայկազեանի Հիմնադիրներու Օր

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան. Գրական Ընթերցումներ` Գրիգոր Պըլտեանի «Տեղագրութիւն» Եւ «Մանտրաներ» Գիրքերէն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.