Կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, տարիներու աւանդութեան համաձայն, յաւարտ Ս. պատարագին «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլ, Լէյլա եւ Հաուըրտ Գարակէօզեաններու, ինչպէս նաեւ հաստատութեան մէջ իրենց ծառայութիւնը մատուցած տնօրէններու հոգիներու հանգստութեան համար եւ անոնց յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Այնճարի Հայ առաքելական Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, Հայ կաթողիկէ «Ս. Աստուածածին Տիրամօր» եկեղեցւոյ մէջ, նաեւ` յիշատակի պաշտամունք Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Վարուժան արք. Հերկելեան, Նիւ Եորքի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեան, Սուրիոյ «Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Պետրոս Տարագճեան, Լիբանանի «Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեան, Լիբանանի Խորհրդատու մարմինի անդամները եւ պաշտօնէութեան պատասխանատու դէմքերը, զոյգ համայնքներու հոգեւոր պետերը` Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան եւ պատուելի Յակոբ Աքպաշարեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան անդամները, ԼՕԽ-ի «Ախթամար» մասնաճիւղի վարչութեան անդամները, երեք համայնքներու վարժարաններու եւ գիշերօթիկներու տնօրէնները եւ Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան պաշտօնէութիւնը համախմբուեցան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:
Հերթաբար խօսք առին հոգեւոր պետերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին ներկայացուցիչը, ԼՕԽ-ի «Ախթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչը, վարժարաններու տնօրէնները, որոնք բարձրօրէն գնահատեցին «Գարակէօզեան» հաստատութեան կատարած մարդասիրական լայն օգնութիւնները, շրջանի քոյր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ ունեցած փոխյարաբերական կապերն ու գործակցութիւնները, մարտահրաւէրներուն դիմաց ցուցաբերած տքնաջան աշխատանքը եւ յատկապէս վերջին շրջանին հաստատութեան որդեգրած ուսումնական յատուկ դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու մասնագիտական ծառայութիւնը:
Խօսք առին նաեւ Լիբանանի «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան եւ Սուրիոյ «Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն տոքթ. Պետրոս Տարագճեան:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ երախտագիտական այն զգացումներուն համար, որոնք դրսեւորուեցան հաստատութեան նկատմամբ: Ան հաստատեց, որ հաստատութիւնը պիտի շարունակէ եւ աւելի նոր ուժերով պիտի գործէ հայահոծ այս աւանին մէջ: