Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Նշան վրդ. Լախոյեան, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ընտրութեան հոլովոյթն ու նոր վարչական անդամներուն պարտականութիւնները: Ապա, միութեան ատենապետ Յովիկ Յակոբեան, վեհափառ հայրապետին ներկայացուց ՀԵՀՈՄ-ի տարեկան ծրագիրը:
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նոր վարչութեան ընտրութիւնը եւ ապա անդրադարձաւ ընդհանրապէս հայութեան ու մանաւանդ հայ երիտասարդութեան ժամանակակից այն մարտահրաւէրներուն, որոնք մեր նոր սերունդի զաւակները կը հեռացնեն մեր եկեղեցական, մշակութային ու ազգային արժէքներէն: Այս ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ՀԵՀՈՄ-ը իր զանազան երեսներով առաւել ներկայութիւն պէտք է դառնայ մեր ազգային կեանքին մէջ, որպէսզի ՀԵՀՈՄ-ին դիմագիծը յստակ ու ճանաչելի դառնայ հայ երիտասարդութեան: