Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան. Գրական Ընթերցումներ` Գրիգոր Պըլտեանի «Տեղագրութիւն» Եւ «Մանտրաներ» Գիրքերէն

Հոկտեմբեր 17, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ent-1_10-16-15

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցան գրական ընթերցումներ Գրիգոր Պըլտեանի իր «Տեղագրութիւն» եւ «Մանտրաներ» գիրքերէն` ներկայութեամբ ընթերցասէր համեստ խմբակի մը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան: Ան ուրախութեամբ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ գրական այս հանդիպումը Գրիգոր Պըլտեանի գրական ձեռնարկներուն վերջինը կը նկատուի Պէյրութի մէջ:

Ապա խօսք առաւ Շաղիկ Մկրտիչեան` նշելով. «Գրիգոր Պըլտեանի գրական հանդիպումներն ու ձեռնարկները իրենց ամբողջութեան մէջ յաջողեցան լիբանանահայ հասարակութեան ծանօթացնել ոչ միայն Գրիգոր Պըլտեանը անձամբ, այլ նաեւ անոր գործերը: Գրիգոր Պըլտեանի գրականագիտական եւ վերլուծական ելոյթներէն ետք այսօրուան ծրագիրով կ՛անցնինք գործի` ընթերցելով անոր գիրքերէն հատուածներ»: Շաղիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ Գ. Պըլտեանի «Տեղագրութիւն» գիրքը, որ հրատարակուած է 1976-ին, ապա  վերահրատարակուած` 1997-ին, կը խօսի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Պէյրութ քաղաքի քարուքանդ եղած վիճակին մասին: Եթէ էջերուն նայինք, ըսաւ ան, կը տեսնենք կտրատուած տողեր, պատառոտուած էջեր, որոնք կը զգացնեն պատերազմը: Ապա հրաւիրեց Նորվան արք. Զաքարեանը, որ իր կարգին ներկայացնէ, ապա կատարէ ընթերցումներ «Տեղագրութիւն» գիրքէն: Ան սահմանելով Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեան վարդապետութիւնը ըսաւ. «Անիկա կը ձգտի հողէն կտրուած մեր հաւաքականութիւնը ազատագրելու ելքի արարման եւ կը ձգտի իրականացնել սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մեր ինքնութիւնը ունենալու, պահելու արարումը»: Նորվան արք. Զաքարեան յայտնեց, որ Գ. Պըլտեանի գործերը ընթերցողը կրաւորական դիրքէն կը փոխադրեն դէպի ներգործական դիրք: Ան ըսաւ, թէ Գ. Պըլտեանի գրականութեան երկարատեւ ուսումնասիրութեան արդիւնք էր 1987-ին հրատարակած իր աշխատասիրութիւնը «Յաղագս Գրիգոր Պըլտեանի քերթողութեան»: Ան անդրադարձաւ, որ Պըլտեանի բանաստեղծութիւններուն սկզբնաւորութեան հարցը անհրաժեշտութիւն է, սկիզբը միշտ դժուար եղած է Պըլտեանին համար, անձայն, բայց կարեւոր, որովհետեւ ան որ իր սկիզբը չի ճանչնար, չի կրնար զարգացնել կեանքը:  Ըստ Գ. Պըլտեանի, ըսաւ  Նորվան արք. Զաքարեան, գրելը կեանք մտնելու անվերջ արարում մըն է, ապա աւելցուց. «Մեր օրերուն գալով` սփիւռքի հայոց պատմութիւնը կը սկսի մեծ աղէտով մը, փաստօրէն` մահով»:

Ան հաստատեց, որ հարազատութեան ծնունդ են Գրիգոր Պըլտեանի բոլոր գործերը, որոնք շատ հեռու են ճառային գրականութենէն: Իսկ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքին» գործին մէջ Պէյրութի աղէտալի դէպքերը կը յղեն նախորդ մեծ աղէտին, այսինքն` 1975-ի դէպքերը ժամանակակից կ՛ըլլան 1915-ին: Մէկ խօսքով` գործը կը կեդրոնանայ հայ հաւաքականութեան ճակատագիրին վրայ: Նորվան արք. Զաքարեան կը նշէ, որ Գ. Պըլտեանի այս աշխատանքին մէջ հոգեվիճակներու նկարագրութիւններ չկան, «Ես»-ը բացակայ է, եւ մանաւանդ ոչ մէկ տիրական դէմք կը տիրէ քաոսին: Պատերազմի օրերուն սէրը, մշակոյթը եւ ստեղծագործութիւնը կը քանդուին: Խնդիրը կը հասնի ոչինչի վիճակին: Փրկութիւնը կը դառնայ ոչնչութիւն: Կը մնայ միայն լեզուն, որուն կը վերագրուի կառուցողական հանգամանք: Մեկնաբանութիւններու աւարտին Նորվան արք. Զաքարեան ներկաներուն հրամցուց Գրիգոր Պըլտեանի «Տեղագրութիւն» գիրքէն հատուածներ:

Խօսք առաւ նաեւ Գրիգոր Պըլտեան: Ան համառօտ տեղեկութիւն տուաւ «Մանտրաներ» գիրքի ստեղծման մասին եւ ապա անկէ ընթերցեց հատուածներ: Գրիգոր Պըլտեան յայտնեց, որ մանտրաները հնդկական ծիսական գրականութեան մէջ կրկնուող երաժշտական վանկեր են, որոնք կը կրկնուին բազմաթիւ անգամներ: Ան ըսաւ. «Կ՛ուզէի ստեղծել բանաստեղծութեան կաղապար մը, որուն հետ կարենայ միտքս հաշտ յառաջանալ, հետեւաբար առի մանտրային գաղափարը: Կարճ նախադասութիւն մը, որ ունի քերականական յստակ ու պարզ կառուցուածք: Եւ ամէն անգամ, որ կը կրկնուի նախադասութիւնը, իրեն հետ կը բերէ փոփոխութիւն, բայց կառուցուածքը կը պահուի.  ուրեմն մանտրան թէ՛ կրկնութիւն է, թէ՛ փոփոխութիւն ինքն իր մէջ»:  Ըստ Գ. Պըլտեանի` բանաստեղծութիւնը նախադասութիւն է, որ պէտք է ըլլայ յստակ ու ճկուն: Ան ըսաւ, թէ «Մանտրաներ» գիրքի առաջին երեք մանտրաները մէկէն միւսը կ՛անցնին բոլորովին տարբեր մղումներով. իսկ երրորդին մէջ բոլոր մոթիւները իրարու հետ կը քալեն ու կը մէկտեղուին: Գրիգոր Պըլտեան յայտնեց, որ մանտրաներուն մէջ պատում չկայ, հոգեբանական զարգացում չկայ: «Իմ աշխատանքներուս մէջ աշխատած եմ գործածել լեզուի շերտերը եւ բանաստեղծական լեզուին մէջ մտցնել արձակը, որովհետեւ բանաստեղծութիւնը կը հարստանայ արձակով», ըսաւ Պըլտեան եւ աւելցուց, որ «այս գործը բարկութենէս ծնունդ առած է 2006-ին, երբ այն օրերուն դահիճն ու զոհը (հայ-թրքական երկխօսութիւն) տեսակ մը սիրաբանութեան մէջ էին, ինչ որ բոլորովին տարօրինակ կը թուէր ինծի ու կը բարկացնէ»: Ուշագրաւ էին Գրիգոր Պըլտեանի հարազատ ընթերցումները` ապրումով ու մեծ յուզմունքով:

Շուրջ երկու ժամ ընթերցասէր ներկաները ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ ըմբոշխնեցին պըլտեանական գրականութիւն: Ձեռնարկի աւարտին գրական զրոյցները շարունակուեցան, հիւրասիրութեան մը  մատուցման զուգընթաց:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ. Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Մասնակցի «Հայ Ֆեսթ» Փառատօնին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?