Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կինը Եւ Առողջութիւնը` Մանկութենէն Մինչեւ Հասուն Տարիք» Նիւթով

October 22, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05156

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կինը եւ առողջութիւնը` մանկութենէն մինչեւ հասուն տարիք» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ բոլորս իբրեւ մարդ էակներ պէտք է տեղեակ ըլլանք մեր մարմնի կառուցուածքային, գործարաններու աշխատանքային եղանակին, անոնց աճման, ինչպէս նաեւ տարիքի յառաջացման հետ առնչուած մարմնին մէջ տեղի ունեցած զանազան փոփոխութիւններուն, որպէսզի տարիներու ընթացքին կարենանք ունենալ առողջ ապրելակերպ: Հետեւաբար, խնամենք մեր մարմինը եւ գուրգուրանք մեր առողջութեան:

Տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով կնոջ մարմինի կառուցուածքը, անոր հիմնական առանձնայատկութիւնները` լաւապէս հասկնալու համար կնոջ առողջապահական պահանջները: Անհրաժեշտ է նաեւ մարմինի մաքրութեան հոգալ` ոչ միայն գրաւիչ տեսք ունենալու, արտաքինը պահպանելու, այլ նաեւ խուսափելու համար շարք մը հիւանդութիւններէ:

Դասախօսը նշեց, որ կեանքի իւրաքանչիւր շրջան ունի իրեն բնորոշ առանձնայատկութիւնները եւ հիւանդութիւնները, որոնց մասին պէտք է կինը իրազեկ ըլլայ: Այդ շրջաններն են.

1.- Սաղմային շրջան- Երբ տակաւին «պտուղ»-ը կը գտնուի մօր արգանդին մէջ: Հիմնական ուշադրութիւն պէտք է դարձնել յղութեան շրջանի սննդականոնին եւ վտանգաւոր սովորութիւններէ զերծ մնալ` ապահովելու համար առողջ եւ բնական յղութիւն:

2.- Նորածինի եւ մանկութեան շրջան – Այս շրջանը կը յատկանշուի իր Ֆիզիքական եւ հոգեկան աճման ընթացքով, ուր առողջ սնունդը` Ֆիզիքական թէ հոգեկան մակարդակներու վրայ, պիտի ունենայ իր կարեւոր ներդրումը անհատի ապագային կազմաւորման մէջ: Ֆիզիքական մարմնի աճման մէջ ոսկրամկանային համակարգի խնամքը ունի իր որոշադրիչ դերը: Ինչպէս նաեւ ատամներու խնամքը, ընդհանուր մարմնի մաքրութիւնը եւ յատկապէս պատուաստներու ծրագիրի ամբողջական գործադրութիւնը, կ՛ամբողջացնեն այս հանգրուանի կազմաւորման շրջանը:

3.- Հասուն շրջան – Ասիկա կը յաջորդէ սեռային հասունացման շրջանին: Այս շրջանին կինը լաւապէս պէտք է հետեւի իր մարմինին եւ հետեւելով տարբեր առողջապահական երեւոյթներուն, հեռու կը պահէ մարմինը զանազան հիւանդութիւններէ: Այս բաժինով բժշկուհին խօսեցաւ արիւնահոսութեան երեւոյթին մասին, որ կրնայ ըլլալ զանազան խանգարումներու արդիւնք:

Նախաքաղցկեղային հիւանդութիւններու մասին խօսելով` դասախօսը անհրաժեշտ նկատեց հերթականօրէն կատարել տարբեր ախտորոշիչ քննութիւններ, ինչպէս` ապակեայ քննութիւնը, մամոկրաֆին, ոսկրափտութեան քննութիւնը, որոնցմով կանուխ հանգրուանին ախտորոշելով հիւանդութիւնը կարելի է հասնիլ լաւագոյն բուժման եւ ընդհանրապէս հիւանդութիւններու վերացման:

4.- Դաշտանադադարի շրջան- Այս շրջանը իր բնական ընթացքը կը սկսի 45 տարեկանէն մինչեւ 55 տարեկան: Այս հանգրուանը կնոջ համար բաւական զգայուն շրջան է, եւ ընտանիքի անդամներու ջերմ ու դրական վերաբերմունքը ունի իր ազդեցութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ այս հանգրուանին կինը ունենայ իր զբաղումները, ինչպէս` մարզանքը, քալելը եւ լողալը: Դաշտանադադարէն ետք, արգանդի արիւնի առկայութեան կամ կուրծքի արտադրութեան պարագային պէտք է դիմել մասնագէտ բժիշկի:

5.- Ծերութեան շրջան- Յարաբերաբար աւելի հանգիստ շրջան, այս շրջանը 60 տարեկանէն վեր կիներու պարագան է: Զանազան հիւանդութիւններ ի յայտ կու գան: Տարիքի յառաջացման հետ տարբեր խանգարումներ (տեսողութեան, լսողութեան) կը զարգանան: Այս շրջանը յատկանշուելով իր իւրայատուկ առողջական եւ հոգեկան ազդակներով` կարելի է աւելի խաղաղ ու բնական ընթացք ունենալ, երբ տարեցը կ՛ունենայ իրեն հաճոյք պատճառող զբաղումները, յատկապէս քալելը` պահանջելով մարմինը միշտ շարժման վիճակի մէջ պահել:

Դասախօսութեան աւարտին բանախօսը զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հարցով ՄԱԿ-ի Յատուկ Պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի Հետ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.