Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համալսարանական Վաղամեռիկ Փայլուն Ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Ոգեկոչում

October 19, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sebouh_10-18-15

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կիրակի, 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ համալսարանաւարտ վաղամեռիկ փայլուն ուսանող Սեպուհ Շահպազեանի մահուան ԺԴ. տարելիցին առիթով:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Սեպուհ Շահպազեանի յիշատակը մեզ համախմբած է, որպէսզի անդրադառնանք, թէ մեզմէ առյաւէտ բաժնուողները չեն մեռնիր այլ կ՛ապրին մեր յիշողութեան մէջ եւ մեր արարքներուն ընդմէջէն: Ան ասիկա ծանր օր մը նկատեց ծնողքին եւ հարազատներուն համար, որոնք կը փորձեն իրենց յիշատակներուն ճամբով վերապրեցնել իրենց հարազատը` աւելցնելով սակայն, որ անոնք կ՛անդրադառնան, որ ան տակաւին կը գործէ մեր մարդկային ընկերութեան մէջ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ կեանքին մէջ իւրաքանչիւր անհատ Աստուծոյ կողմէ առաքելութեան մը համար հաստատուած է եւ պարտաւոր է այդ առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործելու: «Ոմանք անհատապէս այդ առաքելութեան կը լծուին, իսկ անոնք, որոնք անակնկալօրէն մեզմէ կը բաժնուին, անոնց պարտականութիւնները շարունակողները կը մնանք մենք», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Սեպուհ Շահպազեանի ծնողքը իրենց զաւկին յիշատակը անմար պահելու հասկացողութեամբ, նաեւ կեանքին նեցուկ կանգնելու համար տարիներէ ի վեր հայ ուսանողին եւ հայ վարժարանին կողքին կը մնան` նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցելով մեր դպրոցական կարիքներուն, որպէսզի իրենց զաւակը ապրի մեր ժողովուրդի զաւակներուն աշխատանքին ընդմէջէն:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ դժուար է մխիթարութիւն գտնել այս կեանքին մէջ, սակայն հաստատեց, որ Շահպազեան ընտանիքը վստահաբար Աստուծոյ ապաւինելով իր կեանքին համար լոյս եւ մխիթարութիւն կը գտնէ:

 

 

Նախորդը

Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Նոր Գիւղ-Սիւլէյմանիէ- Սէյրաֆի Շրջանը Հրթիռակոծութիւններու Թիրախ Դարձաւ. Մայր Ու Որդի Վերա Եւ Յարութ Կէնտիմեաններ Զոհուեցան

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի Նորընտիր Վարչութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն  Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Առողջութիւն Մաղթեց Լեւոն ԺԴ. Պապին

October 15, 2026
Հաղորդագրութիւն.  Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները

October 14, 2026
Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում
Գաղութային

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.