Գաղութային

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Զաւէն Խտըշեանի «60 Տարուան Ստեղծագործութիւն»  Պատկերագիրքին Մակագրութիւնն Ու Քանդակներու Ցուցահանդէսը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Զաւէն Խտըշեանի «60 Տարուան Ստեղծագործութիւն» Պատկերագիրքին Մակագրութիւնն Ու Քանդակներու Ցուցահանդէսը

Երէկ` երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին մակագրութիւնն ու քանդակներու ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին,  հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն: Ձեռնարկին բացման...

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ. Այսօր Նարեկ Դուրեան Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Թատերախաղը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 18 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Նարեկ Դուրեան պիտի ներկայացնէ «Նեմեսիսը»`  մասնակցութեամբ հայրենի տաղանդաւոր 14 դերասաններու: Նարեկ Դուրեան կը գտնուի Լիբանան` ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին հրաւէրով: Ան 24 ապրիլին Երեւանի մէջ ներկայացուցած է «Նեմեսիսը», որ մեծ ընդունելութիւն գտած է: Պէտք է նշել, որ մեր պատմութեան մէջ «Նեմեսիս» գործողութեան...

«Արուեստագէտը Անմահութեան Կը Հաւատայ»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զաւէն Խտըշեան

«Արուեստագէտը Անմահութեան Կը Հաւատայ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զաւէն Խտըշեան

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ այսօր` երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Զաւէտ Խտըշեանի «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին մակագրութիւնն ու քանդակներու ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն: Այս առիթով Զաւէն Խտըշեանի հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին արուեստագէտը իր ուրախութիւնն...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2015 թուականի սեպտեմբերի 13-ի թիւ 630-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: 13713, 13580, 13542, 13627, 13602, 13541, 13611, 13655, 13554, 13527, 13508, 13536, 13600, 13617, 13719, 13659, 13575, 13576, 13717, 13681, 13559, 13688, 13653, 13702, 13654, 13570, 13686, 13685, 13399, 13571, 13641, 13642, 13692, 13545, 13620,...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ օր   ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն առիթով: Ցաւակցական հեռագիրին մէջ ըսուած է.  «Յարգելի՛ պրն. Նախագահ, խոր ցաւով ու ընդվզումով երէկ գիշեր հետեւեցանք Փարիզի ահաբեկչական դէպքերուն: Արդարեւ, հաւաքական ահաբեկչութեան, այլ խօսքով` ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդն ու հայ եկեղեցին գոյութենական փորձառութեամբ գիտեն, թէ ի՛նչ կը...

Մեր Ընթերցողներուն

«Ազդակ»-ի հաւաքածոյի թուայնացման աշխատանքներուն մասին պարբերաբար տեղեակ պահած էինք մեր ընթերցողները: Կ՛ուզենք յայտնել, որ 88-ամեայ հաւաքածոներու նկարահանման եւ յատուկ ծրագրաւորման աշխատանքներու բաժինները իրենց լրումին հասած են: Թուայնացման աշխատանքը թեւակոխած է արդէն երրորդ փուլը` որոնողական համակարգի համապատասխանեցումը: Մեր հաւաքածոներէն կը պակսին տակաւին 1931-ի եւ 1944-ի ամբողջական , ինչպէս նաեւ 1941-ի առաջին 6 ամիսներու թիւերը: «Ազդակ»-ի 88-ամեայ հաւաքածոյի թուայնացուած տարբերակին ամբողջութիւնը հրապարակելու...

Միջեկեղեցական Շարժումին Եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ուսումնասիրութեան Նուիրուած Ֆրանսական Աստուածաբանական Պարբերաթերթերու Համագումար

Միջեկեղեցական Շարժումին Եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ուսումնասիրութեան Նուիրուած Ֆրանսական Աստուածաբանական Պարբերաթերթերու Համագումար

12-13 նոյեմբեր 2015-ին, Լիբանանի Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը` ««Մէկ» եկեղեցւոյ մարտահրաւէրը` միջեկեղեցական շարժումի ֆրանսական պարբերաթերթերու առաքելութիւնը» խորագիրով: Համագումարը կազմակերպուած էր Սեն Ժոզեֆ համալսարանին (Եու. Էս. ՃԻ.), Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Կրօնական գիտութիւններու ամպիոնին, Proche-Orient Chrétien աստուածաբանական պարբերաթերթին եւ Le Centre de Recherche et de Publications de l'Orient Chrétien-ի միասնական ճիգերով: Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը...

«Արին» Պարախումբը Ներկայացուց Հայոց  Աւանդութիւնները Եւ Սովորութիւնները  Վերակենդանացնող Իր Ելոյթները

«Արին» Պարախումբը Ներկայացուց Հայոց Աւանդութիւնները Եւ Սովորութիւնները Վերակենդանացնող Իր Ելոյթները

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, անցնող շաբաթավերջին Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ 2 ելոյթներով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը` գեղարուեստական ղեկավար, պարադրող եւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան: Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով եւ հայերէնով արտասանեց Արազ Չերչեան: Ան յայտնեց, որ պարը ամէնէն հարազատ միջոցն է արտայայտելու մարդու հոգիին եւ մարմինին ներդաշնականութենէն գոյացող ինքնաճանաչման զգացողութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ մշակոյթը մեր հայելին եւ...

Հայ Սրբանկարչութեան Դասընթացք «Կիլիկիա» Թանգարանին Մէջ

Հայ Սրբանկարչութեան Դասընթացք «Կիլիկիա» Թանգարանին Մէջ

Չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին, բացումը կատարուեցաւ հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի երկրորդ հանգրուանին: Առաջին անգամ ըլլալով` Լիբանանի եւ ընդհանրապէս սփիւռքի իրականութեան մէջ, այս աննախադէպ դասընթացքը սկիզբ առաւ 2014-ի սեպտեմբերին, «Կիլիկիա» թանգարանին կազմակերպութեամբ եւ Իտալիայէն յատուկ կերպով հրաւիրուած` հայ սրբանկարիչ Հ. Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի ուսուցողութեամբ:...

Ասեղնագործութեան  Ցուցահանդէս-Վաճառք` Երեւանի Մէջ

Ասեղնագործութեան Ցուցահանդէս-Վաճառք` Երեւանի Մէջ

9-էն12 նոյեմբերին Երեւանի մէջ «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական ասեղնագործութեան  5-օրեայ բարեսիրական ցուցահանդէս-վաճառքը: Ցուցահանդէս-վաճառքը ամփոփեց «Աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներ կիներու համար» ծրագիրը, որ իրականացուած է «ՀԱԼԷՊ» կազմակերպութեան կողմէ, Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութիւն ընկերութեան Եւրոպական Միութեան «Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագիրի ծիրին մէջ: Դասընթացքները չորս ամսուան վրայ տեղի ունեցած են, եւ այս կարճ ժամանակամիջոցին մասնակից կիները բաւական...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն.  «Sans Retour Possible» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն  Եւ Հանդիպում Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Ժաք Քէպատեանին Հետ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. «Sans Retour Possible» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Եւ Հանդիպում Ֆրանսահայ Բեմադրիչ Ժաք Քէպատեանին Հետ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած էր հանդիպում մը ֆրանսահայ բեմադրիչ եւ Փարիզի լսատեսողական հայկական միութեան հիմնադիր անդամ Ժաք Քէպատեանին հետ երէկ` ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Հրաչ Թոքաթլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ներկայացուց ֆրանսահայ բեմադրիչ Ժաք Քէպատեանը: Ան ըսաւ, որ Ժաք Քէպատեան հեղինակ ու բեմադրիչ է վաւերագրական...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Ընտանի Անասունները  Մեր Շրջապատին Մէջ» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ընտանի Անասունները Մեր Շրջապատին Մէջ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ընտանի անասունները մեր շրջապատի մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց անասնաբուժ տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք  դասախօսը նշեց, որ անասուններու ընտելացումը ընթացք առած է...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեան

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեան

Երէկ Հայաստանի լրատու գործակալութիւնները հաղորդեցին, որ մահացած է թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեան: Մութաֆեանի թատերական վաստակը մեծ է: Ան աշխատած է Հայաստանի զանազան գեղարուեստական-թատերական հաստատութիւններու, գրական եւ թատերական թերթերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ` նոյն մարզին մէջ:  

Գաղութէ-Գաղութ

Հաղորդագրութիւն

Այսու կը հաղորդենք, որ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահութիւնը եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը խորհրդակցելով` մէկ կողմէ Երեւանի պետական համալսարանին եւ միւս կողմէ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին միջեւ 12 դեկտեմբեր 1996-ին կնքուած համագործակցութեան եւ փոխանակութեան պայմանագիրի, հիմնարկի շրջանաւարտներուն իրենց ուսումը Երեւանի պետական համալսարանին մէջ շարունակելու կարելիութիւնը տուող 4-րդ կէտի վաւերականութիւնը երկարաձգած են մինչեւ 2024 թուականի աւարտը: Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի շրջանաւարտները յաւելեալ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2015 թուականի օգոստոսի 19-ի թիւ 487-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: 13678, 13557, 13138, 13375, 13374, 13341, 13331, 13262, 13412, 13327, 13422, 13423, 13630, 13405, 13401, 13593, 13201, 13673, 13152, 13476, 13153, 13535, 13711, 13710, 13474, 13530, 13036, 13326, 13330, 13432, 13472, 13540, 13537, 13478, 13477,...

Վարդան Մելքոնեան Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Վարդան Մելքոնեան Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Երէկ առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Անգլիոյ թագաւորական սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավարներէն, «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին սան Վարդան Մելքոնեանի, ընկերակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներուն: Մելքոնեան վեհափառին յայտնեց Լիբանան այցելելու պատճառն ու զեկուցեց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ նուիրուածութեան օրինակ հանդիսացած Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին տեղի ունենալիք համերգին մասին: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Վարդան Մելքոնեանի երախտագիտական մօտեցումները եւ «Թռչնոց...

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 45-րդ ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող 10 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն: Ժողովը հանգամանօրէն քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում, եղան առաջարկներ յառաջիկայի գործունէութեան համար: Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը, որ գումարեց իր անդրանիկ նիստը...

Մամլոյ Ասուլիս` Վարդան Մելքոնեանին Հետ

Մամլոյ Ասուլիս` Վարդան Մելքոնեանին Հետ

Երէկ` երեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2015-ին Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին: Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ բացուած յայտարարեց ասուլիսը` ներկայացնելով զեկուցաբեր Վարդան Մելքոնեանը, որ խմբավարն է Լոնտոնի «Ռոյըլ» ֆիլհարմոնիք նուագախումբին: Ան ըսաւ, թէ 19 նոյեմբերին տեղի ունենալիք հանդիսութիւնը եզրափակիչ ձեռնարկն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի...

ԳՈՀԱՐ Կը Սատարէ 100 Կարիքաւոր  Աշակերտներու Ուսման

ԳՈՀԱՐ Կը Սատարէ 100 Կարիքաւոր Աշակերտներու Ուսման

ԳՈՀԱՐ գերազանց յաջողութեամբ եւ բերկրանքով հանդէս եկաւ չորս իրիկնաշող, իրերայաջորդ համերգներով` 29, 30, 31 հոկտեմբեր եւ 1 նոյեմբեր 2015-ին: Օգտագործելով ամէնէն արդիական արհեստագիտութիւնը` ան հանդիսացաւ մեծագոյն արտադրութիւններէն մէկը, որուն ականատես եղած է Լիբանանը: «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի աստղազարդ լուսաւորման ներքեւ, իւրաքանչիւր համերգին ներկայ եղաւ 2250 հանդիսատես: Համերգները ուղղակի սփռուեցան Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի եթերով, ինչպէս նաեւ համացանցի արտահոսքով, որոնք առիթը ընծայեցին...

Կազմակերպութեամբ «Ռիփաթ Արմինիա»-ի.  Հայաստան Հաստատուելու Եւ Հայրենիքի Մէջ  Աշխատանքի Առիթներու  Վերաբերեալ Հանդիպում-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ «Ռիփաթ Արմինիա»-ի. Հայաստան Հաստատուելու Եւ Հայրենիքի Մէջ Աշխատանքի Առիթներու Վերաբերեալ Հանդիպում-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ «Վերադարձ Հայաստան» («Ռիփաթ Արմինիա») կազմակերպութեան, շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Հայկազեան համալսարանի եւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Իմեճին Արմինիա ֆորում էնտ ճոպ ֆեր» խորագիրը կրող հանդիպում-զրոյցը: Ձեռնարկին առաջին զեկուցումը ներկայացուց «Ռիփաթ Արմինիա» կազմակերպութեան անդամ Րաֆֆի Գասարճեան, որ ընդհանուր կէտերու մէջ խօսեցաւ հայրենադարձութեան կարելիութիւններու մասին: Մեկնելով իր անձնական...

Page 327 of 364 1 … 326 327 328 … 364

Արխիւներ