ԳՈՀԱՐ գերազանց յաջողութեամբ եւ բերկրանքով հանդէս եկաւ չորս իրիկնաշող, իրերայաջորդ համերգներով` 29, 30, 31 հոկտեմբեր եւ 1 նոյեմբեր 2015-ին: Օգտագործելով ամէնէն արդիական արհեստագիտութիւնը` ան հանդիսացաւ մեծագոյն արտադրութիւններէն մէկը, որուն ականատես եղած է Լիբանանը:
«Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի աստղազարդ լուսաւորման ներքեւ, իւրաքանչիւր համերգին ներկայ եղաւ 2250 հանդիսատես: Համերգները ուղղակի սփռուեցան Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանի եթերով, ինչպէս նաեւ համացանցի արտահոսքով, որոնք առիթը ընծայեցին սփիւռքի բիւրաւոր ակնդիրներուն` մասնակից դառնալու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնն ու մշակոյթը` «ԳՈՀԱՐ-ի բոլոր ժամանակներու սիրուած երգեր»-ով:
ԳՈՀԱՐ համոյթը, անսալով իր սկզբունքին,- սատար հանդիսանալ Ա. Բ. Գ.-ին եւ հայ մշակոյթին, համերգներու տոմսերու վաճառքէն գոյացած ամբողջական հասոյթը կը նուիրէ 100 կարիքաւոր հայ աշակերտներու: Մօտաւոր 260,000$ գումարը պիտի գայ ամբողջացնելու աշակերտներուն թոշակի վճարումը 2015-2016 դպրոցական տարեշրջանին:
Համերգները կայացան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծիրին մէջ:
«100 Տարի Ցեղասպանութենէ Վերապրած, 100 Երգով Վերածնած»: