Երէկ Հայաստանի լրատու գործակալութիւնները հաղորդեցին, որ մահացած է թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեան:
Մութաֆեանի թատերական վաստակը մեծ է: Ան աշխատած է Հայաստանի զանազան գեղարուեստական-թատերական հաստատութիւններու, գրական եւ թատերական թերթերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ` նոյն մարզին մէջ: