Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արին» Պարախումբը Ներկայացուց Հայոց Աւանդութիւնները Եւ Սովորութիւնները Վերակենդանացնող Իր Ելոյթները

November 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

arin-1_111515

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, անցնող շաբաթավերջին Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ 2 ելոյթներով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը` գեղարուեստական ղեկավար, պարադրող եւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան:

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով եւ հայերէնով արտասանեց Արազ Չերչեան: Ան յայտնեց, որ պարը ամէնէն հարազատ միջոցն է արտայայտելու մարդու հոգիին եւ մարմինին ներդաշնականութենէն գոյացող ինքնաճանաչման զգացողութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ մշակոյթը մեր հայելին եւ մեր հոգիի նկարագիրն է` աւելցնելով, որ պարարուեստը ժողովրդային մշակոյթ է, որ կ՛արտայայտէ իւրաքանչիւր ազգի քաղաքակրթութեան աստիճանը: Չերչեան ըսաւ, որ «Արին» պարախումբը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու կողքին կը նպաստէ հայ մշակոյթին երգարուեստի ծանօթացման` միշտ հաւատարիմ մնալով հայապահպանութեան, մեր աւանդութիւններուն եւ ազգային չափանիշներուն: «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան զուգադիպող սոյն ելոյթը մեր հոգիներուն մէջ կը վերակենդանացնէ մեր աւանդութիւնները, կենցաղը, սովորութիւնները եւ մեր դարաւոր մշակոյթը», հաստատեց Արազ Չերչեան եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ելոյթներուն յաջողութեան:

Յայտագիրի առաջին բաժինով ներկայացուեցան «Գողթան», «Շորոր», «Ծամերով պար», «Քաջ տոհմի զաւակներ», «Աղջիկներու պար», «Դու ծաղիկ ես», «Նուպար Նուպար», «Շատախի ռազմապար» պարերը, նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Ասի հոգեհանգիստ չէ» պարը, որ իր ոճով եւ խորհրդանշական շարժումներով ժամանակակից պար մըն է:

«Արին» պարախումբի տարիքային բոլոր խումբերէ 140 անդամներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ելոյթին երկրորդ բաժինով ներկայացուեցան «Սուրերով պար», «Հայոց գոյներ», «Հոյ նազան», «Սարէն կու գայ», «Ծիրանի ծառ», «Նոքթիւրն», «Եարխուշտա» եւ ազգագրական պարերու շարան մը:

Յայտնենք, որ այսօր` երկուշաբթի, 16 նոյեմբերին նոյն վայրին մէջ պարախումբը հանդէս պիտի գայ աշակերտական ելոյթով:

 

Նախորդը

Հայ Սրբանկարչութեան Դասընթացք «Կիլիկիա» Թանգարանին Մէջ

Յաջորդը

Միջեկեղեցական Շարժումին Եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ուսումնասիրութեան Նուիրուած Ֆրանսական Աստուածաբանական Պարբերաթերթերու Համագումար

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.