Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Միացեալ Պատուիրակութեան Մամլոյ Ասուլիսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ «Մենք Զարմացած Ենք Փերինչեքի Հարցով Արձակուած Վճիռէն» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պատուելի Սերժ Ֆորներոտ
Հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու համախմբումի պատուիրակութիւններու մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Կրօնական ազատութիւնը` բազմամշակութային ընկերութեան մը ապագային ապաւէնը» թեմայով կոչ մը` ուղղուած Լիբանանի եւ համայն աշխարհի կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն, որպէսզի իրենց կարելին ի գործ դնեն պահպանելու համար իւրաքանչիւր անհատի կրօնական ազատութիւնները:...




















