ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ներկայացուցչական 45-րդ ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող 10 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն: Ժողովը հանգամանօրէն քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում, եղան առաջարկներ յառաջիկայի գործունէութեան համար:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւնը, որ գումարեց իր անդրանիկ նիստը երեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 2015-ին, իր նստավայրին մէջ, ներկայութեամբ Ներկայացուցչական ժողովի դիւանին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանին:
Նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը կազմուեցաւ հետեւեալ ձեւով`
Եղբայր Հրայր Խաչատուրեան` ատենապետ
Քոյր Փաթիլ Եսայեան` ատենադպիր
Եղբայր Միսաք Գաւլաքեան` գանձապահ
Եղբայր Յակոբ Թերզեան
Եղբայր Վահրամ Պարսումեան
Եղբայր Վարուժ Պապիկեան
Եղբայր Քրիս Լիպարեան
Եղբայր Աշոտ Թասլաքեան
Եղբայր տոքթ. Յակոբ Մելէքեան
Եղբայր Սեւակ Աբրահամեան
Եղբայր Յակոբ Էքմէքճեան
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ