Հալէպը Կրկին Աղէտ Ապրեցաւ
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ կիրակի, 8 նոյեմբեր 2015-ին Հալէպ հերթականօրէն սկսաւ վառելանիւթ եւ պարեն հասնիլ: Ջուրը հերթաբար հասանելի սկսաւ դառնալ քաղաքի համարեա բոլոր թաղամասերուն, մինչ ելեկտրականութիւնը աւելի քան 16 օրէ ի վեր անհասանելի է` բախումներուն պատճառով ելեկտրակայաններու վնասուած ըլլալուն եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն նորոգիչ խմբակներու տուեալ կայաններ մուտքը արգիլելուն պատճառով: Ապահովական առումով երէկ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Պենի Զետ շրջանէն աւելի...




















