
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ընտանի անասունները մեր շրջապատի մէջ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց անասնաբուժ տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ անասուններու ընտելացումը ընթացք առած է մարդկութեան սկզբնաւորութենէն, եւ հազարամեակներու ընթացքին կարգ մը անասուններ, ինչպէս` թռչունները, ձին, կովը, այծը, ոչխարը, շունը, կատուն եւ ուրիշներ, դարձած են ընտանի:
Մարդկային ընկերութեան համար ընտանի անասուններու ներկայութիւնը շատ օգտակար եւ կարեւոր է, բայց անհրաժեշտ է նաեւ անոնց խնամքը, բուժումը` վարակիչ եւ ոչ վարակիչ հիւանդութիւններէ, ինչպէս նաեւ այլ հիւանդութիւններէ մեր նախազգուշացումը:
Անասնաբուժ տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան բացատրեց, թէ ի՛նչ բաժիններ կան իր մասնագիտական աշխատանքին մէջ, ինչպէս` անասուններու բուժումը, սնունդը, հիւանդութիւններու կանխարգիլումը եւ զանազան լրացուցիչ աշխատանքներ:
Անասնաբուժը նշեց, թէ որքա՛ն աստիճանաբար կը բարձրանայ թիւը եւ տեսակը այն անասուններուն, որոնք կը պահուին տնային պայմաններու մէջ, այդքան եւ աւելի անհրաժեշտ է անոնց շարունակական, 365 օր եւ 24 ժամուան հսկողութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը: Յատկապէս երբ անասուններ պահելու երեւոյթը վերածուած է նորաձեւութեան, ու ընտանիքի պատասխանատուները այդ պարտականութիւնը յաճախ կը յանձնեն տան օգնականին:
Դասախօսը կարեւորութեամբ բացատրեց անասունները խնամողներուն եւ անոնց հետ կապ ունեցողներուն մաքրութիւնն ու զգուշացումը: Ձեռքը յաճախ լուալը հիմնական պայման է կանխարգիլերու տարբեր հիւանդութիւններու փոխանցումը եւ անոնցմէ վարակումը:
Տոքթ. Մանճիկեան յաջորդ բաժինով ներկայացուց այն անասունները, որոնք ընդհանրապէս կը պահուին մեր տուներուն մէջ:
1.- Շուները.- Շունը կրնայ խածնել, երբ ինք կը վախնայ կամ վտանգուած կը զգայ: Շունը պէտք է հերթականօրէն պատուաստել յատկապէս կատղածութեան դէմ (Ռայպիս): Երկրորդ կարեւոր նշում` շուներու պարագային, տզրուկներու եւ տարբեր որդերու գոյութիւնը, անասունին ներքին կամ արտաքին մարմնին մէջ: Որդերը կրնան ըլլալ երկար եւ տափակ: Ընդհանրացած որդերէն է «թենիա»-ն, որ կրնայ փոխանցուիլ զինք խնամողներուն:
Երբ շունը մաքուր չէ, կարելի է ունենալ զանազան սունկեր, որոնք վարակիչ եւ փոխանցիկ են:
Այս բաժինով նաեւ դասախօսը յիշեց կարկամախտը (թեթանոս). երբ շունը խածնէ, ենթական անպայման պէտք է սրսկում ստանայ շատ արագ:
2.- Կատուները.- Ի տարբերութիւն շուներուն, կատուները կրնան խածնել եւ ճանկել: Ճանկելով անպայման բորբոքումներ կրնան յառաջանալ: Կատուները կրնան փոխանցել նաեւ «Թոքսոփլազմա կոնտի» մակաբոյծը: Ասիկա վտանգաւոր կրնայ ըլլալ յատկապէս յղի կիներուն պարագային:
Յղի կնոջ մօտ զարգանալով «Թոքսոփլազմա»-ով վարակումը, կրնայ մինչեւ 6-րդ ամիս վիժում յառաջացնել:
3.- Թռչունները- Թռչունները յարաբերաբար այլ անասուններու նուազ վտանգաւոր են հիւանդութիւններ փոխանցելու տեսակէտէն: Այս բաժինով կարելի է յիշել թութակը, որ կրնայ մորթային եւ շնչառական համակարգի հիւանդութիւններ պատճառել, յատկապէս երբ թութակներ կը ներածուին այլ ցամաքամասերէ, որոնք ունին զանազան հիւանդութիւններ: Հետեւաբար, առաջին երեք ամիսը թութակը պէտք է խնամել գործածելով ձեռնոցներ:
4.- Նապաստակը- Նապաստակը այդքան վնասակար անասուն մը չէ, եւ կարելիութիւնը շատ նուազ է հիւանդութիւն պատճառելու:
5.- Կրիան- Կրիաները ներկայիս երկու տեսակ են.-խոտակեր, որոնք մեծ վտանգ չեն ներկայացներ, իսկ նոր ներածուած օտարերկրեայ կրիաներ, որոնք զանազան հիւանդութիւններ կրնան պատճառել:
Տակաւին կարելի է նշել զանազան տեսակի մողէսներ, սողուններ, մուկեր, օձեր, որոնք ներկայիս նորաձեւութեան վերածուած կը պահուին տնային պայմաններու մէջ:
Աւարտին, տոքթ. Ատոմ Մանճիկեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:


