Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Սրբանկարչութեան Դասընթացք «Կիլիկիա» Թանգարանին Մէջ

November 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

manrangar_111115

Չորեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին, բացումը կատարուեցաւ հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի երկրորդ հանգրուանին:

Առաջին անգամ ըլլալով` Լիբանանի եւ ընդհանրապէս սփիւռքի իրականութեան մէջ, այս աննախադէպ դասընթացքը սկիզբ առաւ 2014-ի սեպտեմբերին, «Կիլիկիա» թանգարանին կազմակերպութեամբ եւ Իտալիայէն յատուկ կերպով հրաւիրուած` հայ սրբանկարիչ Հ. Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի ուսուցողութեամբ: Հայր սուրբը մասնագիտական մօտեցումով, 14 օրերու վրայ տարածուած ծրագիրով մը, շուրջ քսան արուեստասէր աշակերտներու բացատրեց եւ սորվեցուց հայ սրբանկարչութեան արուեստի սկզբունքները եւ աստուածաբանութիւնը: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ լրջութեամբ հետեւեցան այս խտացուած ծրագիրին: Անոնք պարտականութիւններ ստանձնեցին, որպէսզի վարժութիւն ձեռք ձգեն եւ պատրաստ ըլլան յաջորդ հանգրուանին` ներկելու սկզբունքներուն:

Այս տարի եւս, նոյն աշակերտներու խմբակէն տասը եւ ուրիշ տասներկու արուեստասէրներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` սորվելու համար հայ սրբանկարչութեան ներկելու սկզբունքները: 14 օրերու ընթացքին, հայր Յովսէփ, արժեւորելով հայկական սրբանկարչութիւնն ու անոր պատրաստութեան աստուածաբանական մօտեցումը, ինչպէս նաեւ բաղդատական ընելով ուրիշ եկեղեցիներու սրբանկարչութեան սկզբունքներուն, աշակերտներուն մօտ կը զարգացնէ եւ կը լուսաբանէ այս արուեստին մութ անկիւնները, հետաքրքրութիւն ու սէր արթնցնելով մասնակիցներուն մէջ:

Աշակերտները իրենց դասընթացքը կը սկսին ներկայ գտնուելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ երեկոյեան ժամերգութեան եւ ապա թանգարանի սրահին մէջ շարականի ունկնդրութեամբ եւ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ կը հետեւին դասընթացքներուն: Հայր սուրբին ծրագիրն է յառաջիկայ 14 օրերուն ընթացքին աշակերտներուն հետ աշխատիլ երեք սրբապատկերներու վրայ, որոնք պիտի արժանանան վեհափառ հայրապետին օրհնութեան:

Դասընթացքը տեղի կ՛ունենայ ամէն օր, երեկոյեան 5:00-7:30, եւ պիտի երկարի մինչեւ 28 նոյեմբեր:

Նախորդը

Ասեղնագործութեան Ցուցահանդէս-Վաճառք` Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

«Արին» Պարախումբը Ներկայացուց Հայոց Աւանդութիւնները Եւ Սովորութիւնները Վերակենդանացնող Իր Ելոյթները

RelatedPosts

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գաղութային

Հայրապետական Կոչ Միջին Արեւելքի Մեր Թեմերու Ժողովուրդին⁷

March 9, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Շնորհաւորէ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Շնորհաւորէ

March 9, 2026
Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը  Անմիջականօրէն Դադրեցնելու  Շատ Յոյսեր Չկան»
Գաղութային

Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջականօրէն Դադրեցնելու Շատ Յոյսեր Չկան»

March 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.