Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Նարեկ Դուրեան Ներկայացուց Արդարահատոյցին Նուիրուած «Նեմեսիս» Թատերախաղը

November 20, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

dour-1_111915

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, չորեքշաբթի, 18 նոյեմբեր 2015-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ Նարեկ Դուրեանի բեմադրած «Նեմեսիս» թատերախաղը` կատարողութեամբ հայրենի տաղանդաւոր դերասաններու:

Dourian2_111915

Դուրեանի այս թատերախաղը հիմնուած է Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի դատարանն է գալիս» գործին, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի պատմաբաններ Ժերար Շալեանի, Իվ Թեռնոնի եւ Ժաք Թերոժի կատարած ուսումնասիրութիւններուն ու արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան արձանագրութիւններուն վրայ:

Թատերախաղը կեդրոնացած է հայ վրիժառու հերոսներու` գլխաւորաբար Սողոմոն Թեհլիրեանի կատարած ահաբեկչութեան, անոր դատավարութեան եւ ազատ արձակման վճիռին վրայ:

Դուրեան նիւթը ներկայացուցած է յատուկ վաւերագրական ոճով. մնջախաղերով, քարապատկերներով, կենդանի պատկերներով, մինչեւ իսկ նոյն վայրկեանին բեմին վրայ իր ձեւերով, ուղղութիւններով, ցուցմունքներով կատարած բեմադրական աշխատանքով:

Թատերախաղին մէջ Նարեկ Դուրեանի (բեմադրիչ եւ Հոնան) կողքին դերեր ստանձնած են Գագիկ Ռոստոմեան (պատմաբան), Սարգիս Գրիգորեան (դատախազ եւ Թալէաթ), Աւետիք Խալաթեան (պաշտպան եւ Թեհլիրեան), Քրիստինէ Յովհաննիսեան (Թալէաթի կինը, Թեհլիրեանի մայրը, Դիտման Թերզիպաշեան, Անահիտ Թաթիկեան), նաեւ մնջախաղերով հանդէս եկան Արշակ Սարգսեան, Գագիկ Յարութիւնեան, Թելման Առաքելեան, Սիրանուշ Երիկեան, Տաթեւիկ Միրումեան, Շուշանիկ Սահակեան: Թատերախաղի վերջին բաժինով «Ձայն մը հնչեց» երգով մուտք գործեցին եւ խումբին միացան Սէրուժ Յովսէփեան, Գուրգէն Փափազեան, Արի Վարդանեան եւ Սիմոն Տէրտէրեան, որոնք կը մարմնաւորէին Հայաստան – սփիւռք կապը, ինչպէս նաեւ միասնակամութեամբ դէպի նորանոր նուաճումներ արձանագրելու գաղափարը:

Յայտնենք, որ այսօր` ուրբաթ, 20 նոյեմբերին խումբը հանդէս պիտի գայ վերջին երկու ելոյթներով. աշակերտական` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նաեւ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցի. «Ռոպեր Եւ Ժինեթ Պօղոսեան» Սրահի Բացում Եւ «Պօղոսեան» Արուեստի Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Սիրոյ Եւ Երախտագիտութեան Աննախընթաց Նուագահանդէս. Վարդան Մելքոնեանի «Տրէյք Փասսէյճ» Համանուագին Առաջին Ներկայացումը` Նուիրուած Մարիա Ճէյքըպսընին

RelatedPosts

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.