
Հովանաւորութեամբ «Սոտեթել» ընկերութեան եւ կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, երեքշաբթի, 24 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցան լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի բարձրագոյն նիշեր ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումն ու «Պայան» շարադրութեան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, «Սոտեթել»-ի ընդհանուր տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեանի, օրուան պատուոյ հիւր` հաղորդավար Զաւէն Գույումճեանի, «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն-խորհուրդի անդամներուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Արամ Գարատաղլեան:

Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայէք, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, ի մասնաւորի լիբանանահայ վարժարաններու արաբերէնի ուսուցիչներուն եւ դատական կազմի անդամներուն: Հայէք ներկայացուց «Պայան» մրցանքին կարեւորութիւնը` իբրեւ քաջալերող միջոց արաբերէնի զարգացման ու տարածման:
Ապա «Կոկիկեան» հիմնարկին անունով խօսք առաւ «Կոկիկեան»-ի սաներէն Շանթ Վարդանեան, որ յայտնեց հիմնարկին նկատմամբ իր երախտագիտութիւնը: Ան հաստատեց, որ «Կոկիկեան» հիմնարկին շնորհիւ ինք կրցած է իր համալսարանական ուսումը ստանալ Լիբանանի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ: Հիմնարկին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք Վարդանեան շեշտեց, որ ուսանողները լաւապէս պէտք է տիրապետեն արաբերէնին, որովհետեւ արաբերէնը Լիբանանի սահմանադրութեամբ ճշդուած երկրի պաշտօնական լեզուն է:
Ապա պարգեւատրուեցան 2014-2015 տարեշրջանին հայկական բարձրագոյն վարժարաններէն արաբերէնի բարձրագոյն միջինը ապահոված 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները, որոնք հիմնարկին կողմէ ստացան յատուկ յուշանուէրներ:
«Պայան» մրցանքի անցնող տարեշրջանի մրցանակակիր Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն Ռոտրիկ Սեփեթճեան կարդաց իր շնորհաւորական ուղերձը եւ յանձնեց «Պայան»-ի յուշանուէրը, որմէ ետք Հայկազեան համալսարանի երաժշտական ակումբէն Զիատ Ժամալ երգեց Ֆէյրուզէն երկու երգ:
Իր կարգին, խօսք առաւ հաղորդավար Զաւէն Գույումճեան, որ մեծապէս գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնարկին նախաձեռնութիւնը: Ան նշեց, որ արաբերէնը երաշխիքն է Լիբանանի մէջ իբրեւ քաղաքացիներ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան: Իր անհատական փորձառութիւնը ներկայացնելով` Գույումճեան շեշտեց, որ ինք առաջին հայն էր, որ մուտք գործած էր լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն մէջ իբրեւ հաղորդավար, եւ միշտ ալ առիթները կան, եթէ առկայ է համապատասխան պատրաստուածութիւնն ու արաբերէնին տիրապետումը:
Ապա տեղի ունեցաւ «Պայան»-ի մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանակակիր ուսանողներն էին.
Առաջին` Լիւսի Թապաքեան (ՀԲԸՄ Դարուհի – Յովակիմեան բարձրագոյն վարժարան)
Երկրորդ` Մարիա Ունճեան (Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան)
Երրորդ` Շարպել Ապէթեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան)
Մրցանքի աւանդութեան համաձայն, առաջին մրցանակակիր Լիւսի Թապաքեան կարդաց իր շարադրութիւնը, իսկ վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեան ստանձնեց «Պայան»-ի յուշանուէր-մրցանակը:


