Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Քոչարեան Մասնակցեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Կազմին Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութիւն Իրականացնող Հայկական Զօրախումբի Հերթափոխի Արարողութեան

November 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

UNIFIL1_112615

25 նոյեմբերին Լիբանանի հարաւը գտնուող Շամա զօրաւանին մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան արեւմտեան բաժինի կեդրոնակայանին մէջ  տեղի ունեցաւ հայկական զօրախումբի հերթափոխի աւարտման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ծառայութեան աւարտէն ետք հայ խաղաղապահներու 2-րդ զօրախումբը լիազօրութիւնները փոխանցեց Շամա հասած յաջորդ` 3-րդ զօրախումբին: Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան 2-րդ զօրախումբի հրամանատար գնդապետ Վահան Աւագեան, կեդրոնակայանի հրամանատար` գնդապետ-զօրավար Ֆրանքօ Ֆետերիչի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Գնդապետ-զօրավար Ֆետերիչի շնորհակալութիւն յայտնեց հայ խաղաղապահներուն`  իրենց առաքելութիւնը բարձր մակարդակով իրականացնելու համար:

UNIFIL_112615

Իր ելոյթին ընթացքին դեսպան Քոչարեան նշեց, որ «Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը միջազգային խաղաղապահութեան մարզին մէջ աստիճանաբար կ՛ընդլայնուի թէ՛ աշխարհագրութեան, թէ՛ քանակական եւ թէ՛ որակական իմաստով: Հայաստանը  միջազգային խաղաղապահութեան եւ անվտանգութեան աշխուժ ներդրող  կը հանդիսանայ` կուտակելով զգալի փորձ: Նոյեմբեր 2014-էն սկսեալ, միանալով  ՖԻՆԻՒԼ-ի ընտանիքին իտալական զօրախումբի կազմին մէջ հայ խաղաղապահները կ՛իրականացնեն իրենց կարեւոր առաքելութիւնը Լիբանանի Շամա քաղաքին մէջ` տեղակայուած ՄԱԿ-ի զինաւանին մէջ` նպաստելով անվտանգութեան ամրապնդման»:

Դեսպանը բարձր գնահատեց միջազգային կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու, յատկապէս Իտալիոյ դերակատարութիւնը Հայաստանի խաղաղապահ կարողութիւններու ստեղծման եւ զարգացման գործին մէջ: Աւարտելով իր ելոյթը` դեսպան Քոչարեան երախտագիտութեան խօսքեր արտայայտեց իտալական հրամանատարութեան հասցէին, շնորհաւորեց  ծառայութիւնը աւարտող հայ խաղաղապահները եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց պարտականութիւնները ստանձնող նոր զօրախումբին:

Պաշտօնական հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ հայ խաղաղապահներու 2-րդ զօրախումբի զինուորական ծառայողներու պարգեւատրումով, որոնց յանձնուեցան ՄԱԿ-ի յատուկ մետալները` առաքելութիւնը յաջող աւարտելու համար:

Ձեռնարկին ներկայ էին լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչը, զօրաւանի սպայական եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան անձնակազմը եւ շարք մը երկիրներու խաղաղապահներ:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.