Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէին` Հանդիպում – Զրոյց` Վարձքերու Նոր Օրէնքին Մասին

November 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

puzant_112015

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սիմոն Եահնիեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց` վարձքերու նոր օրէնքին մասին: Օրուան զեկուցաբերն էր մեթր Բիւզանդ Պաստաճեան:

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին անունով Վարդան Ազնաւորեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ վերջին տարիներուն ամէնէն շատ արծարծուած նիւթերէն մէկն է վարձքերու հարցը, որ յաճախ կը մտահոգէ շրջանի բնակիչները, որոնք լուսաբանութիւններ կը պահանջեն կոմիտէութենէն, որ իր կարգին  կը դիմէ փաստաբանի, որ լուսաբանէ բնակիչները: Վ. Ազնաւորեան ըսաւ, որ կոմիտէն յարմար տեսած է հրապարակային ձեռնարկ մը կազմակերպել շրջանին մէջ, որպէսզի շրջանի բնակիչները իրազեկ ըլլան վարձքերու նոր օրէնքին: Ապա հրաւիրեց զեկուցաբերը` ներկայացնելու վարձքերու նոր օրէնքին մանրամասնութիւնները:

Մեթր Բիւզանդ Պաստաճեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը կը գիտակցի այն երեւոյթին, թէ դժուարութեան դիմաց ՀՅԴ-ն թիկունք կը կանգնի իրեն ամէն ձեւով:

Ան նկատել տուաւ, որ երբ 9 մայիս 2014-ին վարձքերու օրէնքը լոյս տեսաւ, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի առաջին առարկողը եղաւ եւ հակասահմանադրական նկատեց զայն: Այնուհետեւ 9 երեսփոխաններ ընկերացան երեսփոխան Բագրատունիին եւ անոնք միասնաբար վիճարկեցին օրէքին սահմանադրականութիւնը` Սահմանադրական խորհուրդին մօտ: 6 յունիս 2014-ին օրէնքին մէջ միայն 3 յօդուածներ չեղեալ նկատուեցան, մնացեալը ամբողջութեամբ նոյնը մնաց եւ օրէնքին լոյս տեսնելէն 6 ամիս ետք անիկա գործադրութեան դրուեցաւ:

Մեթր Բիւզանդ Պաստաճեան նաեւ բացատրեց տանտիրոջ եւ վարձակալին ունեցած իրաւասութիւնները` պատմական ակնարկ մը նետելով վարձքերու հին օրէնքներուն վրայ` 1932-էն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան յանձնարարեց ներկաները դիմելու երեսփոխանական գրասենեակ, իւրաքանչիւրը իր յարկաբաժինին համեմատ համապատասխան լուսաբանութիւն ստանալու համար:

Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բանախօսին:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով. Քահանայից Միօրեայ Համագումար

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.