«Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը կը հրատարակուի Պէյրութի մէջ, 2010 թուականէն ի վեր, նպատակ ունենալով հայ մանուկներուն ու պատանիներուն ընթերցասիրութիւնը քաջալերել, բառամթերքը զարգացնել, տրամաբանութիւնը մշակել եւ բարոյական պատգամներ փոխանցել: «Փթիթ», առաջին համարէն իսկ, արժանացաւ սփիւռքահայ եւ հայրենի մամուլի ու մտաւորականներու եւ բազմաթիւ մանկավարժներու գնահատանքին ու քաջալերանքին, ինչպէս նաեւ` վեց տասնեակէ աւելի դրուատալից գրախօսականներու:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժինի պատասխանատուները` արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան իրենց ծրագիրներուն ծիրին մէջ, ֆինանսաւորեցին «Փթիթ»-ի ելեկտրոնային տարբերակի պատրաստութիւնը` նպատակ ունենալով «Փթիթ»-ի բազմաբնոյթ բովանդակութիւնը անվճար կերպով հասանելի դարձնել աշխարհասփիւռ հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն:
«Փթիթ»-ի կայքը` www.e-ptit.com արդէն իսկ պատրաստ է: Այնտեղ, ամսական հերթականութեամբ, պիտի տեղադրուին նոր նիւթեր` խաղեր, պատմուածքներ եւ այլն:
«Փթիթ»-ի կայքի մեկնարկէն քանի մը ամիս ետք պիտի կատարուի նաեւ մեկնարկը «Փթիթ»-ի Էփլիքէյշընին` բջիջային հեռաձայններու վրայ, Էնտրոյտ եւ Այ. Օ. Էս. ծրագիրներով:
«ՓԹԻԹ»-Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 9 նոյեմբեր 2015


