ՀՅԴ 125-Ամեակին Առիթով Աննախընթաց Նուիրահաւաք. 1 Միլիոն 350 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ Հայ Դատի Աշխատանքներուն
Երէկ` չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ իւրայատուկ նուիրահաւաք, եւ Հայ դատի աշխատանքներուն ի նպաստ հանգանակուեցաւ 1 միլիոն 350 հազար տոլար: Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած կալա-ընթրիքին ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մըքարիի ներկայացուցիչ տիկին Մահա Մըքարի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր...



















