24 նոյեմբերին մահացած է սիրուած դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանը (87 տարեկան)` առողջական հարցերու իբրեւ հետեւանք:
Վ. Վարդերեսեան ծնած է 19 մարտ 1928-ին, Պուքրէշի մէջ: 1946-ին ներգաղթած է Հայաստան:
1947-ին ընդունուած է Լենինականի դրամատիկական թատրոնին կից սթիւտիօ եւ նոյն ատեն մասնակցած է թատերական ներկայացումներու: 1958-ին տեղափոխուած է Երեւանի Սունդուկեանի անուան թատրոն:
Թատրոնին մէջ ստանձնած է բազմաթիւ դերեր:
Նկարահանուած է «Պատոպի համար», «Մօր սիրտը», «Ճանապարհ դէպի կրկէս», «Հայրիկ», «Կարինէ» եւ այլ ժապաւէններու մէջ: «Հայաստանի Ազգային ռատիօ»-ի Ոսկիէ ֆոնտին մէջ ունի աւելի քան 100 ձայնագրութիւն:
1958-էն սկսեալ նկարահանուած է պատկերասփիւռի յատուկ ներկայացումներուն մէջ, եղած է նաեւ այդ մարզի առաջին դերասանուհիներէն մէկը: 1985-ին հրաւիրուած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի «Ադամեան» թատրոն, ուր արժանացած է ոսկիէ մետալի:
Ստացած է բազմաթիւ պետական բարձրագոյն պատուոյ գիրեր, մրցանակներ, շնորհակալագիրներ: Արժանացած է ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին: 1995-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալով, 2001-ին` Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումով, 2013-ին` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով: