Հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու համախմբումի պատուիրակութիւններու մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ «Կրօնական ազատութիւնը` բազմամշակութային ընկերութեան մը ապագային ապաւէնը» թեմայով կոչ մը` ուղղուած Լիբանանի եւ համայն աշխարհի կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն, որպէսզի իրենց կարելին ի գործ դնեն պահպանելու համար իւրաքանչիւր անհատի կրօնական ազատութիւնները:
Մամլոյ ասուլիսը սկիզբ առաւ Ուալթըր Մուլըրի խօսքով: Ան նախ ներկայացուց Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Զուիցերիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու համախմբումին պատուիրակութեան անդամները, որոնց կը գլխաւորեն գերապայծառ Մարքուս Պուշել եւ դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըր: Ուալթըր Մուլըր բացատրեց, որ այս պատուիրակութիւնը երկուշաբթի, 23 նոյեմբերէն սկսեալ Լիբանանի տարբեր կրօնական դաւանանքներու պետերուն հետ հանդիպումներ կ՛ունենայ համերաշխութիւն ցուցաբերելու նպատակով այս դաւանանքներուն միջեւ գոյացող լարուած վիճակի փարատումին գծով:
Ուալթըր Մուլըրէն ետք խօսք առաւ Էրուին Թանըր-Թիզիանի` Զուիցերիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու համախմբումին ընդհանուր քարտուղարը, որ յայտնեց, թէ իր այցելութիւններուն ընթացքին ութ հոգիէ բաղկացած այս պատուիրակութիւնը նկատած է, որ նոյնիսկ գաղթականներու պարագային, իսլամ դաւանանքին պատկանող անհատները կը ստանան նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւններ, մինչ քրիստոնեայ գաղթականները կը լուսանցքայնացուին: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի բազմամշակութային ըլլալը իրականութիւն մըն է, որ կարելի չէ ժխտել եւ որուն պէտք է համակերպիլ` մարդկային արժէքներուն, իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն վրայ հիմնուելով:
Ուալթըր Մուլըր, որ կը վարէր մամլոյ ասուլիսը, խօսքը փոխանցեց գերապայծառ Մարքուս Պուշելին, որ հաստատեց, թէ ընկերութիւններու ապագայի երաշխիքը միասնական աշխատանքն է խաղաղութեան եւ արդարութեան համար, ան նաեւ ընդգծեց ընկերային եւ մարդկային արժէքներու վերարժեւորումին հրամայականը:
Ասուլիսը եզրափակեց Ուալթըր Մուլըր, որ թուեց Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց կէտերը. երկու բազմամշակութային փոքր երկիրներ, որոնք կ՛ընդունին գաղթականներ` առանց ցեղային կամ կրօնային խտրութեան: Ան նաեւ պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` իր գործակցութեան համար:
Ասուլիսի աւարտին, երբ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու պատուիրակութեան, «Ազդակ»-ի թղթակիցը տուաւ հետեւեալ հարցը. «Տրուած ըլլալով, որ կը խօսիք կրօնի ազատութեան մասին, արդեօք երբեմն ճնշումներ չե՞ն գոյանար խօսքի եւ կրօնի ազատութիւններուն միջեւ: Եթէ մտածէք «Փերինչեք»-ի հարցին մասին, անիկա երկու տարբեր կրօններու պատկանող ազգերու միջեւ դատ մըն է, ուր դերակատար է նաեւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը: Հետեւաբար ձեր անդրադարձը ի՞նչ է «Փերինչեք»-ի հարցին»:
Այս հարցումին պատասխանեց պատուելի Սերժ Ֆորներոտ` Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն, նախ հաստատելով խօսքի եւ կրօնի ազատութիւններուն միջեւ ճնշումներուն գոյութիւնը, ապա յայտնելով, որ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդը շատ զարմացած էր արձակուած վճիռէն: Ան նաեւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ դատը ինքնին եւ վճիռը ուղղակիօրէն ցեղասպանութեան չէին վերաբերեր, այլ արտայայտութեան իրաւունքի տարողութեան: Պատուելի Սերժ Ֆորներոտ եզրափակեց իր պատասխանը նշելով, որ հաւատքի զգացումն է, որ հոս հարցադրուած է եւ այդ զգացումը պէտք է, որ յարգուի: