Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Կրօնական Ժողով. Քահանայից Միօրեայ Համագումար

Նոյեմբեր 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hamakoumar1_112015

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ  կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կրօնական ժողովին, ուրբաթ, 20 նոյեմբեր 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայից միօրեայ սեմինար:

Սեմինարին բացումը կատարուեցաւ յատուկ աղօթքներով եւ սաղմոսասացութեամբ, ապա բարի գալուստի եւ բացման խօսք ուղղեց կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց միօրեայ սեմինարին հիմնական նպատակը եւ աշխատանքներու մասին քանի մը կէտեր, ապա Ս. Գիրքի սերտողութիւնը կատարեց Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան` նիւթ ընտրելով Բ. Տիտոսի 2:1-10 համարները, որոնք առնչուած են Աստուծոյ բծախնդիր ծառայութեան եւ առաքելութեան հետ: Սեմինարին ընթացքին ներկայացուեցան երկու դասախօսութիւններ: Առաջին դասախօսութեան  նիւթն էր`  «Ծիսական անհրաժեշտ գիտելիքներ» զոր ներկայացուց  Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան: Տէր հայրը թուեց քահանայ հայրերու առօրեային հետ կապուած կարգ մը մտահոգութիւններ, ծիսական արարողական անհրաժեշտ գիտելիքներու մասին կատարեց վերյիշեցումներ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ խորհուրդներու բծախնդիր  կատարման անհրաժեշտութեան:

Երկրորդ նիւթն էր «Ինչպէ՞ս քարոզ պատրաստել» վերնագիրով աշխատանք մը, զոր ներկայացուց Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան: Տէր հայրը քահանայ հայրերուն փոխանցեց գեղեցիկ պատրաստուած սկզբունքները, որոնք վերյիշեցումի առիթներ եղան բոլորին:

Hamakoumar_112015

Քահանայ հայրերը սեմինարին ընթացքին քննարկեցին իրենց առաքելութեան հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քահանայ ներկայացուց իր շրջանին մէջ կատարած ծառայութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւն:

Սեմինարի աւարտին փակման խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նախ եւ առաջ գնահատեց թեմի քահանայից դասին կատարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ սոյն սեմինարը կազմակերպող կրօնական ժողովը: Առաջնորդ սրբազան հայրը թելադրեց, որ իւրաքանչիւր քահանայ ըլլայ գեղեցիկ օրինակ եւ աւելի բծախնդրութեամբ նուիրուի եկեղեցւոյ ծառայութեան: Քահանան մնայուն ներկայութիւն պէտք է ըլլայ ժողովուրդին մէջ, եւ պէտք է քայլ պահենք ներկայ աշխարհի արդիական պահանջներուն հետ, որպէսզի կարենանք ըլլալ առաքինի օրինակը մեր ժողովուրդին:

Սեմինարը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականով, ապա Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէին` Հանդիպում – Զրոյց` Վարձքերու Նոր Օրէնքին Մասին

Յաջորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կ՛առաջարկէ Ամրապնդել Յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան Եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջեւ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ  Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու  15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ
Գաղութային

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ

Մայիս 19, 2025
Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ
Գաղութային

Արտաշատի Պետական Թատրոնի Հիւրախաղերը Պէյրութի Մէջ

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?