ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան հաւաքագրման եւ ընտրութեան տնօրէն Թենի Աւագեանի հետ:
Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց Շաղիկ Չափարեան: Ան ըսաւ, թէ համաշխարհայնացման հոսանքին առջեւ գտնուելով` անհրաժեշտ է հաւասարակշռութիւն պահել համաշխարհային արհեստավարժ եւ զուտ ազգային կրթական համակարգերուն միջեւ` կարեւոր նկատելով այսօրուան կարողականութեամբ հայրենիքին առաւելագոյն զարգացման ապահովումը, որ սկիզբ կ՛առնէ կրթական մարզին մէջ կատարուած բարեփոխումներէն: Ան յայտնեց, որ «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը աշխատանք սկսած է տանիլ բարելաւելու համար Հայաստանի կրթական մակարդակը` ներգրաւելով եւ պատրաստելով արհեստավարժ անհատներ, որոնք պիտի դասաւանդեն Հայաստանի տարբեր դպրոցներու մէջ:
Խօսքի աւարտին Չափարեան հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերը, որպէսզի կազմակերպութեան նպատակն ու առաքելութիւնը ներկայացնէ ներկաներուն:
«Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութեան հաւաքագրման եւ ընտրութեան տնօրէն Թենի Աւագեան ըսաւ, որ «Կրթութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնը կ՛աշխատի Հայաստանի երեխաներուն կրթութեան հաւանական ուղին վերածել հնարաւոր ուղիի: Անկախ երեխաներուն ընկերային, տնտեսական պայմաններէն ու վիճակէն, անոնք պէտք է կարելիութիւն ունենան բացայայտելու իրենց ներուժը եւ ստանալու լաւորակ կրթութիւն: Թենի Աւագեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը կ՛աշխատի հաւաքագրել երիտասարդ մասնագէտներ, անոնց հետ վերաորակաւորման դասընթացք կը կազմակերպէ, ապա զիրենք կը տեղաւորէ դպրոց:
Ան մատնանշեց, որ հայաստանեան իրականութեան, մասնաւորաբար շրջաններու մէջ, հայ երեխաներուն համար միակ անհրաժեշտութիւնը իրենց ուժին վստահիլն է:
«Եթէ կ՛ուզենք լաւ ապագայ ունենալ, պէտք է ամէն բանէ առաջ ապահովենք երեխաներուն կրթութիւնը», ըսաւ Թենի Աւագեան:
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի շրջաններուն մէջ երեխային զարգացումը եւ կրթութիւնը առաջնային խնդիր չէ, ծրագիրին անդամագրուելով մասնակիցները երկու տարի պիտի աշխատին շրջաններու կրթական հաստատութիւններուն մէջ` իրենց ներուժը ներդնելով` փոխելու համար փոքրիկներու կեանքը: Միաժամանակ մասնակիցը ձեռք պիտի բերէ առաջնորդութեան զարգացման հմտութիւններ, նոյն ատեն աշխատանքային փորձառութիւն` կրթական ասպարէզին մէջ:
Թենի Աւագեան նշեց, որ ծրագիրը 25 տարուան կեանք ունի: 39 երկիրներու մէջ կ՛աշխատի: Գաղափարը առնուած է «Թիչ ֆոր օլ» մայր կազմակերպութենէն եւ յարմարեցուած է հայաստանեան պայմաններուն: 40 հազար աշակերտի կեանք փոխուած է այս կազմակերպութեան շնորհիւ, հետեւաբար կարելի է ըսել, թէ կազմակերպութիւնը յաջողութեան հասնելու ուղիին վրայ է:
Ինչ կը վերաբերի անդամագրուելուն, Թ. Աւագեան ըսաւ, թէ նախ պէտք է դիմում ներկայացնել, ընդունուելէն ետք 5 շաբթուան տեւողութեամբ պէտք է հետեւիլ դասընթացքի, որ կարելիութիւն կու տայ ձեռք բերել փորձառութիւն եւ հմտութիւն: Մասնակիցները 2 տարի պիտի աշխատին դպրոցի մը մէջ: Մասնակիցը պարտաւոր է ըլլալ եռանդուն, աշխուժ, նուիրուած անձնաւորութիւն եւ մանաւանդ սէր ունենայ երեխաներուն նկատմամբ:
Ձեռնարկի աւարտին Թենի Աւագեան պատասխանեց իրեն ուղղուած լուսաբանական հարցումներուն: