Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի 80-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Նոյեմբեր 24, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

802_112215

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 22 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան
Գառնիկ Մկրտիչեան
Գառնիկ Մկրտիչեան
Ժաք Ղազարեան
Ժաք Ղազարեան

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու մեկնաբանութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ժաք Ղազարեան, որ անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան դիտել տուաւ, թէ միութիւնը դարձաւ հայութեան հաւատք ու յոյս ներշնչող աղբիւր, հայկականութեան ամուր խարիսխ ու պատնէշ, քալեց անսասան` միշտ ձգտելով յաղթանակի նուաճման: Ան խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին տարած գործունէութեան մասին, որուն ընդմէջէն ան միշտ նպատակադրած է պատրաստել ֆիզիքապէս, հոգեպէս ու բարոյապէս առողջ հայ սերունդներ, որոնք հասակ կը նետեն հայկական մթնոլորտի մէջ: Ժ. Ղազարեան յիշեց այն նախաձեռնութիւնները, որոնք տեղի ունեցան մասնաճիւղի 80-ամեակին առիթով` հաստատելով, որ 80-ամեայ միութիւնը պիտի շարունակէ իր դրօշարշաւը` յանուն ՀՄԸՄ-ի վերելքին եւ յառաջդիմութեան:

Ապա մասնաճիւղի սկաուտները ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը` պար եւ ասմունք:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան,  որ ըսաւ, թէ մասնաճիւղը իր 80-ամեակը կը նշէ` լիբանանահայութեան ներկայանալով իր տասնամեակներու վարկով ու վաստակով: Ան այս առիթը նաեւ յարգանքի օր նկատեց, յարգանք մասնաճիւղի շարքերուն մէջ ծառայած ծանօթ եւ անծանօթ, վաստակաւոր ու համեստ այն բոլոր ղեկավարներուն, մարզիչներուն եւ սկաուտ խմբապետներուն նկատմամբ, որոնք հաւատաւոր եւ յարատեւ ճիգերով սերունդներ հասցուցին, իրենց լաւագոյնը եւ առաւելագոյնը տուին, ոգի եւ շունչ դրին իրենց նուիրումին մէջ` անխաթար պահելով ՀՄԸՄ-ի վեհ առաքելութիւնը:

Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ մասնաճիւղի 80-ամեայ պատմութեան յատկանշական հանգրուանները, որոնց ընթացքին տարբեր պայմաններ տարբեր գործելադաշտ բացին մասնաճիւղի պատասխանատուներուն դիմաց:

804_112215

Վիգէն Տիշչեքենեան
Վիգէն Տիշչեքենեան

80-ամեակի պայմաններուն եւ առաջադրանքներուն մասին խօսելով` Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ. «Կը հաւատանք, որ այսօրուան չափահաս սերունդը, ներկաները մեծամասնութեամբ շատ բան ստացան ՀՄԸՄ-էն` միութենական եւ ազգային պատկանելիութեան հասկացողութեամբ:  Շատեր իրենց մտքին ու աչքին լոյսը մաշեցուցին միութեան մէջ: Պարտականութիւն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, մեր հերթին, փոխադարձել, տալ ՀՄԸՄ-ին, տալ նորահաս սերունդին, բարձրացնել զայն: Մեր ժամանակներու նոր պայմանները, շրջապատէն ազդուած այսպէս կոչուած նոր արժէքները, արագընթաց արհեստագիտութիւնը իրականութիւններ են եւ անպայման իրենց ազդեցութիւնը ունին մեր երիտասարդ սերունդին վրայ: Կան նաեւ ընկերային տխուր երեւոյթներ, որոնք ժխտական անդրադարձներ ունին միութենական եւ ազգային-հաւաքական մեր կեանքին վրայ: Արդարեւ, երբ կը պակսի պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, կը պակսի միութենական կապուածութիւնը, կը պակսի ներկայութիւնը համայնքային կեանքին մէջ»:

«Տակաւի՛ն. մեր յաջողութեան գաղտնիքներէն է ՀՄԸՄ-ի բարոյական դրամագլուխը, տարիներու վարկը, անունը, որոնց տոկոսներն են, որ կու գան խտացնելու մեր շարքերը: Այլ խօսքով անոնք, որոնք անցան միութեան շարքերէն, իրենց զաւակները կը ղրկեն համոզուած, որ անոնք եւս զարգացնեն այդ պատկանելիութիւնը: Այսօր սակայն, նոր օրերու նոր պայմանները կը թելադրեն մեզի, թէ մենք պարտաւոր ենք քննել մեր ընթացքը: Անհրաժեշտ է բարեփոխութիւններ կատարել` կազմակերպական որակ պահելու համար», հաստատեց Գ. Մկրտիչեան:

Անդրադառնալով ամէնուրեք տիրապետող դարձած արհեստավարժութեան երեւոյթին` Գ. Մկրտիչեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ չի կրնար զոհը ըլլալ արհեստավարժութեան այսօրուան հրապոյրներուն, որովհետեւ ան իր ծնունդով կոչուած է իր ժողովուրդի ծառայութեան, անոր զաւակներու դաստիարակութեան, իսկ այս բոլորը շահամոլական մօտեցումով, առուծախով չեն կատարուիր, այլ` բարոյական-ազգային արժէքներու պահպանումով եւ միութեան սկզբունքներուն կառչած մնալով:

Ապա ան խօսեցաւ սկաուտութեան մասին` դիտել տալով, որ հակառակ նորօրեայ մարտահրաւէրներուն, միութիւնը մագնիսական քաշողականութեամբ մը իր դրօշին տակ հաւաքեց մատղաշ տարիքի բազմաթիւ սերունդներ, զանոնք բաւական հեռու պահեց նկարագիր խաթարող միջավայրէն, դաստիարակող դպրոց դարձաւ:

Իր խօսքը եզրափակելով` պատգամաբերը դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը դարձած է ամբողջ հայութեան երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութիւնը` հաստատելով, որ սփիւռքահայ կեանքին մէջ, ՀՄԸՄ-ի կազմակերպ ու գործօն յարատեւութեամբ, հաւաքաբար կրնանք աւելի եւս սատարել մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքին վերականգնումին:

Անկէ ետք ներկաները դիտեցին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 80-ամեայ երթը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը, ապա մասնաճիւղի 80-ամեակին նուիրուած` «Ձօն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին» խորագրեալ նոր երգը, որուն բառերուն հեղինակը Շահանդուխտն է, իսկ երաժշտութեան յօրինողը` Վահրամ Էմմիեանը. երգը մեկնաբանեց Վիգէն Տիշչեքենեան: 80-ամեակի յանձնախումբերուն մաս կազմած անդամներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ մասնաճիւղի 80-ամեակի նշանակներու կրծքանշանները` առ ի գնահատանք իր տարած աշխատանքին:

Հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի գործունէութիւնը եւ անոր մաղթեց յարատեւ վերելք: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

Հանդիսաւոր բաժինէն ետք ներկաները ուղղուեցան Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» կեդրոնի սրահ, ուր տեղի ունեցաւ 80-ամեակի կարկանդակի հատում` Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւններու ատենապետներուն ձեռամբ:

 

Նախորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Հոգեւոր Տէրը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?