Հայ եւ զուիցերիացի ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւնը կ՛երթայ Հայոց ցեղասպանութեան օրերը եւ ապա, երբ զուիցերիացի միսիոնարներ Կիլիկիայէն հազարաւոր որբերու խնամք տածած են, միջինարեւելեան զանազան երկիրներու, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յատկապէս սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունի Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն հետ: Արդարեւ, սեպտեմբեր 2015-ին Արամ Ա. կաթողիկոս հրաւիրուած էր Զուիցերիա եւ տարբեր քաղաքներու մէջ մասնակցած ու իր խօսքը արտասանած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած զանազան ձեռնարկներուն ընթացքին:
Հինգշաբթի, 26 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Զուիցերիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու նախագահը` Մարքուս Պուշել եպիսկոպոս եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահը` դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըր, իրենց պատուիրակութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ:
Զուիցերիացի եկեղեցական բարձրաստիճան պատուիրակութեան անդամները նախ յայտնեցին, որ զանազան այցելութիւններ տուած են Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդներուն: Պատուիրակութեան Լիբանան այցելութեան նպատակն էր զօրակցիլ Լիբանանի ժողովուրդին` Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Լիբանան ապաստանած գաղթականներուն համար, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու համագոյակցութեան կարեւորութիւնը շեշտել: Պատուիրակութեան անդամները վեհափառ հայրապետին կարծիքը խնդրեցին այս առնչութեամբ:
Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Փարիզի եւ Եւրոպայի զանազան քաղաքներուն մէջ վերջին ահաբեկչական արարքներուն լոյսին տակ, պէտք է նայինք ու քննենք, թէ ի՞նչն է հարցերուն արմատը եւ իսկութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ շեշտեց միջավայրին համակերպելու հրամայականը` միշտ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի, իրար հասկացողութեան, մշակոյթներու ճանաչման, կրօններու ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն վրայ: Պատուիրակութեան անդամները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին վեհափառ հայրապետին միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ միջինարեւելեան երկար տարիներու փորձառութենէն եկող վերլուծումներուն համար:
Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Զուիցերիոյ ժողովուրդին ու եկեղեցիներուն զօրակցութեան, որ լաւագոյնս արտայայտուեցաւ սեպտեմբեր 2015-ին Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին: