Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատանիի Օր»-ուան Աշակերտական Եւ Հանրային Զոյգ Հանդիսութիւններ. 136 Պատանիներ Տուին Դաշնակցական Պատանիի Իրենց Խոստումը

Նոյեմբեր 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

badani_112715

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւներու Ընդհանուր վարիչ մարմինը` կրկնելով տարիներու աւանդութիւն դարձած «Պատանիի օր»-ուան հանդիսութիւնը, այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհուրդով եւ հաւատալով հայ դպրոցի եւ պատանեկան միութիւններու իրար ամբողջացնող սերնդակերտ դաստիարակիչ առաքելութեան, «Վերանորոգե՛նք հայ պատանիին կոչումը» խորագիրով հանդէս եկաւ նաեւ հայ դպրոցներու աշակերտութեան առջեւ:

Այսպէս, ուրբաթ, 27 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին ելոյթը:

Հայաստանեան եւ լիբանանեան քայլերգներէն ետք, ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հայկական տարբեր վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչակազմին եւ միջնակարգ ու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան, Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց Արին Չէքիճեան: Անդրադառնալով հայ դպրոցի հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան եւ հայ աշակերտի կոչումին` իբրեւ իր վերապրած նախահայրերու նորագոյն սերունդ, ան շեշտեց պատանեկան միութիւններու դերը իբրեւ այն միջավայրերը, ուր պատանիները կը վարժուին ընկերային-միութենական-վարչական կեանքին, ինչպէս նաեւ փորձառութիւն ձեռք կը ձգեն զանազան մարզերու մէջ: Անդրադառնալով օրուան կարգախօսին եւ հայ պատանիներու դերին` իբրեւ ապագայ սերունդի ներկայացուցիչներ, ան վեր առաւ հայ պատանիին կոչումը լիբանանահայ գաղութին մէջ: «Կը հաւատանք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրդ, վառ պահելով իր լեզուն ու մշակոյթը, ուր որ ալ գտնուիք, կը փոխանցէք սուրբ կոչում մը գալիք սերունդներուն, որն է` գիտակցիլ ինքնաշխատութեամբ, չարքաշութեամբ եւ ինքնակերտումի ճամբով գոյատեւած տարագիր հայութեան տաժանակիր, բայց պատուաբեր կեանքի արժէքին® Վերջապէս, կը հաւատանք, որ ձեր սերունդը պիտի կերտէ նո՛րը»: Իր խօսքի աւարտին Չէքիճեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններուն, բեմադրիչ Նժդեհ Մկրտիչեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Օրուան կարգախօսը ներկաներուն հրամցուեցաւ «Անհետացած սերունդի մը կտակը» թատերական ներկայացումով, հեղինակութեամբ` պատանեկան տարբեր միութիւններէ խումբ մը պատանիներու: Գլխաւոր հերոս Սերոբը կը ներկայացնէր բազմաթիւ այն որբերը, որոնք ճողոպրելով Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն, ինքնաշխատութեամբ կերտեցին հայ ընտանիքներ: Սերոբ, դէմ դնելով օրուան արգելքներուն եւ մանաւանդ կեանքի կոչելով իր հզօր կամքն ու հայրենասէր ոգին, պատանեկան միութեան օժանդակութեամբ կ՛իրականացնէ իր մեծ հօր կտակը: Յաճախելով հայկական վարժարան` ան կը դառնայ յանձնառու հայ պատանի եւ ապագային դառնալով հայկական վարժարանի տնօրէն, կը մղէ իր մանկութեան առաջին խոչընդոտ հանդիսացած եւ օտարամոլութեան ճամբան փնտռող պատանին` հետեւելու իր եւ իր նմաններուն ուղիին:

Պատանիի խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութենէն Կարէն Պոյաճեան, որ անդրադարձաւ պատանեկան միութիւններու ընդհանուր աշխատանքին եւ պատանիներու մասնակցութեան` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման զոյգ նախաձեռնութիւններուն` Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ապրիլեան երկօրեայ «Մենք ենք մեր դատին իրաւատէրերը» խորագրեալ հացադուլին եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումին: «Օրինակ առնելով մեր թատերական ներկայացման իմաստէն եւ առ ի յարգանք սերոբներու նման մեր հազարաւոր նախահայրերու աշխատանքին, մենք` իբրեւ պատանեկան սերունդ, պէտք է պարտական զգանք ո՛չ միայն իւրացնելու դպրոցին ու ակումբին մէջ մեր ստացած հայեցի դաստիարակութիւնը եւ տէ՛րը կանգնելու հայոց լեզուին, հայոց պատմութեան ու հայ ազգային արժէքներուն, այլ նաեւ կազմաւորուելու իբրեւ Հայ մարդ», եզրափակեց ան: Աւարտին, ան կոչ ուղղեց միանալու պատանեկան միութիւններուն ու վերանորոգելու հայ պատանիին կոչումը:

Ապա Պարոյր Սեւակի «Կոչեմ ապրողաց» ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութենէն Շահէն Արապօղլեան, որմէ ետք ներկայացուեցաւ պատանեկան միութիւններու գործունէութեանց անդրադարձող տեսերիզ:

Յայտագիրին յաջորդեց Ընդհանուր վարիչ մարմինի «ARF Badani» բջիջային անվճար ծրագիրին մասին սահիկներու ներկայացումը, որ կատարեց ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութենէն Բալիկ Հապոյեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նոյն խորհուրդով, նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդ ձեռնարկը` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու, պատանեկան միութիւններու եւ հոծ բազմութեան: Քայլերգներէն եւ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» պատանեկան միութենէն Շահէն Արապօղլեանի կատարողութեամբ Պարոյր Սեւակի «Կոչեմ ապրողաց» ասմունքէն ետք, Ընդհանուր վարիչ մարմինի բացման խօսքին յաջորդեց առաւօտեան հրամցուած թատերական ներկայացումն ու պատանիի խօսքը: Ապա, ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն Նաթալի Մարգարեան եւ Մեղրի Սալպաշեան ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» եւ բանաստեղծութիւններէ հատուածներ` շուիի վրայ ընկերակցութեամբ ՀՅԴ  «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Հայկ Քէշիշեանի: Յայտագիրին յաջորդեց Լիբանանի պատանեկան միութիւններու գործունէութեանց անդրադարձող տեսերիզի ցուցադրութիւն եւ «ARF Badani» բջիջային անվճար ծրագիրին մասին սահիկներու ներկայացում:

Ձեռնարկին վերջին բաժինով, տարիներու աւանդութիւն դարձած «Պատանիի օր»-ուան իւրայատուկ մթնոլորտի եզրափակումը 136 պատանիներու խոստման արարողութիւնն էր: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհուրդով, 136 պատանիներու այս սերունդը կոչուեցաւ «Պահանջատէր բազուկներ»-ու սերունդ:

Այս հանդիսութեան առիթով, պատանիներուն իր պատգամը փոխանցեց Անի Բագրատունի, որ շեշտեց կանոնագիրին կառչելու իւրաքանչիւր պատանիի պարտաւորութիւնը` իբրեւ իսկական առաջնորդը պատանեկան աշխատանքներուն: Անդրադառնալով պատանեկան միութիւններուն անունները կրող հերոսներուն` Բագրատունի վեր առաւ անոնց նահատակութեան իմաստը` հայրենիքի փրկութեան եւ հայ ազգի գոյատեւման ի խնդիր: «Դաշնակցականը իր ողջութեան ինչ ալ ընէ, չ՛արժանանար հերոսի տիտղոսին, միայն նահատակութիւնն է, որ այդ պատիւին կ՛արժանացնէ դաշնակցականը, եւ ճիշդ  այդ պատճառով ալ ձեր գործունէութեան ընթացքին մի՛ փնտռէք ողջ հերոսներ»: Շարունակելով իր պատգամը, ան կոչ ուղղեց պատանիներուն իրենց դաստիարակութեամբ ու գործով շարունակելու ՀՅԴ 125-ամեայ երթը եւ գործը դարձնելով հերոս` ծառայելու միշտ երիտասարդ կուսակցութեան համար: Իր խօսքի աւարտին, ան դաշնակցական ընկերներու անունով բարի գալուստ մաղթեց պատանիներուն` խոստանալով միշտ գուրգուրալ եւ պաշտպանել զանոնք ապագայ տիպար դաշնակցականներ պատրաստելու ի խնդիր:

Նշենք, որ ներկաներուն բաժնուեցան պատանեկան միութիւններու աշխատանքները ծանօթացնող քարոզչական յատուկ պրոշիւրներ, 2016-ի գրպանի օրացոյցներ եւ Ընդհանուր վարիչ մարմինի կազմակերպած զոյգ բանակումներուն նիւթով պատանեկան «Վազրիկ» պաշտօնաթերթի նոր թիւը:

 

 

Նախորդը

«Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Ողբերգութիւնները» Նիւթով Կլոր Սեղան

Յաջորդը

ՀՅԴ 125-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. Յարգանք` Նահատակուած Եւ Մահացած Անմահ Դաշնակցականներուն Յիշատակին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս
Գաղութային

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?