Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Իւրայատուկ Եւ Սերունդներուն Իբրեւ Կտակ Փոխանցուած Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Բացում

Նոյեմբեր 28, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_5723

Հայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռարուեստի պահպանումը հանդիսացած է ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութիւններէն մէկը, որ ցարդ կը շարունակուի շնորհիւ նուիրեալ եւ յաճախ վարագոյրի ետին գործող կիներու, որոնք տակաւին հայկական ձեռագործներուն արժէքին իսկապէս գիտակ են, այդ պատճառով ալ ամենայն բծախնդրութեամբ կը հիւսեն եւ զանոնք իբրեւ թանկագին նուէր ու աւանդ կը դնեն հայերուն եւ օտարներուն տրամադրութեան տակ, նաեւ այդ բոլորը կը կտակեն յառաջիկայ սերունդներուն` իբրեւ ազգային արժէք:

Հայկական ասեղնագործութեան գաղտնիքներուն ու նրբութիւններուն վերարտադրութիւնները հանդիսացող ձեռագործները հանրութեան ներկայացնելու միտումով, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Մարի Սուսանիի, երէկ` ուրբաթ, 27 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին հանդիսաւոր բացումը:

IMG_5776IMG_5787IMG_5759Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետ Սօսէ Պոյաճեան, որ շեշտը դրաւ այն երեւոյթին վրայ, որ 100 տարի առաջ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւնը գոյատեւեց եւ յարութիւն առաւ շնորհիւ իր մշակութային քաղաքականութեան` շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը սգատօն չէ, այլ պահանջատիրութեան ղօղանջը համայն աշխարհին լսելի դարձնելու առիթ: Մշակութային արժէքներուն մէջ ան յատկանշական եւ կարեւոր նկատեց ասեղնագործութիւնն ու նրբահիւս ձեռագործները, որոնք հայութիւնը կը յատկանշեն ու կը զատորոշեն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի իւրաքանչիւր շրջանի գոյները, ձեւերը, յուշերը կը փոխանցեն նոր սերունդներուն: Սօսէ Պոյաճեան դիտել տուաւ, որ այս արժէքները միշտ ալ կ՛ապրին մեր ազգային գիտակցութեան մէջ` լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ այս իրականութեան լաւապէս գիտակցող ԼՕԽ-ը այդ արժէքները արդիական շունչով կը հրամցնէ հանրութեան եւ տէր կը կանգնի անոնց:

Ապա իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ անդրադարձաւ այն դառն իրականութեան, թէ մերօրեայ կեանքը լի է տգեղ պատկերներով, խոտոր երեւոյթներով, բայց եւ այնպէս ուրախալի է տեսնել, որ տակաւին գեղեցկութիւն ստեղծելու նախաձեռնութիւնը առկայ է, կայ նաեւ վճռականութիւնն ու ճիգը` անցեալի արժէքները վկայակոչելով մեր կեանքը քաղցրացնելու եւ հարստացնելու: Ան բարձր գնահատեց այս մարզին մէջ ԼՕԽ-ի տարած աշխատանքը, որ ո՛չ միայն շարունակական բնոյթ կը կրէ, այլ նաեւ  տարուէ տարի կը զարգանայ եւ կը բարգաւաճի: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ մեր աւանդական արժէքներուն կրողը հանդիսացող իւրաքանչիւր ձեռագործ ինքնին ապրող պատգամ է, որ կը պահպանուի սերունդներուն հոգիներուն մէջ, իսկ իւրաքանչիւր սերունդ պարտի զանոնք փոխանցել յաջորդներուն:

IMG_5812IMG_5799Շահէ եպս. Փանոսեան յայտնեց, որ թէեւ մերօրեայ կեանքին մէջ մարդոց հետաքրքրութիւնները փոխուած են, բայց եւ այնպէս կեանքը յարափոփոխ նկատելով` հաստատեց, որ պիտի գայ օրը, երբ ձեռարուեստին կարեւորութիւնը շատ աւելի զգալի պիտի դառնայ, որովհետեւ սերունդներ ասոր ճամբով պիտի գիտակցին, թէ ինչի՛ վրայ հիմնուած ու բարձրացած է հայութեան կաղնին, եւ իրենք եւս ճիգ պիտի ընեն ոստեր աւելցնելու, պահպանելու եւ յաւերժացնելու այդ ծառը: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ թէեւ այսօր մարդոց կեանքը խճողուած է, սակայն անոնք անպայման պէտք է առիթ ու կարելիութիւն ունենան հաղորդուելու այս արժէքներուն, որոնք մեր անցեալին, ներկային ու ապագային կ՛առնչուին, ուստի մենք կոչուած ենք անոնց պահապանն ու տարածողը ըլլալու:

Իր խօսքի աւարտին Շահէ եպս. Փանոսեան յոյս յայտնեց, որ հայկական ասեղնագործութեան ու ցուցադրուած գլուխ գործոցներուն նկատմամբ սէրը ողողէ բոլորին սրտերը` դիտել տալով, որ թէեւ երբեմն մեր կողմէ անոնք իրենց իսկական արժեւորումը չեն ստանար, սակայն անոնք մեծապէս կ՛արժեւորուին օտարներուն կողմէ: Ան ԼՕԽ-ին մաղթեց յաւելեալ թափ ու անվերջ մղում` շարունակելու իր առաքելութիւնը:

IMG_5668IMG_5840Ապա խօսք առաւ Ժել Էլ Տիպի գաւառապետ Մատլեն Հատտատ, որ բարձր գնահատեց գեղեցկութեան ու արժէքներու պահպանման ճամբով եւ տարբեր նպատակներով ի գործ դրուած աշխատանքներն ու ի գործ դրուած նուիրական գործունէութիւնը: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր ձեռագործի ծնունդին համար ներդրուած աչքի լոյսն ու մատներու շարժումները արդէն իսկ դրական ներդրում են այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ վատը, սխալն ու տգեղը սկսած են տիրական դառնալ եւ տարածուիլ մեր շուրջ: Ան շեշտեց, որ, հակառակ այս վերջիններուն, ԼՕԽ-ի նման կազմակերպութիւններու տարած աշխատանքին շնորհիւ մարդ կորովով կը լեցուի` շարունակելու լաւին ու գեղեցիկին համար պայքարը, շրջանցելու ամէն տեսակի խոչընդոտ եւ փաստելու, որ լիբանանցիները, յատկապէս լիբանանահայերը կեանքի զաւակներն են, կրցած են ոտնակոխել մահը եւ ապրիլ: Մատլեն Հատտատ յիշեց հայութեան եւ լիբանանեան բանակին նահատակները, որոնցմէ մենք բազմաթիւ դասեր ունինք քաղելիք: Ան հաստատեց, որ նուիրեալ աշխատանքը ինքնին պատգամ է սիրոյ, հաւատքի եւ գոյատեւման:

IMG_5670IMG_5671Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ ուրբաթ, 4 դեկտեմբեր 2015 ներառեալ` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:IMG_5687IMG_5685IMG_5679IMG_5677

IMG_5673

IMG_5676

Նախորդը

Հայկական Երեկոյ` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 300 Հայ Ուսանողներու

Յաջորդը

«Հայր Վարդան Աշգարեան» Փողոցի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?