Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն. «Մենք» Խորագիրով Լիբանանահայ Գեղանկարիչներու Հաւաքական Ցուցահանդէս

Նոյեմբեր 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

menk-3_112815

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, շաբաթ, 28 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Թէքէեան» կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք» խորագիրով լիբանանահայ գեղանկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը:

Բացման խօսքը արտասանեց գեղանկարիչ Վազգէն Մուղալեան, որ արուեստագէտներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսը կազմակերպող «Թէքէեան» մշակութային միութեան  Լիբանանի տեղական վարչութեան  եւ զայն հովանաւորող Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Աշոտ Քոչարեանին: Ան նաեւ ներկաներուն յայտնեց, որ ցուցահանդէսին հրաւիրեալ անհատները կը զարմանային հարց տալով. «Մենք այսքան գեղանկարի՞չ ունինք», եւ Մուղալեան հաստատեց. «Այո՛, ունի՛նք, եւ շատ աւելին»: Արդարեւ, ցուցահանդէսին մասնակցած էին աւելի քան քսան  լիբանանահայ արուեստագէտներ, որոնց շարքին Կիւվտեր, Գրիգոր Նորիկեան, Զաւէն Խտըշեան, Րաֆֆի Թոքաթլեան, Մարալ Տէր Պօղոսեան, Լէոնի Փիլար (Քիսոյեան-Փիլաւճեան) եւ ուրիշներ:

Վազգէն Մուղալեան խօսքը փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, որ յիշեցնելով «Մենք ենք մեր սարերը» Արցախի յատկանշական յուշակոթողը եւ Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում» նշանաւոր խօսքը, հաստատեց «մենք»-ի ուժը. ըստ դեսպան Քոչարեանի, «մենք»-ը, իր միասնականութեամբ, անպարտելի է: Քոչարեան նաեւ բացատրեց, որ «մենք»-ը կը ցոլացնէ մէկ կողմէ արուեստագէտներուն «ես»-ը, այսինքն` քնարական ոճը, գոյներու եւ ձեւերու հանդէպ զգայնութիւնը եւ անոնց ընկալումը, միւս կողմէ` արուեստագէտին հայեցակէտը իր շրջապատին վերաբերեալ, իսկ այս պարագային շրջապատը Լիբանանի սփիւռքն է, որ իր առանձնայատուկ ազդեցութիւնը ունի լիբանանահայ արուեստագէտին վրայ: Քոչարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բոլոր պետութիւններուն` տրուած ըլլալով, որ անոնք առիթ ընծայած են սփիւռքի արուեստագէտներուն զարգացնելու իրենց իւրայատուկ ձիրքերն ու շնորհները, արժեւորելով հայ մշակոյթը: Դեսպան Աշոտ Քոչարեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Մենք քիչ ենք, սակայն ունինք տաղանդաշատ արուեստագէտներ, մենք քիչ ենք, սակայն ունինք բարձրորակ մշակոյթ»: Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսը կազմակերպող մարմնին եւ վերջապէս շնորհաւորեց արուեստագէտները` ողջունելով իւրաքանչիւրին ուշագրաւ գործերը:

Դեսպանի խօսքին աւարտին, ներկաները հրաւիրուեցան ըմբոշխնելու ցուցադրուած արուեստի գործերը:

Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ երկուշաբթի, 30 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 8:00:

 

 

Նախորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 45-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?