Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 125-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. Յարգանք` Նահատակուած Եւ Մահացած Անմահ Դաշնակցականներուն Յիշատակին

Նոյեմբեր 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

vok-5_112915

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց տեղի ունեցաւ դաշնակցական նահատակուած եւ մահացած նուիրեալներու, հերոսներու, գործիչներու եւ մտաւորականներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

vok-2_112915vok-1_112915Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա պանթէոնին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Զաւարեան ուսանողական միութեան, Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն կողմէ:

vok-3_112915

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ պանթէոնին մէջ հանգչողներուն անհանգիստ ու տարաբնոյթ գործունէութեամբ հարուստ կեանքին արժէքն ու կարեւորութիւնը հայութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան համար: «Մեծեր էին անոնք, որոնք ստեղծեցին նոր պատմութիւն, պայքարի, ազատութեան եւ անկախութեան նուիրուած պատմութիւն, որուն էջերը գրեցին մեծ զրկանքներով, անհուն զոհաբերութեամբ եւ հերոսական արարքներով: Շնորհիւ իրենց, 125 տարիները դադրեցան դէպքերու սովորական  արձանագրութիւն մը ըլլալէ, դարձան դիւցազներգութիւն, իսկ իրենք դադրեցան սովորական մահկանացուներ ըլլալէ, դարձան անմահներ` մահուան ճամբաներու վրայ, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան, յանուն հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու», ըսաւ ան: Վ. Աւագեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ հայ իրականութեան տարբեր մարզերուն մէջ ծառայած ու պայքարի դրօշը միշտ բարձր պահած այս նուիրեալները միշտ չէ, որ իրենց նպատակին հասան, սակայն այնպայման հունտերը ցանեցին յառաջիկայ պայքարներուն ու յաղթանակներուն:

Վիգէն Աւագեան ապա անդրադարձաւ հայկական իրականութեան մէջ Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականներուն ունեցած ներդրումին ու զոհաբերութեան` նշելով, որ հազարաւոր դաշնակցականներ եկան ու անցան գրիչը, սուրն ու բահը միացնող զինանշանին տակէն եւ անոնք ջանացին իրենց անհատական եւ հանրային կեանքով բարոյականի տէր մարդ դառնալ եւ հասնիլ անոնց, որոնք իրենց եսը ժխտեցին, որոնք փառքէ եւ հարստութենէ հրաժարեցան, որոնք աշխարհիկ վայելքները արհամարհեցին` հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռք բերման ի խնդիր: Ան աւելցուց, որ 125 տարի Դաշնակցութեան մէջ տեղ չգտան անձնական դիրք ու նպատակ հետապնդողները, նիւթապաշտներն ու բախտախնդիրները, կուսակցութիւնը իր անդամներուն անհաշիւ զոհաբերութիւն քարոզեց եւ իր բոլոր հաւատաւորները զոհաբերութեան դաշտեր առաջնորդեց, ան իր զաւակները զինեց ազգային եւ քաղաքական ինքնագիտակցութեամբ, սորվեցուց ըլլալ ուղղամիտ, պարկեշտ, արի ու պահանջատէր:

Անդրադառնալով ժողովուրդին կողմէ Դաշնակցութեան նկատմամբ եղած վերաբերումին` Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ ժողովուրդը տեսաւ եւ հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր կ’ապրի ու կը գործէ անշահախնդրօրէն, իբրեւ արթուն պահակը հայութեան գերագոյն շահերուն, ան ունի ուժի աղբիւր մը` իր կուսակցականներու մնայուն յարգանքը բիւրաւոր նահատակներու գործին եւ յիշատակին:

Դաշնակցութեան իւրայատկութիւններուն, սկզբունքներուն եւ առաջադրանքներուն անդրադառնալէ ետք, Վ. Աւագեան ըսաւ, որ կուսակցութիւնը ունի պաշտամունք հայրենիքին եւ սէր` ժողովուրդին հանդէպ, պահանջը կայուն եւ ժողովրդավար պետականութեան,  ձգտումը քաղաքական լիարժէք համակարգի կայացման, ընկերային արդար իրաւունքներու ըմբռնումն ու անոնց տէր կանգնելու հաստատ վճռակամութիւնը, պանծալի անցեալի հպարտութիւնը եւ վաղուան իրագործումներուն անսասան հաւատքը, վերջապէս, ունի ներքին  կարգապահութեան շեշտուած գիծ, գիտակցական պարտաճանաչութիւն եւ հաւատարմութիւն, ընկերական սէր ու յարգանք:

Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւնը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ի երգեցողութեամբ:

Նախորդը

«Պատանիի Օր»-ուան Աշակերտական Եւ Հանրային Զոյգ Հանդիսութիւններ. 136 Պատանիներ Տուին Դաշնակցական Պատանիի Իրենց Խոստումը

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ Սահմանը Փակելու Հարցով Ճնշում Կը Գործադրեն Թուրքիոյ Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?