Կազմակերպութեամբ Լիբանանի տարածքին գտնուող համալսարաններու հայկական ուսանողական ակումբներուն, երէկ` 27 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արդէն իսկ տարեկան աւանդութիւն դարձած հայկական երեկոն:
Աւելի քան 300 հայ ուսանողներ համախմբող այս երեկոյին բացումը կատարեցին եւ բոլորին բարի գալուստ մաղթեցին Նանօր Նահապետեան եւ Վանայ Գասարճեան: Անոնք շեշտեցին, որ հայ ուսանողը պէտք է տէր կանգնի հայկական մշակոյթին, կառչի հայկական սովորութիւններուն եւ արժէքներուն, որովհետեւ անոնցմով ան կը յատկանշուի եւ ինքնութիւն կը կերտէ: Անոնք նաեւ անդրադարձան այն երեւոյթին, որ այդ հաւաքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի «Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ պայքարի կեդրոնին:
Երեկոյին ընթացքին տիրեց հայկական ճոխ մթնոլորտ, հնչեցին հայ երգն ու երաժշտութիւնը, հրամցուեցան հայկական ճաշեր, թնդացին հայկական ազգագրական պարերը, իսկ կէս գիշերին խրախճանքին միացան աւանդական տաւուլ զուռնան:
Լիբանանի տարածքին գտնուող համալսարաններու հայկական ուսանողական ակումբները այս նախաձեռնութեամբ կը նպատակադրէին ոչ միայն հայկական մթնոլորտ ստեղծել եւ հայկական արժէքներով ապրեցնել հայկական միջավայրին մօտիկ ու անկէ հեռու երիտասարդները, այլ նաեւ նեցուկ կանգնիլ «Հորիզոն» կեդրոնին, միանալ թմրամոլութեան կանխարգիլման եւ անոր դէմ պայքարի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ աջակցիլ ընկերային տարբեր հարցեր դիմագրաւող հայ երիտասարդներուն: