Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Մեծարման Երեկոյ

December 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

seta_112915

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կիրակի, 29 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի:

Հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանայի վարչութեան անունով փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթէպլեան: Ան ըսաւ, թէ Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Լիբանանէն Ամերիկա մեկնումին առիթով մէկտեղուած ենք, եւ թէեւ տխուր է հրաժեշտի այս պահը, սակայն ուրախութեամբ պէտք է ընկալենք, որովհետեւ ան արժանի է այս մեծարանքին: Այնթէպլեան կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի մէջ տարուող կամաւոր աշխատանքն ու ծառայողներուն մեծութիւնը, որուն օրինակելի տիպարներէն է Ս. Կանաչեան-Թիւսիւզեան: Ապա անդրադարձաւ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս մշակութային կեանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումներուն: Այնթապլեան ըսաւ, թէ «Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան իր աշխատանքներով եւ ծառայութեամբ ունեցած է իր վաստակը, որ միայն յարգանք կը պարտադրէ»:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսանողներ եւ ուսուցչական կազմէն անդամներ: Հելեն Ադամեան տուտուկով ներկայացուց «Գարնանային» ստեղծագործութիւնը, Նարէ Աշգարեան ջութակով ներկայացուց «Պախ-ժիկա»-ն, որմէ ետք Կայէլ (քանոնով) եւ Կարօ (դաշնակով) Գրիգորեանները ներկայացուցին «Վարդագոյն աղջիկներու պարը» երաժշտական կտորը: Կ. Գրիգորեան նաեւ նուագեց «Վաղարշապատի պարը», իսկ Շողիկ Թորոսեան իր մետաքսեայ ձայնով, ընկերակցութեամբ դաշնակի վրայ Յասմիկ Գասպարեանի, ներկաներուն հրամցուցին Բ. Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն  «Ալվարդի երազը», «Օրոր»-ը եւ «Պճինկօ»-ն:

Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի խօսքը փոխանցեց Նորայր Նաճարեան: Նաճարեան ըսաւ, թէ Ս. Կանաչեան-Թիւսիւզեան 45 տարիներու ընթացքին Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին  մէջ յարատեւ աշխուժութեամբ գործեց: Ան Ս. Թիւսիւզեանը նկատեց կամաւոր աշխատանքի հերուսուհի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին մէջ կատարած լայնածաւալ աշխատանքներուն համար: «Սիրելի՛ Սեդա, վստահ եմ, որ հոն ալ հանգիստ ձեռնածալ պիտի չմնաս: Մենք կը կորսնցնենք քեզ, բայց մենք քեզի երբեք պիտի չմոռնանք»,  եզրափակեց Նաճարեան:

Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան «Գուսան»  երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալլոզեանի: Երգչախումբը ներկայացուց «Գարուն եկաւ», «Հայրէն կարօտ» եւ «Հոյ Նար» խմբերգները:

Հանդիսութեան աւարտին Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան փոխանցեց իր շնորհակալութեան խօսքը:

 

Նախորդը

Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի Գործունէութիւնը. «Ի Հեճուկս Ցեղասպանին» Խորագրեալ Ձեռնարկ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Անդրադարձ. Մեծ Կաշառքը

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Վենեզուելայի Եւ Յունաստանի Դեսպանները
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վենեզուելայի Եւ Յունաստանի Դեսպանները

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.