Պէյրութի Արաբական-միջազգային գիրքի ցուցահանդէսի ծիրին մէջ, «Տար Սայէր Մաշրեք»-ի կազմակերպութեամբ շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, տեղի ունեցաւ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի ողբերգութիւնները» նիւթով կլոր սեղան մը` Պէյրութի Արաբական-միջազգային գիրքի ցուցահանդէսի դասախօսութիւններու սրահին մէջ, «Պիել»:
Կլոր սեղանի մասնակիցներն էին Լիբանանեան-ֆրանսական համալսարանի նախագահ դոկտ. Մոհամետ Սալհապ, պատմաբան դոկտ. Քրիսթեն Թաութալ եւ Ռամզի Սալամէ:
Կլոր սեղանը վարեց Վերա Եագուպեան: Ան բացման խօսքով անդրադարձ մը կատարեց 1914-ի պատմական իրադարձութիւններուն` ներկայացնելով համաշխարհային Ա. պատերազմին Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր, ողջ մնացածները բռնագաղթի ենթարկուելով քշուեցան դէպի Սուրիա, Իրաք, Յորդանան, Պաղեստին, Լիբանան եւ Եգիպտոս: Նոյն քաղաքականութեան զոհ գացին նաեւ ասորիներ եւ յոյներ` ջարդի ենթարկուելով:
Վերա Եագուպեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը արմատացաւ հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, զայն ժառանգեցին իրար յաջորդող հայ սերունդները եւ վերածեցին իրենց առօրեային անբաժան մէկ մասնիկը: Աշխարհով մէկ ցրուած հայ ժողովուրդի զաւակները աշխատեցան իրենց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ ամէն գնով վառ պահել հաւաքական յիշողութիւնը, որուն շնորհիւ հայութիւնը շարունակեց պայքարիլ եւ պահանջել իր իրաւունքները:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Վերա Եագուպեան անդրադարձաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի կուսակալ Ճեմալ Փաշայի կատարած վայրագութիւններուն, թէ ինչպէ՛ս շրջափակած է Լեռնալիբանանը եւ արգիլած ցորենի մուտքը այդ շրջան, ինչ որ պատճառ դարձած է սովի եւ համատարած հիւանդութիւններու, որոնց զոհ գացած են մօտաւորապէս 200 հազար լիբանանցիներ: Ան ըսաւ, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները Լիբանանի մէջ չեն ստացած իրենց պատմական արդար իրաւունքը, լուսարձակի տակ չեն առնուած եւ ոչ ալ պատմաբաններուն եւ ուսումնասիրողներուն ուշադրութեան արժանացած են, այլ մատնուած են մոռացութեան, հակառակ անոր որ արդիւնք են օսմանեան ծրագրուած քաղաքականութեան:
Անդրադառնալով ներկայիս արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ արագ փոփոխութիւններուն` Վերա Եագուպեան ըսաւ, թէ այսօրուան դէպքերը մեզի կը յուշեն 100 տարի առաջ տեղի ունեցածները: Անցեալի բռնութիւնները կը կրկնուին, բայց նոր դիմակներով, նոր գաղափարներով, որոնք կը վտանգեն ազգային պատկանելիութիւնը եւ ինքնութիւնը` քաղաքական նոր վարչակարգերու խաբկանքին տակ:
Վերա Եագուպեան ըսաւ, թէ կլոր սեղանին մասնակիցները պիտի ներկայացնեն վերջերս լոյս տեսած երեք գիրքեր, որոնք լոյս կը սփռեն Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակաշրջանին շրջանի ժողովուրդներու դաժան առօրեային, կրած փորձառութիւններուն, ցաւոտ եւ մութ իրականութիւններուն վրայ:
Կլոր սեղանին մասնակիցներէն Սեմիր Զեքիի բացակայութեան պատճառով Վերա Եագուպեան ներկայացուց անոր «Պանք Օթոման» վէպը: Վէպի երեւակայական հերոսները կը փնտռեն թատերական ներկայացում մը, որով կարենան լուսարձակի տակ առնել նորօրեայ կրօնական, բարոյական, համայնքային եւ նման խնդիրներ` արդարութեան խնդիրներուն կողքին: Վէպի հերոսներէն մին` Վասիլի, կը վերյիշէ հայերու կարաւանները, երբ կը հասնին Փոր Սայիտ: Կը նկարագրէ անոնց առօրեայ դժուարութիւնները նոր միջավայրին մէջ, ուր տեղացիներէն շատեր օգտակար կը դառնան ու շատեր նեղութիւն կու տան անոնց: Վէպին մէջ կը պատմուի նաեւ հայ երիտասարդներուն կողմէ 1896-ին Պոլսոյ մէջ Պանք Օթոմանի գրաւման մասին: Երիտասարդները կ՛ապստամբին Օսմանեան կայսութեան իրագործած քաղաքական եւ տնտեսական բռնութիւններուն դէմ:
Բարեկարգութիւններու սին կոչերէն յուսախաբ եւ համիտեան ջարդերէն, (որոնց զոհ գացին աւելի քան 300 հազար հայեր), վրէժ լուծելու միտումով հայ երիտասարդները գրաւեցին դրամատունը, գերի վերցուցին եւրոպացիներ եւ սպառնացին պայթեցնել զայն: Ռուսական միջամտութեամբ երիտասարդները ազատ կ՛արձակեն գերիները այն պայմանով, որ կ՛երաշխաւորուի իրենց ապահով դուրս գալը: Հայկական հարցին հանդէպ Արեւմուտքի ուշադրութիւնը գրաւելով բաւականացած տղաքը դուրս կու գան դրամատունէն: Ասոր իբրեւ արդիւնք օսմանցիները կը յարձակին հայկական գիւղերու վրայ եւ կը խլեն բազմաթիւ գիւղացիներու կեանքեր:
Կլոր սեղանի երկրորդ մասնակիցն էր դոկտ. Մոհամետ Սալհապ: Ան ներկայացուց նոր հրատարակուած երկու գիրքեր, որոնցմէ մէկը կը պատմէ Մարիամ անունով նորզելանտացի աղջկայ մը մասին, որ կ՛ամուսնանայ Էլիաս անունով լիբանանցիի մը հետ եւ կը հաստատուի Լիբանան: Մարիամ եւ իր զաւակները Համաշխարհային Ա. պատերազմի արհաւրիքը կ՛ապրին: Հակառակ Մարիամի թշուառ կացութեան, ան կը յաջողի պահել իր ամէնօրեայ յուշագրութիւնները 1916-էն 1918 թուականը երկարող ժամանակաշրջանի դէպքերուն մասին: Ազնիւ սիրոյ, մարդկային վեհ արժէքներու եւ զօրաւոր հաւատքի մասին պատմող պատմական վաւերագրական կարեւոր արժէք ներկայացնող աշխատութիւն մը կը նկատուի այս գործը, ըսաւ դոկտ. Մոհամետ Սալհապ:
Իր կարգին, Ռամզի Սալամէ` «Փրկուածները 1914-1918» վէպի հեղինակ, ըսաւ, թէ վիպական ոճով եւ գիտական մօտեցումով գրուած վէպը առաջ կը քաշէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցած շատ դէպքեր, որոնք արժանի են գիտական ուսումնասիրութեան ենթարկուելու: Ան պատմական ճշմարտութիւնները տուած է պատմողական գեղեցիկ ոճով: Վէպը ունի հետաքրքական եւ հաղորդական դիպաշար:
Ռամզի Սալամէ ըսաւ, թէ վէպը կը խօսի Պուլոս անունով լիբանանցի տղու մը մասին, որ կ՛ապրի Փարիզ: Իմանալով Լիբանանի մէջ ժողովուրդին նկատմամբ բիրտ ու անձնասէր վաճառականներու դաժան արարքներուն մասին ( այդ վաճառականներուն մէջ կար նաեւ իր հայրը, կը ձգէ Փարիզը եւ կը վերադառնայ Լիբանան: Ժողովուրդի ցաւը եւ հօրը անարդարութիւնը տեսնելով` կը հրաժարի աշխարհիկ կեանքէն եւ կը միանայ վարդապետներու դասին: Վէպը ազգային ու հայրենասիրական տխուր պատկերներ կը բանայ ընթերցողին աջեւ: Գիրքը ունի հայրենասիրական եւ մարդկային վեհ ապրումներ եւ կը ձգտի ազգային յիշողութեան վերականգման:
Վէպի պատմական ճշմարտութիւնները, որոնք մինչ այդ ինչ-ինչ պատճառներով թաքնուած էին, երեւան կը հանեն օսմանեան քաղաքականութեան ազդեցութիւնը Լեռնալիբանանի վրայ: Իր խօսքի աւարտի, Ռամզի Սալամէ ըսաւ, թէ միթէ՞ արժանի չեն լիբանանցի նահատակները պետականօրէն յիշուելու:
Վերջապէս ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Քրիսթեն Թաութալ : Ան խօսեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին օրերուն վերաբերեալ յիսուսեան հայրերու արխիւային փաստաթուղթերուն մասին: Փաստաթուղթերը կը բովանդակեն նամակներ, որոնք յղուած են յիսուսեան հայրերուն կողմէ Եւրոպա եւ այլ երկիրներ եւ կը նկարագրեն իրենց ողբերգութիւնը եւ օգնութիւն կը հայցեն Արեւմուտքէն: Դոկտ. Քրիսթեն Թաութալ համեմատեց նամակները Միրիամ Պու Սատերի «Սովի ընթացքին» գիրքին հետ, որուն մէջ յիշուած են պատերազմի ողբերգութիւնները, մարախի տարուան դժբախտութիւնը, ցորենի սպառումը եւ սովը Պէյրութի մէջ: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Ցեղասպանութեան ենթարկուած կ՛ըսենք, թէ սովամահ եղած, կարեւորը այս յիշողութիւնը չվերանայ կամ չմեռնի լիբանանցիներու մտքին մէջ, որովհետեւ քաղաքագէտները ափսոսացին նոյնիսկ ազգային օր մը յատկացնելու զոհուածներուն կամ յուշարձան մը կանգնեցնելու. պատմութիւնը անողորմ է»:
Աւարտին բանախօսները պատասխանեցին ներկաներուն ուղղած հարցումներուն: