Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարան Վերադարձի Պահանջը Նախաքայլ Մըն Է Մեր Բոլոր Ազգապատկան Կալուածներու Վերադարձի Իրաւական Գործընթացին»

Նոյեմբեր 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sis_112815

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 27 ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ յարուցած` Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածի վերադարձի դատը, որ իր տեսակին մէջ եզակի քայլ մըն էր` Հայ դատի իբրեւ շօշափելի ու գործնական նախաձեռնութիւն, ցնցում պատճառեց հայ եկեղեցական թէ քաղաքական իրականութեան մէջ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անմիջական հսկողողութեամբ, երեք տարիներու ընթացքին դատի նախապատրաստական աշխատանքները տարուեցան լրջութեամբ եւ հետեւողականութեամբ` հեռու լուսարձակներէ: Դատի թղթածրարին պատրաստութեան աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին թուրք եւ օտար միջազգային օրէնքի մասնագէտներ:

Զանազան առիթներով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վեհափառ հայրապետին ճամբով լայն բացատրութիւններ տուաւ յիշեալ դատին մասին` նկատի ունենալով անոր իւրայատուկ կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետին հրաւէրով հինգշաբթի, 27 նոյեմբեր 2015-ին «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, աւելի քան 50 մտաւորականներու ներկայութեամբ, լուսարձակի տակ առնելու դատին ներքին ծալքերն ու զանազան երեսները: Վեհափառ հայրապետը նախքան դատին մանրամասնութիւններուն եւ բացատրութիւններուն անցնիլը հարց տուաւ, թէ ո՞վ է մտաւորականը: Ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց, թէ մտաւորականութիւնը, որ կոչուած է առանցքային դեր ունենալու մեր հայրենիքին եւ գաղութներուն մէջ, փաստօրէն սկսած է նօսրանալ: Արամ Ա. կաթողիկոսի համաձայն, «մտաւորականը միայն գրողը եւ գիրք տպողը չէ, այլ մեր կեանքին մէջ տագնապողն է, ըսելիք ու ընելիք ունեցող անձն է, մեր կեանքը առաջնորդելու եւ անոր առջեւ նոր հորիզոններ բանալու ատակ ու յանձնառու մարդն է»:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս 7 հարցադրումներ կատարեց եւ անոնց ընդմէջէն մանրամասնօրէն ներկայացուց դատի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը իր բոլոր հանգրուաններով: Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, որ կարեւոր ներդրում ունեցած էր փետրուար 2012-ին կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէ հատուցում» միջազգային համագումարի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ դատի թղթածրարի պատրաստութեան աշխատանքին մէջ, ներկայացուց դատին հետ աղերս ունեցող միջազգային ու թրքական օրէնքներուն տարբեր երեսները եւ անոր իրաւական հիմնաւորումները:

Վեհափառ հայրապետը մտաւորականներուն պարզեց դատին ամբողջական եւ հսկայածաւալ թղթածրարը բոլոր մանրամասնութիւններով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւներուն մէջ գտնուող զանազան կալուածներու փաստաթուղթերը, «Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէ հատուցում» միջազգային համագումարին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները ամփոփող «Ինթըրնեշընըլ Քրիմինըլ Լոու» պարբերաթերթին օրինակը եւ կաթողիկոսութեան կողմէ անոր վերահրատարակած «Լիկըլ էվընիուզ ֆոր Արմինըն ճենըսայտ Ռիփըրէյշըն» հատորին օրինակը` իւրաքանչիւրին պարագային տալով անհրաժեշտ բացատրութիւններ: Եզրակացնելով, վեհափառ հայրապետը վստահեցուց, թէ «Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի դատը փաստօրէն շատ կարեւոր նախաքայլ մըն է մեր համազգային դատին ծիրին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ զոհն է Հայոց ցեղասպանութեան, 100-ամեակէն վերջ, յանուն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, պիտի շարունակէ Հայ դատի իրաւական հետապնդումի գործընթացը»:

Աւարտին, ներկաները շարք մը հարցումներ ուղղեցին զիրենք մտահոգող նիւթերուն շուրջ, որոնք լուսաբանուեցան վեհափառ հայրապետին եւ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին կողմէ տրուած սպառիչ պատասխաններով:

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» Երգչախումբին Հանդիսաւոր Համերգը

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Պոլսահայ Վաստակաւոր Բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին

RelatedPosts

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Ուալիտ Պըն Թալալ» Բարեսիրական Հաստատութեան Փոխնախագահ, Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Ճեմարան

Յուլիս 14, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?