Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կամաւորներու Օր. Հայութեան Կեանքին Մէջ Կամաւոր Սկզբունքով Գործող ԼՕԽ-ը Հզօրութեան Եւ Հպարտութեան Աղբիւր Է

Նոյեմբեր 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

lokh-6_112815

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան հանդիսութիւնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ անդրադառնալով ԼՕԽ-ին դրամագլուխը հանդիսացող կամաւոր սկզբունքով աշխատանքին` դիտել տուաւ, որ այդպիսով միութիւնը նաեւ լոյս կը սփռէ կամաւոր դառնալու կարեւորութեան եւ անոր բարեմասնութիւններուն վրայ` ո՛չ միայն ստացողին, այլ նաեւ տուողին մօտ: Ան կարեւոր նկատեց կամաւոր ծառայութեան ճամբով այդ աշխատանքը կատարողին մէջ ձեւաւորուող զգացական իմաստութիւնը,  ինքնարժեւորման զգացումը, առանց փոխարէնի եւ անսակարկ տալու պատրաստակամութիւնն ու գոհունակութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ պատմութեան մեծագոյն եւ առաջին ընկերային ծառայողը Յիսուս Քրիստոս է, որմէ օրինակ պէտք է առնել եւ անոր ուղիով ընթանալ: Ան դիտել տուաւ, որ կեանքի հիմնական սկզբունքներէն է այն, որ պէտք է ըլլալ փոքր` առանց փոքրանալու ու փոքր մնալու, ծառայել` առանց զգացնելու, նուիրուիլ` առանց խտրականութեան ու գանգատի, այլ բարձրանալ ծառայութեամբ, կարօտեալին, որբին, այրիին, ծերին եւ ընկերային հարցեր ունեցողին կողքին կանգնելով յաւելեալ շնորհներով օժտուիլ: Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան ըսաւ, որ կամաւոր ծառայութիւնը շնորհ մըն է, որ իբրեւ սերմնահատիկ կայ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ, եւ աղօթքով, ծառայութեամբ ու սիրով ջրտուք կը կատարուի, որպէսզի ծաղկի, ուռճանայ` շուք եւ հովանի ըլլալու համար կարիքաւորին եւ օգնութիւն հայցողին: Ըստ անոր, մարդ պէտք է այս բոլորը ընելու հետամուտ ըլլայ ու համար ցաւով, տագնապով եւ յոգնութեամբ տայ անձէն, որպէսզի տրուածը արժեւորուի, Աստուծոյ կողմէ վարձահատոյց ըլլայ:

Իր խօսքը եզրափակելով Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան հաստատեց, որ կամաւոր աշխատանքն ու ծառայութիւնը պէտք է կատարել ժպիտով ու սիրով, որովհետեւ կարիքաւորը ճաշէն աւելի պէտք ունի ժպիտի, ծերն ու այրին օգնութենէն աւելի պէտք ունին գուրգուրանքի ու հոգածութեան, իսկ այս բոլորը ընելու ատեն պէտք է զգուշ ըլլալ չվիրաւորելու մարդոց արժանապատուութիւնը եւ տալու այնպէս, կարծես մարդոց իրաւունքն է, որ կը տրուի իրենց:

Գեղարուեստական բաժինով հայկական հարազատ երգերով հանդէս եկան ու ներկաները մեծապէս տպաւորեցին Մինաս Ադամեանն ու Լոռի Քէշիշեանը, որոնց նուագակցեցաւ Արի Վարդանեան:

Օրուան երկրորդ պատգամաբերն էր Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց հայոց պատմութեան մէջ հայ մօր, կնոջ եւ երիտասարդուհիին ունեցած մեծ ներդրումն ու դերակատարութիւնը` փաստերով անդրադառնալով տարբեր ժամանակաշրջաններու իգական սեռին նկատմամբ եղած յարգանքին, արժեւորման` տարբեր օրէնքներու եւ սովորութիւններու ընդմէջէն: Ան հաստատեց , որ հայկական իրականութեան մէջ մայրն ու կինը նկատուած են կենսատու աղբիւր, կեանք ու շունչ պարգեւող էակներ, այդ պատճառով ալ հայրենիքը կոչուած է մայր, լեզուն` մայրենի,  իսկ Արաքս գետը` մայր:

Անդրադառնալով ԼՕԽ-ականներու ծաւալած նուիրեալ գործունէութեան եւ կամաւոր անզուգական աշխատանքին` Եսայի Հաւաթեան ըսաւ, որ միայն կարելի է խոնարհիլ եւ յարգանքով մօտենալ անոնց, որոնք միշտ ալ ներկայ եղած են բոլորին օգնելու եւ կարեկցելու համար: Ան հաստատեց, որ կիները շատ աւելի մեծ հաւատք ունին իրենց կարողականութեան նկատմամբ, քան այր մարդիկ, այդ պատճառով ալ գործած են հաւատքով եւ բան մը փոխելու տրամադրութեամբ, իսկ ԼՕԽ-ի պարագային` նաեւ կամաւորաբար: Բանախօսին համաձայն, հայկական իրականութեան մէջ ԼՕԽ-ը ուժի եւ ազգային հպարտութեան աղբիւր է, որուն միջոցով կը հզօրանայ ազգը եւ կը շարունակէ իր վճռական երթը:

Աւարտին Շահէ եպս. Փանոսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` յայտնելով, որ ԼՕԽ-ի ընտանիքին մէջ է, որ կը նշուի Կամաւորներու օրը, որովհետեւ անիկա կը գործէ կամաւոր ուժերու համախմբումով ու ներդրումով, մեր մայրերուն ու քոյրերուն նուիրեալ աշխատանքով, որուն դիմաց ԼՕԽ-ականը ոչ մէկ ակնկալութիւն կ՛ունենայ: Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ իրենց շրջապատի կարիքներուն գիտակցելով եւ իրենց ուժերուն հաւատալով` ԼՕԽ-ի անդամները կը միանան, կը կազմակերպեն, կը փորձեն լուծումներ եւ ելքեր գտնել ու կը լծուին աշխատանքի` ձեռք երկարելով ու բարձրացնելով կարիքաւորները, որպէսզի անոնք շարունակեն ընթանալ դէպի յառաջ, այսպիսով ազգին գոյերթը երաշխաւորելով:

Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ կամաւոր աշխատանքը սրտակցութիւն է, որ ծնունդ կ՛առնէ քրիստոնէական հաւատքէ, իսկ ԼՕԽ-ականները նկատեց Աստուծոյ կողմէ ընտրուած միջոցները ընկերութեան ցաւը մեղմացնելու, բեռը թեթեւցնելու եւ աստուածահաճութիւն պարգեւելու:

Իր խօսքը եզրափակելով առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ յառաջիկայ սերունդները հպարտօրէն իւրացնեն ծառայութեան ոգին  եւ պահեն մեր ընկերութիւնը կամաւոր աշխատանքին ճամբով:

 

 

Նախորդը

Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Անուան Շարադրական Մրցանքին Մասնակցեցան 70 Աշակերտներ

Յաջորդը

«Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Ողբերգութիւնները» Նիւթով Կլոր Սեղան

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?