Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի Գործունէութիւնը. «Ի Հեճուկս Ցեղասպանին» Խորագրեալ Ձեռնարկ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

Դեկտեմբեր 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hej-1_112815

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին շաբաթ, 28 նոյեմբեր 2015-ի  երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ «Ռահպանի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ի հեճուկս ցեղասպանին» խորագրեալ ձեռնարկը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

hej-3_112815

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Արազ Գոճայեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «Ֆրիտըմ տենս կրուփ» պարախումբին կողմէ հայկական ազգագրական պարերու ուսուցում, որուն ընթացքին բազմաթիւ օտարներու եւ հայորդիներու հետ հայկական պարեր պարելով անիկա ստեղծեց խանդավառ եւ մտերմիկ մթնոլորտ մը, ապա Մեծի Տանն Կիլկիիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի ատենապետ Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան բեմ բարձրացաւ փոխանցելու համար բացման խօսքը: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին յաջողցնելու համար  սոյն ձեռնարկը: Ղազարեան հաստատեց, որ երբ քրիստոնէական որեւէ առիթով կը հաւաքուինք, մեր սիրտերը ոչ միայն յոյսով կը լիցքաւորուին, այլ նաեւ ներողամտութեամբ եւ ուրախութեամբ, որոնց համար շնորհակալ ենք Աստուծոյ: Ան նշեց, որ իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող ժողովուրդ հայութիւնը միշտ ալ եղած է հաւատացեալ, վճռակամ եւ  նահատակներու առաքելութիւնը պահող ու շարունակող ժողովուրդ:

Յաջորդաբար ցուցադրուեցաւ Յովիկ Յակոբեանի` Ցեղասպանութեան մասին պատրաստած տեսերիզը, որուն յաջորդեց Նժդեհ Պոտրումեան` ելոյթ ունենալով «Բարի արագիլ», «Պլպուլի հիտ» եւ «Մուշ» երգերով: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ալիս Իփրաճեան, որ իր կարգին ներկայացուց «Հայոց մայրեր» եւ «Ղարաբաղ» երգերը:

hej-2_112815

Ապա Նշան վրդ. Լախոյեան, հայր Թոնի Խատրա եւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան կատարեցին Հայոց  ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նոր գիրքերու գինեձօնը, որմէ առաջ Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ գինեգործութեան եւ գինեձօնի մասին, ինչպէս նաեւ Գէորգ Յակոբճեան ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան կողմէ երեք նոր հրատարակուած գիրքերն ու անոնց հեղինակները:

Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ հովիւ հայր Թոնի Խատրա արտասանեց իր սրտին խօսքը: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն հայութիւնը հետաքրքրող դատ մը պէտք չէ ըլլայ, այլեւ` համայն մարդկութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական «Նռան» գինով, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին ընկերակցութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը դէպի Անթիլիասի մայրավանք, ուր Ցեղասպանութեան նուիրուած մատուռին առջեւ մոմավառութիւն կատարուեցաւ` Տաճատ վրդ. Աշըգեանի գլխաւորութեամբ եւ միաբաններու ներկայութեամբ:

Երիտասարդական Սեմինար` «Կամաւոր Աշխատանքը
Եւ Եկեղեցին» Նիւթով

sem_112115

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմին, շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի միջդպրաց դասերու միօրեայ երիտասարդական սեմինար մը` «Կամաւոր աշխատանքը եւ եկեղեցին» նիւթով:

Սեմինարին նպատակն էր համախմբել Լիբանանի հայոց թեմի կամաւոր ծառայող երիտասարդները, լսել անոնց փորձառութիւնները, բաժնեկցիլ անոնց կարծիքներն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ երիտասարդներ կամաւոր ծառայութեան մղելու կերպեր ու միջոցներ որդեգրել:

Բացման խօսքը ուղղեց Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Նշան վրդ. Լախոյեան, որ իր կարգին բարի գալուստի խօսքեր արտասանելէ ետք, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Երիտասարդական բաժանմունքի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ օրուան պատգամն ու յայտագիրը ներկայացուց երիտասարդներուն:

Սեմինարին առաջին զեկուցաբերն էր Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ ներկայացուց «Կամաւոր ծառայութեան արժէքը Աստուածաշունչին եւ եկեղեցւոյ դիտանկիւնէն»: Հայր սուրբը նշեց, որ կամաւոր ծառայութիւնը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծառայութեան մարզին ամէնէն կարեւոր դաշտը կը հանդիսանայ եւ ընդգծեց, որ անցեալին եկեղեցին լայն աճ ապրած է  եւ հաւատքը գործնականացած է շնորհիւ կամաւոր ծառայութեան: «Բոլոր ժամանակներու օրինակելի մեծագոյն ծառան Յիսուս Քրիստոսն է, որուն ուսուցած վարդապետութեամբ եւ անձին օրինակով, Ան մարդկային ընկերութեան առաջին ծառան դարձաւ», շեշտեց հայր Թորգոմ:

Զեկուցումին աւարտին հարցում-պատասխաններու ընդմէջէն յաւելեալ քննարկում տեղի ունեցաւ եւ անիկա ստացաւ կլոր սեղանի բնոյթ, որուն ընթացքին Երիտասարդական բաժանմունքի անդամները իրենց մասնակցութիւնը բերելով ներկաներուն փոխանցեցին կամաւոր ծառայութեան իրենց անձնական փորձառութիւնները` զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս եկեղեցական, ազգային, համայնքային եւ այլն:

Սեմինարին երկրորդ բաժինով Երիտասարդական բաժանմունքի անդամներէն Քրիստին Արզումանեան-Ղազարեան կազմակերպեց աշխատանոց մը, որուն նպատակն էր մասնակիցները մղել գործունեայ ըլլալու եւ ա՛լ աւելի առողջ եւ ինքնաբաւ կեանք մը վարելու: Աշխատանոցին ընթացքին Արզումանեան-Ղազարեան ներկայացուց բարօրութեան հիմնական 5 քայլեր, որոնք կը նպաստեն թէ՛ անձին առօրեայ եւ թէ՛ համայնքային կեանքի բարելաւման: Աշխատանոցին մասնակիցները առիթ ունեցան մտածելու իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին եւ զանոնք կապելով բարօրութեան 5 քայլերուն` զրուցեցին եկեղեցւոյ մէջ կամաւոր ծառայութիւնը ա՛լ աւելի ազդեցիկ ու ինքնաբուխ ձեւով կատարելու մասին: Իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ մշակում Ս. Ծնունդին առիթով ծրագիրներու, զորս կը մտադրուի կազմակերպել Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ:

Սեմինարի մթնոլորտին յաջորդեց ընկերային ընթրիքն ու Քարաոքէի երեկոն: Ներկաները իրենք ճոխացուցին մթնոլորտը հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն երգերով:

 

Նախորդը

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Մեծարման Երեկոյ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պետութիւններու Շահերը  Եւ Տրամադրուող Պատրուակները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

Մայիս 21, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 21, 2025
Աուն-Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Սալամ Հանդիպում

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?