Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ԶՈԳ. Աշխատանքի Ընդունուելու Համար «Սի. Վի.»-Ներու, «Քավըր Լեթըր»-ներու Եւ Հարցազրոյցներու Պատրաստութեան Յատուկ Աշխատանոց

March 22, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

zok-1_31916

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին (ԶՈԳ), շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն սկսեալ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Stand Out® Get Employed!» (Տարբերուէ՛ եւ աշխատանքի ընդունուի՛ր) հայ ուսանողներու յատուկ աշխատանոցը:

Չորս ժամ տեւած աշխատանոցին նպատակն էր հայ ուսանողին եւ նորաւարտին ներկայացնել «Սի. Վի.» եւ «Քավըր Լեթըր» գրելու, ինչպէս նաեւ գործի հարցազրոյցի մը լաւապէս պատրաստուելու մասնագիտացած մարզում` մասնագէտներու կողմէ:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, մասնակցութեամբ երեք մասնագէտ դասախօսներու` Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան, Լուիզա Պապոյեան եւ Սիւզի Սեմերճեան:

zok-2_31916

Շուրջ 60 ուսանողներու ներկայութեամբ, աշխատանոցին բացման խօսքը արտասանեց ԶՈԳ-ի անդամ Նանօր Պալապանեան` նշելով, որ Լիբանան կ՛ապրի տնտեսական վատ պայմաններու մէջ եւ անոր պատճառով նորաւարտներու գործ ապահովելու դժուարութիւն գոյութիւն ունի:

Ան նշեց նաեւ, որ ԶՈՄ-ի կազմակերպած այս ձեռնարկին նպատակն է օգտակար հանդիսանալ հայ համալսարանաւարտին` զինք լաւապէս զինելով բարձրորակ «Սի. Վի.»-ով, «Քավըր Լեթըր»-ով եւ տպաւորիչ ու յաջող հարցազրոյցով մը:

Պալապանեան փակեց իր խօսքը` յուսալով, որ ԶՈՄ-ը այս ձեռնարկով օգտակար հանդիսանայ հայ համալսարանաւարտին, որ ունենայ գործի բարենպաստ առիթներ, հասնի բարձր դիրքերու եւ դառնայ գործունեայ տարր օտար եւ հայկական շրջանակներուն մէջ:

Ապա, ԶՈԳ-ի ատենապետ Լոռի Վարդանեան ներկաներուն փոխանցեց օրուան յայտագիրը` իր երեք բաժիններով, եւ ներկայացուց աշխատանոցը վարող մասնագէտները` շեշտը դնելով անոնց բարձրորակ եւ մասնագիտացած կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հարուստ եւ յաջող փորձառութիւններուն վրայ:

 

Նկատի ունենալով, որ մարտ ամիսը Կիներու միջազգային ամիս է, ԶՈՄ-ի կազմակերպած այս աշխատանոցին հրաւիրուած էին իգական սեռի պատկանող երեք ղեկավար լիբանանահայ դէմքեր` դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան` Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան տնօրէն, դոկտ. Սիւզի Սեմերճեան` «Մէնէյճմընթ Միքս» ընկերութեան տնօրէն եւ համալսարանի դասախօս, եւ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան` «Քսարա» ընկերութեան որակի եւ մարդկային պաշարներու բաժանմունքի տնօրէն, համալսարանի դասախօս եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:

Առաջին բաժինով դոկտ. Մարալ Կիտանեան ներկաներուն փոխանցեց Լիբանանի գործի շուկայի ընդհանուր վիճակագրական պատկերը եւ տնտեսական տեղաբաշխումը: Ան նշեց թոշակներու եւ ամսական եկամուտներու տուեալները, գործի զանազան մարզերու վիճակը, ինչպէս նաեւ անգործութեան համեմատութիւնը` ըստ տարիքային բաժանմունքի: Ան բացատրեց անգործութեան պատճառները եւ խօսեցաւ անոնց հետեւանքներուն մասին` եզրակացնելով, որ երիտասարդութեան գաղթի հիմնական պատճառը անգործութեան աստիճանն է, որ Լիբանանի մէջ կը հասնի 10 առ հարիւրի, թէ ինչպէս նաեւ ամսականներու աստիճանին (սելըրի սքէյլ) ցած ըլլալը:

Ձեռնարկին երկրորդ բաժինը` «Սի. Վի.» եւ «Քավըր Լեթըր» պատրաստելը, ներկայացուց տնտեսագէտ եւ դրամական գիտութիւններու մասնագէտ դոկտ. Սիւզի Սեմերճեան: Սեմերճեան եռանդուն եւ հաղորդական ձեւով բացատրեց,  թէ ի՛նչ նախապատրաստութիւններ եւ քայլեր գործի խնդրարկու մը պէտք է առնէ, որպէսզի ունենայ յաջող, ներկայանալի եւ ցայտուն գործի դիմումի թղթածրար մը: Անդրադառնալով յաճախ կրկնուող սխալներու` ան ուսանողներուն մատնանշեց, թէ ի՛նչ պէտք է ներառել եւ ի՛նչ դուրս ձգել իրենց «Սի. Վի.»-ներէն: Ան իր շեշտը դրաւ նաեւ անհատի աւելցուած արժէքին (էտըտ Վելիու) վրայ: Սեմերճեան բացատրեց, որ պէտք է իւրաքանչիւր «Սի. Վի.» եւ «Քավըր Լեթըր» յարմարցուած ըլլայ ըստ պահանջներուն այն ընկերութեան, որուն ուսանողը պիտի դիմէ:

Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան վարեց երրորդ նիստը` ինչպէս պատրաստուիլ եւ ներկայանալ հարցազրոյցի: Ան անդրադարձաւ հիմնական երեք կէտերու. առաջին` պատրաստութիւն հարցազրոյցին, որ կը բովանդակէ յատուկ փնտռտուք դիմած ընկերութեան մասին, որ պիտի օժտէր թեկնածուն ընդհանուր գիտելիքներով` ընկերութեան մասին, եւ ինքզինք պատրաստէ որեւէ անսպասելի հարցումներու: Երկրորդ կէտն էր` ճիշդ ձեւի զգեստաւորումը, որ կ՛ընդգրկէր ճիշդ գոյնի, հանգիստ, բայց ոչ համարձակ հագուստ զատելը, ինչպէս նաեւ մազերու կոկիկութիւնն ու յարդարումը: Վերջապէս, Պապոյեան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Հոս յատուկ շեշտ դրաւ «մարմնի լեզու»-ին (պատի լենկուէյճ) վրայ: Ան բացատրեց, որ այս բոլորը կրնան պատճառ հանդիսանալ անհատի մը գործի ընդունման կամ մերժումին: Ան նաեւ աւելցուց, որ իւրաքանչիւր անձ պէտք է ուշադիր ըլլայ, թէ ինչպէ՛ս կը նստի, կը խօսի, մտիկ կ՛ընէ եւ կը շարժի հարցազրոյցի մը ժամանակ, ինչպէս նաեւ ինքզինք կը ներկայացնէ «ֆէյսպուք»-ի մէջ, որպէսզի անհատը որեւէ ժխտական արձագանգ չձգէ եւ իր գործի ընդունման կարելիութիւնները բարձրացնէ:

Դասախօսութիւններու աւարտին առիթ տրուեցաւ աշխատանոցի մասնակցողներուն, որ իրենց «Սի. Վի.»-ները սրբագրուին մասնագէտներուն կողմէ:

Նշենք, որ ԶՈԳ յանձնախումբը արդէն ծրագրած է իր յաջորդ աշխատանքը, ուր լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն պիտի տրուի SAT-ի նոր ծրագիրի անվճար դասընթացք:

 

Նախորդը

Լիբանանեան – Ամերիկեան Համալսարանի Պէյրութի Մասնաճիւղ. Միօրեայ «Լիթըլ Արմենիա» Մշակութային Փառատօնով Հայկական Մշակոյթը Եւ Ժառանգութիւնը Ներկայացուեցան

Յաջորդը

Մամլոյ 115-րդ Լսարան. «Մենք Պէտք Է Խօսնակը Դառնանք Մեր Պատմութեան, Եւ Ոչ Թէ Դիտորդը» Ըսաւ Դոկտ. Միհրան Տապպաղ

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով
Գաղութային

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

October 24, 2026
«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.