Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւագ Հինգշաբթի Օրուան Նշում` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Մարտ 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անթիլիասի Մէջ

 «Ծառայութիւնը Սիրոյ
Պերճախօս Վկայութիւնն Է»

Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Washing-feet_Antelias_32416

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին ժամերու դէպքերն ու խորհուրդները իր մէջ պարփակող Աւագ հինգշաբթի օրը մեծ շուքով եւ եկեղեցական հարուստ արարողութիւններով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: Հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ Կարգ ապաշխարողաց եւ ապա, Ս. հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման յիշատակի պատարագը:

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս կատարեց Ոտնլուայի հոգեթով արարողութիւնը` Յիսուս Քրիստոսի օրինակով միաբան հայրերու եւ դպրեվանքի սաներուն ոտքերը լուալով: Արարողութեան աւարտին վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ վեր առաւ Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութեան խորհուրդին էութիւնը կազմող սիրոյ, ծառայութեան եւ խոնարհութեան երեք կարեւոր արժէքները:

«Յիսուս իր կեանքի օրինակով ցոյց տուաւ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ սիրել, ծառայել եւ կեանքին մէջ խոնարհ ըլլալ: Աստուծոյ Միածին Որդին ծառայեց մարդոց Իր կեանքի օրինակով եւ խաչին վրայ արիւնը թափելով` ցոյց տալով մարդ ըլլալու, Աստուծոյ փրկութեան ճամբէն քալելու եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու ճշմարիտ կերպը` վաւերական ճամբան: Քրիստոսի կեանքին մէջ սէր, խոնարհութիւն ու ծառայութիւն իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են եւ մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ զՔրիստոս ունենալ իբրեւ մեր կեանքի հայելին եւ Քրիստոսի նայելով փորձել մեր կեանքը ըմբռնել, ապրիլ ու մեր մարդկային կոչումը իրագործել քրիստոսաւանդ արժէքներով», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Բոլոր եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին Մայր տաճարն ու կաթողիկոսարանի շրջափակը լեցուն էին հայ ժողովուրդի զաւակներով եւ յատկապէս երիտասարդներով: Բոլորն ալ հաւատքի մղումով եկած էին նշելու յիշատակը վերջին ընթրիքի դէպքերուն եւ պատրաստուելու աւելի ուշ տեղի ունենալիք Կարգ չարչարանացին:

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

 «Պէտք Է Տոկուն Հաւատքով
Քալենք Աստուծոյ Հետ»

Ըսաւ Շահէ Եպս. Փանոսեան

Washing-feet_32416Washing feet 3_32416Երէկ` հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն, ձեռամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մերօրեայ ընկերութեան մէջ քրիստոնէական հասկացողութիւնները սկսած են տեղ չունենալ, եւ ցաւով յայտնեց, թէ մենք կամայ թէ ակամայ կը հետեւինք աշխարհի կանոններուն, ներկայ ընկերութեան պայմաններուն եւ կը փորձենք մեր կեանքը ձեւաւորել այդ պայմաններուն յարմարելով` մոռնալով, որ մեր ազգային  աւանդութեան մէջ նահապետական տուներուն մէջ անցեալին հիւրերը ոտնլուայով կը դիմաւորէին: Ան ըսաւ, որ մեր յիշողութեան մէջ շատ բան մնացած չէ, սակայն մեր եկեղեցական կեանքի մէջ պահուած է ոտնլուան, որպէսզի այդ արարքին միջոցով ցոյց տանք սիրոյ եղանակ, ցոյց տանք մեր կապուածութիւնը Աստուծոյ հանդէպ, ցոյց տանք, թէ ինչո՛ւ այսօր եկեղեցի գալով կը վերապրինք մեր Տիրոջ խոնարհութեան յիշատակը, որպէսզի անոր ընդմէջէն մեր կեանքին նոր մղում եւ նոր ուղղութիւն տանք: «Կ՛ապրինք ժամանակներու մէջ, ուր անձնասիրութիւնը, եսակեդրոն կեանքի ոճը կը տիրապետեն, սակայն անցնող բոլոր ժամանակներուն, մենք` հայութեան բեկորներս աշխարհի բոլոր ծայրամասերուն մէջ ապրած եւ գոյատեւած ենք շնորհիւ մեր հաւատքի ամրութեան, ցեղային նկարագիրի հաւատարմութեան եւ հաւատքի զօրութեան», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` հարց տալով, որ ներկայ կեանքի դժուարին պայմանները ի՞նչ ձեւով պիտի յաղթահարենք եւ ինչպէ՞ս յաղթական դուրս պիտի գանք այդ դժուարութիւններէն, որոնք մեր ընկերութեան մէջ հետզհետէ կ՛արմատաւորուին եւ կը խորանան: Շարունակելով իր խօսքը` Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, թէ հայ եկեղեցին Աւագ շաբթուան ընթացքին մեզի կը յուշէ, որ վերստին փարինք մեր քրիստոնէական հաւատքին, մեր ազգային բարքերուն, որպէսզի հաւատքով կարենանք յաղթանակ տանիլ եւ ապրիլ ու գոյատեւել արժանի կերպով: Ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին իրենց զաւակները համոզումով Աստուծոյ ընծայելու, որպէսզի անոնք Աստուծոյ ճանաչողութեան լոյսով իրենց կեանքը կազմաւորեն: «Ոտնլուայի խորհուրդով զիրար սիրեցէք ոչ ձեւականօրէն, այլ այն ոգիով, որով Քրիստոս սիրեց իր աշակերտները եւ բնական մղումով ծունկի եկաւ ու անոնց ոտքերը լուաց առանց իր մեծութենէն բան մը կորսնցնելու», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ բացատրեց, որ սիրոյ այս արարքով Քրիստոս իր աշակերտներուն աստուածային գերագոյն սիրոյ օրինակը ցոյց տուաւ գործնականօրէն եւ զիրենք աշխարհ ղրկեց, որպէսզի Աստուծոյ Աւետարանը տարածեն աշխարհի չորս ծագերուն: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ առանց տոկուն արժէքներու ոչ ոք կրնայ տոկալ կեանքի եւ աշխարհի ասպարէզին մէջ, նաեւ առանց Աստուծոյ աջակցութեան անպայմանօրէն բոլորս կը սայթաքինք եւ կը խորտակուինք` աւելցնելով, որ պէտք է տոկուն հաւատքով, բարոյական արժէքներով զինուած եւ պատուիրաններուն հաւատարմութեամբ քալենք Աստուծոյ հետ, որպէսզի իր կամքը գործադրենք աշխարհի մէջ մեր աջակցութեամբ եւ մեր աշխատանքով:

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Washing-feet_Zalka_32416

Երէկ` հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը: Արարողութիւնը հանդիսապետեց եւ Ոտնլուան կատարեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` մասնակցութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ  Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, փոխժողովրդապետ  Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, Եղիա Ծ. վրդ. Եղիայեանի եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջներով սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամերգութիւնը, որմէ ետք տասներկու մանուկներ ու պատանիներ` խորանին երկու կողմերը իրենց տեղը գրաւելով, շրջապատեցին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ խաչով եւ Աւետարանով օրհնեց սեղանին վրայ զետեղուած ջուրը, ապա` ղենջակը կապելով մէջքին, լուաց մանուկներուն ոտքերը:

Ոտնլուայի արարողութենէն ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը տուաւ իր պատգամը: Ան, ակնարկելով Աւագ շաբթուան հոգեպարար եւ յուզումնալից արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու կարեւորութեան, ըսաւ, թէ  Աստուծոյ միածին Որդին խոնարհեցաւ իր առաքեալներուն առջեւ, անոնց ոտքերը լուաց, սրբեց եւ տուաւ նոր պատուիրանը. «Զիրար սիրեցէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի ու պիտի սիրեմ, երբ խաչին վրայ արիւնս թափեմ»: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յայտնեց, որ միայն ոտքերը լուալով չենք կրնար հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, այլ պէտք է մեր եղբայրը սիրենք ցմահ, պէտք է ուրանանք մենք զմեզ, որպէսզի մեր եղբօր ամէն տեսակի բարիք պարգեւենք: Աստուած մեր մասին մտածեց,  մեզ սիրեց, գոյութեան կանչեց, մեզ իբրեւ իր որդիները որդեգրեց եւ հրաւիրեց երկինքի արքայութեան. եթէ կ՛ուզենք սիրել Աստուած, պէտք է սիրենք մեր եղբայրը, եթէ չսիրենք մեր եղբայրը, կը նշանակէ, որ սուտ ենք, եւ ճշմարտութիւն չկայ մեր սրտին մէջ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը` անդրադառնալով մեր եղբայրներուն կատարած չարիքներուն, ըսաւ, թէ անոնք կը մնան Աստուծոյ որդիները, որոնց համար Քրիստոս մեռաւ: Ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս մէկուկէս միլիոն նահատակներ զոհուեցան, որովհետեւ կը հաւատային, ներկայիս հազարաւորներ կը գլխատուին, կը սպաննուին, որովհետեւ կ՛ուզեն հաւատարիմ մնալ Քրիստոսին, Աստուծոյ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ պատգամէն ետք Ս. պատարագը շարունակուեցաւ եւ բոլոր հաւատացեալները հաղորդուեցան Քրիստոսի մարմինով ու արիւնով:

Յաւարտ Ոտնլուայի կարգին, մասնակցող տասներկու մանուկները ստացան յիշատակի նուէրներ:

Նախորդը

Ասատուր Եւ Յարութիւն Թորոսեան Այցելեցին «Ազդակ»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը  Այցելեց Անթիլիաս
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Այցելեց Անթիլիաս

Մայիս 13, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի Մէջ Փոքրամասնութիւն Նկատուելու Բարդոյթէն Պէտք Է Ազատուի»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի Մէջ Փոքրամասնութիւն Նկատուելու Բարդոյթէն Պէտք Է Ազատուի»

Մայիս 13, 2025
Լիբանանի Բժշկական Միութիւնը Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Հոգեբուժներ Վահէ Բիւզանդեանի Եւ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին
Գաղութային

Լիբանանի Բժշկական Միութիւնը Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Հոգեբուժներ Վահէ Բիւզանդեանի Եւ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?