Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիրելի՛ Մայրեր. ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Կը Շնորհաւորէ

March 21, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hranoush_32016

Սիրելի՛ մայրեր

Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Մայրերու տօնի առիթով:

Պատահական չէ, որ Մայրերու տօնը կը զուգակցի գարնան առաջին (գիշերահաւասարի) օրուան հետ` խորհդանշելով կեանք պարգեւելու ձեր ամենակարեւոր առաքելութեան մասին: Այս տօնը եւս մէկ առիթ կ’ընձեռէ գնահատանքի ու մեծարանքի խօսքեր յղելու ձեզի եւ արժեւորելու ձեր բացառիկ դերը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ: Հազարամեակներու մեր պատմութեան բոլոր բախտորոշ պահերուն հայ կինը առանձնացած է իր անմնացորդ նուիրումով հայրենիքին եւ ընտանիքին:

Արդարեւ Սուրիոյ մէջ մէկ դարէ աւելի հայ մայրերու առանձնակի նուիրումի արդիւնքով է որ պահպանուած է մեր ժողովուրդի  ազգային նկարագիրը եւ հայ մանուկը հաւատարիմ  մնացած է իր ինքնութեան: Այսօր ալ պատերազմի ծանր պայմաններու մէջ դուք կը հերոսանաք մնալով այդ դժոխային վիճակի մէջ եւ պահպանելով ձեր օճախն ու տունը:

Դուք աւանդական հայկական ընտանիքի կայունութեան անսասան յենասիւնն ու մեր ժողովուրդի յարատեւութեան երաշխաւորն էք:

Դուք անձնուիրութեան փառապանծ օրինակ դարձած էք եւ ծայրաստիճան լարուած իրադարձութիւններու ընթացքին, ահաբեկչութիւններու թոհուբոհի մէջ կրցաք ամուր պահել հայ ընտանիքը, հայեցի կրթել եւ դաստիարակել հայ երեխաները:

Կը մաղթեմ ձեզի անսահման սէր ու խաղաղութիւն եւ կը ցանկամ, որ ըլլաք գարնան պէս միշտ լուսափայլ, կենարար եւ երջանիկ:

Եղէ՛ք սիրուած եւ միշտ ժպտացէք: 

Յարգանքով`

Հրանոյշ Յակոբեան

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Նովրուզի Առիթով Կը Շնորհաւորէ Իրանի Ղեկավարութիւնը

Յաջորդը

Այս Է Մեր Տեսակը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.