Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ. Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութիւն Մը Մասնակցեցաւ Աւագ Ուրբաթ Օրուան Արարողութիւններուն

Մարտ 26, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Taghoum_S-Prgitch_32516

Երէկ` Աւագ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց կարգը եւ Թաղման թափօրը` նախագահութեամբ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, մասնակցութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողորդապետ Պերճ վրդ. Սապէի, փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, Խաչիկ վրդ. Գոյումճեանի եւ ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Թաղման արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն ընթացքին երգուեցաւ «Լոյս զուարթ» շարականը, ապա սպասաւորը խնկարկեց եկեղեցւոյ խորաններն ու հաւատացեալ ժողովուրդը: Խաչեալ Յիսուսին դիմաց հոգեւորականները եւ սպասաւորները ծնրադիր երգեցին «Սուրբ Աստուած» շարականը:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան Քրիստոսի թաղման առիթով իր տուած քարոզին մէջ յայտնեց, որ Քրիստոս յաղթանակ է: Անոր համար ծրագրուած էր մեռնիլ մեր մեղքերուն եւ փրկութեան համար ու ապրիլ յաղթանակով չարին ու մեղքին դէմ պայքարելով: Ան ըսաւ. «Երբ հետեւինք Քրիստոսի խաչի ճանապարհին, հաստատաբար դուրս պիտի գանք յաղթական, մեր կեանքը եւ քրիստոնէական կենսակերպը պիտի փոխուին»:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան մաղթեց, որ խաչը մեզի համար ըլլայ սիրելի եւ թանկագին պատկերը այն կեանքին, որուն պիտի ձգտինք եւ որուն մէջ պիտի գտնենք մեր հոգեկան եւ հոգեւոր հանգիստը: Ան կոչ ուղղեց հայեացքները ուղղելու խաչին` թափանցելու համար անոր նշանակութեան եւ անկէ ստանալու այն ուժը, որմէ կը բխի հաւատացեալին մխիթարութիւնն ու հանգիստը: Ապա իր խօսքը եզրափակեց աղօթելով, որ Քրիստոս օգնէ բոլորին, որպէսզի խաղաղ եւ հանգիստ քալեն դէպի յաղթանակի եւ ազատութեան գագաթը, ուր յարուցեալ Քրիստոսին հետ կարենան տօնել իսկական յաղթանակը:

Արարողութիւնը շարունակուեցաւ: Կատարուեցան ընթերցումներ Աւետարանէն, որմէ ետք Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ վրդ. Սապէ բարձրացաւ խորան ու երկիւղածութեամբ վար առաւ խաչեալ Յիսուսը, ապա ընթացք առաւ թաղման թափօրը: Հաւատացեալ բազմութիւնը քալեց թափօրին հետ` շրջելով Պուրճ Համուտի թաղամասերէն եւ վերադառնալով եկեղեցի, որմէ ետք հոգեւորականները խաչեալ Յիսուսը զետեղեցին խորհրդանշական գերեզմանին մէջ: Աւարտին հոգեւորականները եւ դպիրները երգեցին «Խաչի քո Քրիստոս» շարականը, ապա` Տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով վերջ գտաւ արարողութիւնը: Աւանդութեան համաձայն բոլոր հաւատացեալները անցան Քրիստոսի դագաղին տակէն:

Taghoum_S-Prgitch1_32516

 

Նախորդը

Սերժիկը

Յաջորդը

«Պարտինք Հետեւիլ Այն Հաւատքին, Զո՛ր Մենք Ստացանք Մեր Հայրերէն» Նշեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?